2010-03-13 13:20:19

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՊԱՐԱՔ ՕՊԱՄԱ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԸ ՀՐԱՒԻՐԱԾ ՎԱՇԻՆԿԹԸՆ ։
Մարտ 12-ին տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հեռախօսազրոյցը ԱՄՆ պետական-քարտուղար Հիլարի Քլինթընի հետ: Հեռախօսազրոյցը կայացած է ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ ։ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարը Սերժ Սարգսեանին փոխանցած է նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ նախաձեռնուած և սոյն թուականի ապրիլի կէսին Վաշինկթըն կայանալիք Կլոբալ միջուկային անվտանգութեան Գագաթնաժողովին մասնակցութեան հրաւերը,յոյս յայտնելով, որ կողմերը Վաշինկթընի մէջ կը շարունակեն երկկողմ, տարածաշրջանային ու միջազգային օրակարգի հարցերու քննարկումը:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ։
Հինգշաբթի, 11 մարտ-ին, Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի վեհարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը։ Հանդիպումը ընդգրկեց նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան մարզը, որուն ընթացքին վեհափառը շեշտեց յատկապէս Միջին Արեւելքի հայ գաղութներուն ներկայացուցած կարեւորութիւնը՝ իբրեւ սփիւռքահայութեան միջնաբերդ։

ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՎ ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՝՝ՀԱՅ-ԼԵՀԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՄԵԾ ՆԵՐՈՒԺ ՈՒՆԻՆ՝՝ ԸՍԱՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ։
Երէկ, ընդունելով Լեհաստանի վարչապետ Տոնալտ Թուսքի գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնեց որ հայ-լեհական յարաբերութիւնները մեծ ներուժ ունին, եւ Հայաստան կը ցանկայ խորացնել փոխադարձ գործակցութիւնը քաղաքական, տնտեսական, մշակոյթի եւ այլ մարզերու մէջ։
Անոր համար երկու շատ կարեւոր հիմքեր կան՝ մեր ժողովուրդներուն լաւ փոխ-յարաբերութիւնները եւ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրը, որուն հեղինակներէն մէկն է Լեհաստան(նշած է Ս. Սարգսեան) ։ Լեհաստանի վարչապետը նաեւ ընդգծած է, որ հայ-լեհական յարաբերութիւնները կայուն զարգացում կ՝ապրին եւ Լեհաստան շահագրգիռ է՝ ընդլայնելու երկկողմանի գործակցութեան շրջանակը։ Ան միաժամանակ նշած է, որ Հայաստան միշտ կրնայ Լեհաստանի աջակցութիւնը ակնկալել։ Հայաստանի նախագահը անդրադարձած է նաեւ 2005 թուականին Լեհաստանի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու փաստին՝ նշելով, որ այդ քայլը կը վկայէ երկու ժողովուրդներու փոխըմբռնման եւ վստահութեան մասին։ Լեհաստանի վարչապետը իր կարգին ընդգծած է, որ իր երկիրը բարձր կը գնահատէ Հայաստանի նախագահին թափած ջանքերը՝ շրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման առումով։

ՀԱԿԻՐՃ ԼՈՒՐԵՐ ։
Շուէտի մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին օգտին քուէարկած են ծնունդով Թուրքիայէն երեք երեսփոխաններ։ Իսկ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Տաւութօղլու երէկ հանդիպում ունեցած է Շուէտի Արտաքին Գործոց Նախարարին հետ։

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹԻՒ 252 ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ ԹԵՐ ՔՈՒԷԱՐԿԱԾ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ՄԻԱԿ ԻՍԼԱՄ ԱՆԴԱՄԸ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ։

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող թիւ 252 օրինագիծին թեր քուէարկած յանձնախումբի միակ մահմետական անդամ Քիթ Էլիսըն իր խորհրդականին միջոցով բացատրութիւն տուած է թրքական ՝՝Հապերթիւրք՝՝ին։
Էլիսըն հերքած է թրքական մամուլին այն տեղեկութիւնը, թէ ինք քուէարկութենէն առաջ յայտնած է, թէ օրինագիծին դէմ պիտի քուէարկէ՝ նշելով միաժամանակ, որ ՝՝իմ կողմ քուէարկելս ուղղուած չէ թուրք ժողովուրդի դէմ՝՝։ Ես յարգանքով կը վերաբերիմ ձեր դիւանագիտութեան, որ ուղղուած է խաղաղութեան եւ համագործակցութեան։ Թուրքիա Միացեալ Նահանգներու բարեկամն է եւ ռազմավարական դաշնակիցը։ Ես գիտեմ, որ իմ քուէս ձեզ կրնայ հիասթափեցնել եւ անոր համար ես տխուր եմ։ Ես կը դիմեմ Քոնկրեսի իմ գործընկերներուս, որ մտածենք մեր պատմութեան վրայ եւ ճանչնանք մեր բազմաթիւ գործընկերներուն կողմէ արտայայտուած կարմրամորթներու ցեղասպանութիւնը։ Եթէ մենք կը ճանչնանք հարիւր տարի առաջ աշխարհի այդ կողմին մէջ տեղի ունեցած ողբերգութիւնը, ապա պէտք է նայինք մեր պատմութեան եւս։
Ես կը դիմեմ հայ ժողովուրդին։ Մենք ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոչ միայն կը յիշենք եւ կը յարգենք այդ ողբերգութեան ժամանակ զոհուածները, այլ նաեւ կը կրկնենք ամբողջ աշխարհին մէջ տեղի ունեցող ողբերգութիւններուն նկատմամբ մեր ուշադրութիւնը, նշած է Քիթ Էլիսըն։







All the contents on this site are copyrighted ©.