2010-03-10 12:35:47

Լուրեր հայ աշխարհէն


Լուրեր հայ աշխարհէն

ԻՏԱԼԻԱ - ԱՆԹՈՆԻԱ ԱՐՍԼԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՈՍԿԻԷ ՄԵՏԱԼՈՎ
7 մարտին Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ իտալահայ գրող, հայագէտ, Փատովայի համալսարանի ժամանակակից իտալական գրականութեան դասախօս Անթոնիա Արսլանի Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան ոսկիէ մետալով պարգեւատրման արարողութիւնը։
Մետալի յանձնումի արարողութեան ընթացքին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ դեսպան Ռուբէն Կարապետեան, որ ներկայացնելով Արսլանի բազմամեայ բեղմնաւոր գործունէութիւնը եւ անսահման նուիրուածութիւնը հայ ժողովուրդին, յատկապէս կարեւոր նկատեց անոր մեծ ներդրումը հայ-իտալական բարեկամութեան խորացման գործին մէջ։
Մեծ երախտագիտութեամբ ընդունելով ոսկիէ մետալը՝ Արսլան նշեց, որ ըլլալով բազմաթիւ մրցանակներու դափնեկիր, առաջին անգամ է, որ կարժանանայ Հայաստանի կառավարութեան պարգեւին։
ԱԿՕՍԻ ԽՄԲԱԳԻՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱԶԴԱԿ
Պոլսոյ Ակօս թերթի խմբագիրներէն Ռոպեր Քոփթաշ երէկ կէսօրին այցելեց Ազդակ եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ։ Հանդիպումը առիթ եղաւ զրուցելու պոլսահայ համայնքի այսօրուան իրավիճակին եւ յատկապէս պոլսահայ մամուլի դիմագրաւած խնդիրներուն մասին։ Խորհրդակցութիւններ ծաւալեցան նաեւ Ակօսի եւ Ազդակի միջեւ գործակցութեան կապեր յառաջացնելու կարելիութիւններուն մասին։

ՎԵՐՋԵՐՍ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԵՑԱՒ ՍԱՍՆԱՅ ԾՌԵՐ ԳԾԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ԺԱՊԱՒԷՆԸ ԻՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՈՎ՝ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍՈՎ
Վերջերս Երեւանի Մոսկուա սրահին մէջ՝ ութ տարուան աշխատանքէ ետք հանրութեան ցուցադրուեցաւ՝ անդրանիկ ներկայացումով մը՝ Սասնայ ծռեր խորագիրով գծանկարային ժապաւէնը։
Յայտնենք, որ Սասնայ ծռերը առաջին հայկական գծանկարային երկար ժապաւէնն է։ Անոր նախապատրաստական աշխատանքները սկսած էին 2001-ին, իսկ նկարահանումները 2002-ին եւ շարունակուեցան մինչեւ 2009-ի դեկտեմբեր։
Յայտնենք, որ յառաջիկային Ազգային շարժանկարի կեդրոնը մտադիր է երկու գծանկարային ժապաւէն եւս պատրաստել՝ Անահիտ եւ Արա գեղեցիկ նիւթերով եւ խորագիրներով։







All the contents on this site are copyrighted ©.