2010-03-09 12:59:50

Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիանէ – Փախուստ….


Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիանէ – Փախուստ….



Թէեւ բոլորովին առողջ չէ տակաւին, բայց 1843ին, բոլոր ամառը ուխտաւորներու խուժումը չի դադրիր: Վարդապետը քիչ ժամանակ միայն կրնայ տրամադրել իր ժողովուրդին: Ինքզինք յանցաւոր կը զգայ եւ աւելի քան երբեք անարժան ժողովրդապետ ըլլալու եւ իր պարտականութիւնները անթերի կատարելու: Կը խորհի թողուլ Արսը: Սակայն այդ օրերու օգնութիւնը կը վայելէ մերձաւոր գիւղի քահանային՝ Տէր Անթուան Ռէմոնին:

Սեպտեմբեր 1834ին սպառած է թէ ֆիզիքապէս եէ թէ բարոյապէս: Կ’ուզէ Տարտիլի՝ իր հօրենական տունը երթալ եւ նախ հանգչիլ Ֆրանսուա եղբօր քով եւ յետոյ իր հրաժարականը խնդրել եպիսկոպոսէն:

Շատ անգամներ յայտնած է իր հրաժարելու փափաքը, բայց Գերպ. Տեվի չլսելու եկած է: Այս անգամ Վիաննէ նոր ծրագիր մը ունի, զոր կը վստահի Տէր Ռէմոնի եւ անոր օգնութիւնը կը խնդրէ: Ժողովրդապետական պատասխանատուութիւնը չունենալու համար կը խնդրէ հովիւն ըլլալ Ս. Աստուածամօր փոքրիկ ուխտատեղիի մը: Տէր Ռէմոն յանձն կ’առնէ այս նամակը եպիսկոպոսին տանիլ եւ պատասխանը բերել:

Եւ Տէր Վիաննէ կ’որոշէ Տարտիլի մեկնիլ գիշերանց, որ իր ժողովուրդը եւ ուխտաւորները արգելք չըլլան երթին:

Սեպտ. 11ին վայրկեան մը Նախախնամութեան տունը կ’երթայ ցտեսութիւն ըսելու տնօրէնուհիին եւ կը խնդրէ որ գաղտնի պահէ իր դիտաւորութիւնը:

Յաջորդ առտու ժամը մէկը ատենները կը մեկնի: Սակայն արդէն քանի մը հոգի իրեն կը սպասեն եկեղեցւոյ դուռը. ասոնք կը փորձեն կեցնել զինք եւ ձայն կու տան բարեկամներու, որոնց մէջ է նաեւ Ժան Բերթինան դաստիարակը: Բայց ժողովրդապետը լաւ կը դիմադրէ ու կը մեկնի: Բերթինան գիտնալով անոր տկարութիւնը, կ’ընկերանայ անոր: Ճամբորդութիւնը երկար եւ յոգնեցուցիչ է: Եղբօր մօտ հասնելուն, ժան Մարի ալ չի դիմանար. վատ կը զգայ եւ անկողին կ’իյնայ:

Յաջորդ օրը Տարտիլի ուրախութեան մէջ է, մինչ Արս՝ սուգի մատնուած: Իրեն ընկերացող դաստիարակը հազիւ Արս վերադարձած, տեղեակ պահեց օրդ. Տէ Կարէնին: Ան, անմիջապէս Տարտիլի փութաց քանի մը ուխտաւորներու հետ:

Իսկ Տէր Վիաննէ ինքզինքը գտածին պէս Տարտիլի եկեղեցին իջաւ եւ սկսաւ խոստովանցնել եւ սպասել Գերպ. Տեվիի պատասխանին:

Տէր Ռէմոն կրցաւ հասնիլ եպիսկոպոսին: Սա նախընտրեց որ Տէր Վիաննէ Արս վերադառնայ հազիւ կազդուրուած: Տէր Ռեմոն դարձաւ Տարտիլի, ուր կացութիւնը վատ է. Ֆրանսուա Վիաննէ, թէեւ ուրախ է եղբայրը հիւրընկալած ըլլալուն համար, բայց դժգոհ է, որ տունը լեցուած է հետաքրքիրներով:

Զարմանալի բան, այդ բոլոր նեղացուցիչ հետաքրքիներուն մէջ կան Արսի երիտասարդներէն 23 հոգիներ, որոնք եկած են իրենց սէրը յայտնելու իրենց հովիւին: Ինք կը խորհէր թէ աւելի որբանոցի աղջիկներուն վստահութիւնը շահած է, քան տղոց եւ սակայն ահա կայտառ երիտասարդները հոս են, իրեն թեւ ու թիկունք: Շատ մխիթարուեցաւ:








All the contents on this site are copyrighted ©.