2010-03-10 13:41:04

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ԷԼԱԶԸՂԻ ԱՂԷՏԱԼԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ՑԱՒԱԿՑԻ ԿԻՒԼԻՆ՛
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժին առիթով ցաւակցական հեռագր մը յղեց Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլին։ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ նախագահ Սարգսեան Հայաստանի ժողովուրդին եւ անձամբ իր անունով անկեղծ ցաւակցութիւն յայտնած է Թուրքիոյ նախագահին եւ զոհերու հարազատներուն։
ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԵՒ ԼԱՒՐՈՎ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 8 մարտին Մոսկուայի մէջ քննարկած են ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթը։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ գործնական եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայ-ռուսական գործընկերային յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ շրջանային հիմնախնդիրներուն վերաբերող հարցեր։ Քննարկման առանձնայատուկ նիւթ դարձած է ղարաբաղեան տագնապի լուծումը։
ԱՆԳԼԻԱՑԻ ԼՐԱԳՐՈՂ ՖԻՍՔ ԿԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ՔԵԼԵՇԵԱՆԻ ՀԵՏ ԱՅՆԹՈՒՐԱՅԻ ԴՊՐՈՑ ԻՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ։
Անգլիացի լրագրող Ռոպըրթ Ֆիսք (բրիտանական Տի Ինտիփենտընթ օրաթերթի միջին-արեւելքի թղթակիցը) թերթի երէկուան թիւին մէջ լոյս տեսած ՝՝Հայոց Ցեղասպանութեան կենդանի փաստ՝՝ խորագիրով յօդուածին մէջ կը ներկայացնէ Ազդակի աշխատակից Միսաք Քելեշեանի հետ Այնթուրայի դպրոցին մէջ Ցեղասպանութենէն վերապրած հայ որբերու հաւաքական գերեզմանատուն իր այցելութիւնը։ Նկարագրելով գերեզմանը՝ Ֆիսք կը գրէ, որ անիկա քառանկիւն եւ պարզ գերեզման մըն է, որ կը պարունակէ աճիւնները շուրջ երեք հարիւր մանուկներու՝ 1915-ի ցեղասպանութեան հայ որբերու, որոնք մահացած են քոլերայէ եւ սովէ, մինչ թրքական իշխանութիւնները կը փորձէին թրքացնել զիրենք Պէյրութի մօտ գտնուող բարձունքի մը վրայ կաթողիկէ քոլեճի մը մէջ։ Ռոպըրթ ֆիսք Օպամայի եւ Քլինթընի կը խրատէ այցելել այս վայրը եւ ամօթահար իրենց գլուխը ծռել մանուկներու շիրիմին առջեւ։
ՍԵՒԱՆ ՆՇԱՆԵԱՆ-ԵՈՒՍՈՒֆ ՀԱԼԱՃՕՂԼՈՒ ԲԱՆԱՎԷՃ ԹՐՔԱԿԱՆ ՀԵՌԱՏԵՍԻԼԷՆ։
Ուղիղ եթերէն խիստ բանավէճմը տեղի ունեցած՝ պոլսահայ լրագրող Սեւան Նշանեանի եւ հայերու ծանօթ թուրք պետական պատմաբանի միջեւ Թրքական ՝՝Haberturk՝՝ հեռուստաընկերութեան ուղիղ եթեր հեռարձակուղ ՝՝TEKE TEK՝՝ հաղորդման ժամանակ։ 1915-ի դեպքերու շուրջ բանավիճած են թրքական յայտնի ՝՝Taraf՝՝ թերթի պոլսահայ աշխատակիցը Սեւան Նիշանեան եւ «Թրքական պատմագիտական ընկերութեան» նախկին նախագահ Եուսուֆ Հալաճօղլու : Սեւան Նշանեանը նշած է որ այդ ժամանակաշրջանին աշխարհհի մէջ շատ կոտորածներ եղած են եւ ոչ ոք մաքուր չէ, իսկ տուեալ պարագային Թուրքիան կը շարունակէ անամոթաբար ժխտել Ցեղասպանութիւնը: Նշանեան պնդած է, որ Թուրքիայի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունելու եւ ներողութիւն խնդրելու պարագային ոչ մի խնդիր չի մնար , իսկ ԱՄՆ-ի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը միայն աջակցութիւն է պատմութեան ընթացքին:
Թուրք պատմաբանը կրկին փորձած է մշտապէս ընդհատել եւ խանգարել Նշանեանին ներկայացնելու փաստերը, եւ իր բնաւորութեան յատուկ ձեւով կրկին ժխտած Ցեղասպանութեան փաստը եւ յայտարարած , որ զոհուած 250 կամ 300 հազար հայերու մահուան պատճառ եղած է սովը, գոլերան եւ այլ հիւանդութիւններ : Պոլսահայ բանախօսը չէ դիմացած Հալաճօղլուի ստաբանութիւններուն եւ կրկնած է մի քանի անգամ «Դուք կը ստէք , փաստերը կը խեղաթիւրէք պարոն, անամօթաբար կը խաբէք »: Այնուհետեւ Նշանյանը ցուց տուած է իր հետ հեռուստակայան բերած փաստաթուղթեր, ուր բազմաթիւ ապացույցներ կային Ցեղասպանութեան վերաբերեալ, ինչպէս Ցեղասպանութեան հեղինակներէն մին եղող Թալաթի հրամանը: Տեսնելով տուեալ պահի լարուածութիւնը յայտագրի հաղորդավարը ընդմիջած է հաղորդումը գովազդով: Սեւան Նշանեանը յիշեցուցած է որ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին Հայերը միշտ ստորացուած են ու վիրաւորուած, իսկ 1915-ին Վանի հայերու զինուելը զուտ ինքնապաշտպանական նպատակ ունեցած է:







All the contents on this site are copyrighted ©.