2010-03-12 13:06:54

Քահանայական տարի – ՔԱՀԱՆԱՅԻ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՅԱՐԳԸ


Քահանայական տարի – ՔԱՀԱՆԱՅԻ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՅԱՐԳԸ



Շնորհքէն վերջ ժամանակը ամենաթանկագին պարգեւն է Աստուծոյ: Եւ մենք որքան շնորհք ու ժամանակ կը կորսնցնենք: Սովորաբար կ’ըսեն թէ ժամանակը շատ բաներ կը կարգադրէ: Մեզի աղուոր դասեր կու տայ, մեզ կը պահէ շատ մը յիմար գործերէ, կը զօրացնէ մեր բարի առաջադրութիւնները ու կը բուժէ մեր բազմաթիւ վէրքերը: Իրականին մէջ ժամանակը ոչինչ կ’ընէ այս բաներէն:

Սակայն ժամանակը պայման է բոլոր բաներուն, զորս Աստուած կը կատարէ ժամանակի ընթացքին: Ժամանակը լի է յաւիտեանով: Մենք վաղը այն պիտի ըլլանք, ինչ որ ժամանակի գործածութիւնը ըրած է մեզ: Ամէն օր պատեհութիւն մը կ’ընծայէ մեզի, ամէն վայրկեան՝ իր շնորհքը: Սանսի ժողովը այս խօսքը ‘Ահա ես դրան վրայ եմ ու կը բախեմ’ կը պատշաճեցնէ Ս. Հոգիի մեր սրտին վրայ տեւական գործին: Այս խօսքերը կը պատշաճին ամէն մարդկային հոգիի: Հաւատարիմ հոգին, իր բոլոր կեանքի ընթացքին եւ կեանքի բոլոր օրերուն ենթակայ է Աստուծոյ կողմէ այս հրաւէրներուն եւ շնորհքներուն, որ աճեցնէ արժանիքներու գանձը, զոր Աստուած յաւիտենից պատրաստած է իրեն:

Մարդը ինչպէս որ ցանէ, այնպէս պիտի հնձէ թէ որպէս քանակ, թէ որպէս որակ: Ամէն մարդու շնորհուած է յարմար վայրկեան մը՝ ցանելու եւ վայրկեան մը՝ հնձելու յաւիտենականութեան համար: Եթէ ցանքի ժամանակը անցնենք, հնձելու ժամանակը կորսուած է մեզի համար: Գուցէ ժամանակ մըն ալ տրուի մեզի ցանքի եւ հնձելու, բայց ատիկա տարբեր է միւսէն:

Եթէ այսքան յարգի է ժամանակը ամէն մարդու համար, որչափ աւելի քահանային համար: Եւ երանի այն վարդապետին, որ կրնայ համար տալ իր ժամանակի գործածութեան մասին: Շատեր կարծես կ’անգիտանան անոր արժէքը, ուրիշներ երբեք չեն մտածեր այդ մասին:

Ոմանք այնքան ծոյլ են, որ մինչեւ ժամանակի մասին մտածեն, արդէն անցած կ’ըլլայ անիկա, ուրիշներ կը վատնեն զայն անօգուտ կերպով: Կան որոնք կարծես թշնամի են ամէն օրէքնի եւ ճշտապահութեան եւ ժամանակն է որ զիրենք կը սպառէ: Միշտ աճապարուած են ու միշտ կը յապաղին, բնաւ ժամանակին պատրաստ չեն:

Ս. Գրքին մէջ երկու հարցումներ կան, զորոնք քահանան միշտ յիշելու է օրական գործերուն ատեն: Առաջինը այն է՝ որ Աստուած ուղղեց Եղիայի Հերոբ լերան վրայ, երբ զայն գտաւ գանգատելու եւ անգործութեան մէջ. ‘Հոս ի՞նչ կ’ընես Եղիա’: Այս հարցումը եթէ հնչէ մեր ականջին, մեզ հեռու պիտի պահէր շատ մը տեղերէ եւ կամ աւելի շուտ պիտի հեռացնէր անկէ: Երկրորդ հարցումը Յիսուսի ուղղածն է Աւետարանի մէջ. ‘Չէ՞ք գիտէր որ ես պէտք է զբաղիմ Հօրս գործերով’: Այս հարցումը պէտք էր միտքերնիս գար երբ ճաշի գտնուէինք մտերիմ եւ շատ հիւրասէր բարեկամներու մօտ կամ երբ մեր տկարութիւնը մեզի փնտռել տար արտաքին ցրումներ եւ մարդկային համակրանք. եւ կամ երբ մեր գործունէութիւնը ելլէր մեզի նշանակուած ծիրէն եւ կամ մեզի սահմանուած պաշտօնի շրջանակէն:

Ո՞վ կրնայ կշռել թէ ինչ կ’արժէ քահանային ժամանակը: Եթէ սովորական մարդոց համար ժամանակը լի է յաւիտենականութեամբ, քահանայինը լի է ոչ միայն իր յաւիտեանով, այլեւ բազմաթիւ հոգիներու յաւիտեանով, զորոնք կը ճանչնայ եւ պիտի չճանչնայ գուցէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.