2010-03-14 14:05:03

Հայ ազգի նշանաւոր դէմքեր - Ալեքսանդր Մանթաշեան (1842-1911). Մեծահարուստ հայը, որ ազգային բարերարի աւանդ ստեղծեց


Հայ ազգի նշանաւոր դէմքեր - Ալեքսանդր Մանթաշեան (1842-1911). Մեծահարուստ հայը, որ ազգային բարերարի աւանդ ստեղծեց



168 տարի առաջ, որոշ աղբիւրներու տուեալներուն համաձայն, Թիֆլիսի մէջ լոյս աշխարհ եկաւ ունեւոր հայ ընտանիքի մը՝ Մանթաշեաններու միակ որդի Ալեքսանդրը, որ Մանթաշով անունը հոմանիշ պիտի դարձնէր ոչ միայն հայ գործարարութեան յաջողակ եւ անմրցելի հսկայական հարստութեան, այլեւ՝ ազգային ու մարդասիրական օրինակելի բարեգործութեան։
Ոչինչէն ճամբայ ելած եւ գործարարի իր տաղանդով տնտեսական հարստութիւն մը նուաճած կերպարը չեղաւ Ալեքսանդր Մանթաշեան։ Հայրը՝ Յովհաննէսը (Իվանը) բամպակի եւ հիւսուածեղէնի ճարտարարուեստին մէջ յաջողած գործարար մըն էր եւ իր աշխատանքին կեդրոն ընտրած էր Թաւրիզը, ուր եւ Ալեքսանդր անցուց իր մանկութեան տարիները։ Հազիւ պատանեկութենէն դուրս եկած՝ ան միացաւ հօր գործին եւ դրսեւորեց ձեռներէց գործարարի բացառիկ ընդունակութիւններ։ Արագօրէն ընդլայնեց ընտանեկան գործին սահմաններն ու տարողութիւնը եւ 1869ին տեղափոխուեցաւ անգլիական Մանչեսթըր քաղաքը, որ այդ ժամանակաշրջանին կը հանդիսանար աշխարհի բամպակի եւ հիւսուածեղէնի ճարտարարուեստին մայրաքաղաքը եւ հռչակուած էր Բամպակաքաղաք անունով։

Մանչեսթըր հաստատուելու Ալեքսանդր Մանթաշեանի գործարարական սկզբնական նպատակը պարզ էր. հիւսուածեղէնի արտադրանքը մեծաքանակ գնել եւ բեռնատար նաւով ղրկել հօրը՝ Թաւրիզ, ուրկէ անգլիական որակաւոր ապրանքները շուտով պիտի ողողէին ամբողջ Անդրկովկասը՝ կուտակելով Մանթաշովներու հարստութիւնը։ Բայց Մանչեսթըրի մէջ երիտասարդ Ալեքսանդրի ապրած 45 տարիները այդքանով չսահմանափակուեցան։
Ընդհակառակն՝ ուսումնատենչ եւ լայն հորիզոնի տէր անհատականութիւն մը ըլլալով, Ալեքսանդր Մանթաշով ամբողջապէս փարեցաւ անգլիական մշակոյթին։ Հմտացաւ ու տիրապետեց նաեւ անգլերէն, ֆրանսերէն ու գերմաներէն լեզուներուն։ Մասնագիտացաւ ոչ միայն հիւսուածեղէնի ճարտարարուեստի նորագոյն գիւտարարութեանց, այլեւ՝ առեւտուրի եւրոպական գործարարութեան նորամուծութիւններուն մէջ։ 1890ականներուն Ալեքսանդր Մանթաշեան արդէն դարձած էր Թիֆլիսի թիւ 1 գործարարը եւ արժանացած էր Թիֆլիսի Պետական Դումայի Խօսնակի պաշտօնին։
Այդ բոլոր յաջողութիւնները ինքնին փայլուն, տպաւորիչ եւ մեծապէս եկամտաբեր ըլլալով հանդերձ, խորքին մէջ միայն նախերգանքն էին այն հսկայածաւալ հարստութեան, որ նուաճուեցաւ Ալեքսանդր Մանթաշեանի կողմէ իր կեանքի վերջին քսանամեակին, երբ ան յաղթաքայլ մուտք գործեց եւ ինքնավստահ յառաջացաւ Պաքուի նաւթարդիւնաբերական նորաստեղծ շուկայէն ներս։
Իր գործարարական կայսրութիւնը օրին կը գնահատուէր 22միլիոն ռուպլիի անշարժ հարստութեամբ։ Յիշատակելի է նաեւ այդ շրջանի մէկ մանրամասնութիւնը, որ կը վերաբերի 1896ին Եգիպտոսի մէջ Գալուստ Կիւլպէնկեանի հետ Մանթաշեանի հանդիպման ու գործակցութեան. Համիտեան կոտորածներէն խոյս տուած ու Եգիպտոս հաստատուած Կիւլպէնկեանին անգլիացի նաւթատէրերուն մօտ բարեխօսութիւն կատարած է Մանթաշով. այդպէ՛ս հայ երկու մեծանուն գործարարներուն միջեւ երկարամեայ գործակցութեան մը հիմը դրուած է։
Գործարարական իր եռուն կեանքի ամբողջ ընթացքին Ալեքսանդր Մանթաշեան կարեւորութեամբ եւ հետեւողականութեան տէր կանգնեցաւ հայ ազգային բարերարի իր կոչումին եւ ներքին ձայնին։ Թիֆլիսեան տարիներուն հիմնեց ու նախագահեց Կովկասի Հայոց Բարեսիրական Ընկերութիւնը։ Իշխանական իր նուիրատուութեամբ կառուցուեցաւ ու մատակարարուեցաւ Թիֆլիսի Ներսիսեան հոգեւոր դպրոցը։ Նոյնքան հսկայական նուիրատուութեամբ հովանաւորեց Ս.Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան համալիրի վերակառուցումը, որ աւարտեցաւ 1914ին։ Իր մեկենասութեամբ կառուցուած է նաեւ Փարիզի Ս.Յովհաննու Մկրտիչ Եկեղեցին։ Անկրկնելի բարեգործութիւն է, մանաւանդ, Մանթաշեանի մեկենասութեամբ աւելի քան երկու հարիւր արժանաւոր հայ երիտասարդներուն տրամադրուած կրթաթոշակը՝ ուսանելու համար ռուսական եւ եւրոպական լաւագոյն համալսարաններուն մէջ։ Անոնց շարքին՝ անզուգական Կոմիտասը։
Ալեքսանդր Մանթաշեան մահացաւ 1911ի Ապրիլ 19ին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ եւ ազգային հանդիսաշուք յուղարկաւորութեամբ թաղուեցաւ Թիֆլիս։







All the contents on this site are copyrighted ©.