2010-03-09 12:59:33

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը



Մարտ 8-13 Սուտանի եպիսկոպոսական դասը հնգամեայ կանոնական այցելութիւն կը կատարէ ս. Պետրոսի յաջորդին։

Այս հնգամեայ այցելութիւնը կու գայ Ուկանտայի եպիսկոպոսներու այցելութենէն ետք եւ նախքան Պուրքինա ֆազօ եպիսկոպոսներու այցելութեան։

Անցեալ դեկտեմբերին, Նորին Սրբութիւնը ընդունելով Սուտանի նոր դեսպանի հաւատարմագրերը, ըդնգծեց կարեւորութիւնը փոքրամասնութիւններու իրաւունքի ու ազատութեան յարգանքի։ Նորին Սրբութիւնը խմդրեց որ Սուտանի հանրային իշխանութիւնները փոքրամասնութիւններուն երաշխաւորեն մարդկային հիմնական իրաւունքները սկսեալ կրօնի ազատութենէն։

Յայիտնենք թէ Սուտանի բնակչութեան 70 տոկոսը մահմետական է, 15 տոկոսը քրիստոնեայ իսկ այլ 15 տոկոսը հոգեպաշտ են։



Վատիկանեան տեղեկութիւններ



Արեւելեան Եկեղեցիներու Կառավարիչին կոչը օգնութեան հասնելու Ս. Երկրի քրիստոնեաներուն։



կարտինալ Սանտրին` կառավարիչը Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովին կոչ ըրած է օգնութեան հասնելու Ս. Երկրի քրիստոնեաներուն։ Աշխարհի եպիսկոպոսներուն ուղղած նամակով, ուր քրիստոնեայ աշխարհը սովոր է Աւագ Ուրբաթ օրը դրամահաւաք կատարել Ս. Երկրի քրիստոնեաներուն համար, Կարտինալը կը յիշեցնէ թէ Ս. Երկրի քրիստոնեաները պահակներն են քրիստոնեական ծագումին եւ արժանի են համայն Եկեղեցւոյ զօրակցութեան։

Կարտինալը իր նամակով կը խնդրէ որ Եկեղեցին առանձին չթողու Ս. Երկրի քրիստոնեաները` պահակները քրիստոնէութեան ծագումին, վայրերուն ու անհատներուն, եւ հետեւաբար Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները արժանի են համայն Եկեղեցւոյ հոգատարութէեան։

Նամակը կը կրէ ստորագրութիւնը Արեւելեան Եկեղեցիներու կառավարիչին ու ու վերոյշեալ Ժողովի քարտուղար` արքեպիսկոպոս Վասիլին։

Նամակին մէջ նաեւ կը կարդանք թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի այցելութիւնը Ս. Երկիր մայիս 2009ին կը դրսեւորէ Սրբազան Հօր հովուական, համամիութենական ու մջկրօնական մտահոգութիւնը։



Վատիկան - Քահանայական տարւոյն առթիւ, նոր քահանաներու հաւաք։

Հռոմի մէջ, մարտ 8-12, աշխարհի զանազան երկիրնրէն եկած նոր քահանաները կը մասնակցին Առաքելական Ատեանի կողմէ կազմակերպուած տարեկան հաւաքին, ունենալով որպէս խորհրդածութեան նիւթ. ''ապաշխարութեան խորհուրդը''։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.