2010-03-11 13:37:09

Արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեան Բերիոյ թեմի կաթողիկէ Հայոց առաջնորդը

Սարկաւագ ձեռնադրեց Եղիշէ կսրկ. Ճէնճին ։


Արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեան Բերիոյ թեմի կաթողիկէ Հայոց առաջնորդը

Սարկաւագ ձեռնադրեց Եղիշէ կսրկ. Ճէնճին ։

Կիրակի 7 Մարտ 2010, Հռոմի Սուրբ Նիկողայոսի անուան հայոց եկեղեցւոյ մէջ ժամը 11-ին հայածէս ձայնաւոր Ս. Պատարագի ընթացքին զոր մատոյց Արհիապատիւ Պետրոս արք. Միրիաթեան առընթերակայութեամբ Գերյարգելի Յովսէփ Ծ.վրդ. Պէզէզեանի Հալէպի Զուարթնոց հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետը, եւ գերապատիւ Հայր Թովմաս վրդ. Կարապետեան փոխ մեծաւորը Լեւոնեան հայ դպրեվանքին։

Ս. Զոհին ընթացքին Պատարագիչ արք.ը սարկաւագ ձեռնադրեց կիսասարկաւագ Եղիշէ Ճէնճին։

Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցին լեցուն էր Հռոմահայ հաւատացեալներով եւ իտալացի բարեկամներով որոնք եկած էին մասնակցելու՝ հոգեպարար արրողութեան. նաեւ՝ ներկայ էին նոր սարկաւագին ծնողները եւ բարեկամներ եկած՝ Հալէպէն այս ուրախ առիթին համար։

Ս. Գրային ընթերցումներէն ետք, արհիապատիւ Պետրոս արք. Միրիաթեան հետեւեալ խօսքը ուղղեց նոր սարկաւագին։ RealAudioMP3








All the contents on this site are copyrighted ©.