2010-03-11 12:52:06

Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՍԱՐՔՈԶԻ - ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ։
Էլիզէի պալատին մէջ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի ընդունեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը։ Նախագահները ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որմէ ետք պաշտօնական ճաշ կազմակերպուեցաւ ի պատիւ Հայաստանի նախագահին։ Շնորհակալութիւն յայտնելով նախագահ Սարքոզիին պաշտօնական այցելութեամբ Ֆրանսա այցելելու հրաւէրին համար՝ Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատեց երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող քաղաքական երկխօսութեան ներկայ մակարդակը։ Հայաստանի նախագահը նշեց, որ հայ - ֆրանսական բարեկամական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման համար անհրաժեշտ են կանոնաւոր հանդիպումները, փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող երկկողմանի, շրջանային եւ միջազգային օրակարգի հարցերու շուրջ տեսակէտներու փոխանակումը։ Սերժ Սարգսեան ըսաւ, թէ Հայաստանի մէջ եւ աշխարհասփիւռ հայութեան կողմէ Ֆրանսա կ՝ընկալուի իբրեւ մերձաւոր բարեկամ երկիր մը, ինչ որ Հայ - ֆրանսական յարաբերութիւններուն առանձնայատուկ բնոյթ կը հաղորդէ։ Նախագահ Սարգսեան գոհունակութեամբ յայտնեց, որ Հայ - ֆրանսական բարեկամ յարաբերութիւնները ուժականօրէն կը զարգանան բոլոր ուղղութիւններով։ Նախագահ Սարքոզի ընդծեց, որ Ֆրանսայի մէջ անկեղծ համակրանք կայ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ, իսկ ֆրանսահայ համայնքը բարեկամութեան անխախտ կամուրջ է երկու ժողովուրդներուն եւ երկիրներուն միջեւ։ Նիքոլա Սարքոզի վերահաստատեց Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բոլոր ուղղութիւններով զարգացնելու՝ իր երկրին մտադրութիւնը եւ ընդգծեց, որ Ֆրանսա եղած է եւ կը մնայ Հայաստանի բարեկամը՝ միշտ կանգնած ըլլալով անոր կողքին։ Հայաստանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի ժողովուրդին եւ նախագահ Սարքոզիին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով անոնց հետեւողական եւ սկզբունքային մօտեցման համար։
Սերժ Սարգսեան եւ Նիքոլա Սարքոզի քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման, շրջանային անվտանգութեան, Հայաստան - Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ փոխադարձ քաղաքական հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր։ Ֆրանսայի նախագահը բարձր գնահատեց Հայաստանի նախագահի՝ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման ուղղուած ջանքերը։ Նախաահները միտքեր փոխանակեցին նաեւ երկկողմանի առեւտրա-տնտեսական յարաբերութիւններու հետագայ խորացման, մարդասիրական մարզին մէջ գործակցութեան ընդլայնման, ինչպէս նաեւ Հայաստան - Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան վերաբերող հարցերու շուրջ։ Կողմերը համաձայնութիւն ձեռք բերին շարունակելու բարձր մակարդակով երկկողմանի յարաբերութիւնները։ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը ֆրանսա եռօրեայ իր այցի ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ հայկական սփիւռքի ականաւոր գործիչներուն հետ: Ականաւոր անձնաւորութիւններու շարքին էին աշխարհահռչակ երգիչ Զուիցերիոյ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազոր դեսպան Շառլ Ազնավուրը, Ֆրանսայի տնտեսական վերելքի նախարար Բադրիկ Տէվէճեանը, գործարար Սերժ Չուրիւքը, դիզայներ Ալեն Մանուկեանը, թատերավար Լեւոն Սայանը, Ֆրանսայի ռեժիսորներու միութեն նախագահ Ալէն Թերզեանը եւ այլք::
ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸՆԴՈՒՆԻ ԱՍԻԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ։
Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարսեան երէկ ընդունեց Ասիական Զարգացման դրամատան պատուիրակութիւնը՝ կեդրոնական եւ արեւմտեան շրջանի բաժանմունքի փոխտնօրէն Վերնըր Լիփաքի գլխաւորութեամբ։ Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցեր։ Մասնաւորաբար անդրադարձ կատարուեցաւ Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի շինարարութեան։ Վարչապետը նշեց, որ այս ճամբուն կառուցումը Հայաստանի կառավարութեան առաջնահերթ ծրագիրներէն մէկն է։ Տիգրան Սարգսեան տեղեկացուց, որ Հայաստան արդէն ձեռնամուխ եղած է ծրագիրներ իրականացնող գրասենեակի մը ստեղծման, որ պէտք է համակարգէ Ասիական Զարգացման դրամատան մասնակցութեամբ իրականացուելիք շինարարութիւնը Հայաստանի մէջ։ Կողմերը քննարկեցին նաեւ երկաթուղիի կառուցման եւ Երեւանի փոխադրական հաղորդակցութեան զարգացման ծրագիրները։
ԱՐԹՈՒՐ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ՝ ԶՕՐԱՎԱՐ ՄԱՆԻԼՈՎԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՍԱՀՄԱՆԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ։
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Պաղտասարեան երէկ ընդունեց ԱՊՀ-Ի երկիրներու սահմանապահ զօրքերու հրամանատարներու խորհուրդի համակարգող, զօր[ Ալեքսանտր Մանիլովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին սահմանային անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման խնդիրներուն շուրջ։
Արթուր Պաղտասարեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ լուրջ բարեփոխումներ կը գործադրուին սահմանային անվտանգութեան յաւելեալ բարձր մակարդակ ապահովելու համար, ինչպէս նաեւ կը նախապատրաստուի սահմանային ենթակառոյցներու արդիականացման ծրագիր մը։Ալեքսանտր Մանիլով ներկայացուց սահմանապահ զօրքերու հրամանատարներու գործունէութիւնը եւ գործող իրաւական դաշտը։ Ալեքսանտր Մանիլով Արթուր Պաղտասարեանին յանձնեց սահմանապահ զօրքերու հրամանատարներու խորհուրդի որոշումով անոր շնորհուած մետալը՝ սահմաններու անվտանգութեան խնդիրներուն մեծ ուշադրութիւն յատկացնելուն համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.