2010-03-10 12:34:52

Լուրեր քրիստոնեայ աշխարհէն


Լուրեր քրիստոնեայ աշխարհէն
Լիբանան - Կազմակերպութեամբ Ս Փրկիչ եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբին, 3 մարտին Ուայթ Թաուըր պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջինքի ձեռնարկ, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի չքաւոր սաներուն։
Ս Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Սարգիս Դաւիթեան խօսեցաւ քառասնօրեայ պահքի կարեւորութեան մասին՝ թելադրելով այդ շրջանին սրտերն ու հոգիները հարստացնել աղօթքով։ Նկատի ունենալով, որ ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի աղքատ սաներու կրթաթոշակին, Ս Դաւիթեան ըսաւ, որ բարեսիրական միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն նպատակը սուրբ ու նուիրական աշխատանքն է, որուն ընդմէջէն անոնք կը հասնին բոլորին՝ աշակերտին, համալսարանականին եւ կարիքաւորին։
Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ Անայիս կետիկեան՝ հոգեւոր եւ աշուղական երգերով։ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին հայկական պար, ջութակով հանդէս եկաւ աշակերտ մը, իսկ պարմանուհի մէջ արտասանեց արաբերէնով խօսք մը։
Ապա խօսք առաւ հայր Սեպուհ Կարապետեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն, որոնք քաջալերեցին ձեռնարկը։
Մարալ Հարպոյեան ներկայացուց մտքի մարզանք-մրցում խաղեր եւ փոխանցեց տեղեկութիւններ՝ միջինքի եւ պահքի առնչուող աւանդութիւններուն մասին։







All the contents on this site are copyrighted ©.