2010-03-09 13:04:14

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԳԵՂԱՄ ԵՊՍ ԽԱՉԵՐԵԱՆ-Ի


ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԳԵՂԱՄ ԵՊՍ ԽԱՉԵՐԵԱՆ-Ի ԽՕՍՔԸ`ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՅ ԱՌԹԻՒ ։
Ուսուցչաց միջազգային օրուան ընդմէջէն ուսուցիչը պատուելու առիթը համամարդկային մակարդակով արժեւորումն է ուսուցիչին առաքելութեան՝ ի խնդիր սերունդներու դաստիարակութեան։ Այսօր, աշխարհի բոլոր ազգերն ու ժողովուրդները, հակառակ իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող զանազանութիւններուն, տարբերութիւններուն, մշակոյթներուն, աշխարհահայեացքներուն, կը դառնան մէկ հաւաքականութիւն, երբ բոլորն ալ կը պատուեն իրենց ուսուցիչը, որուն վրայ դրած են իրենց նոր սերունդներու դաստիարակութեան գրաւականը։ Ուսուցչաց տօնին պարագային ազգեր եւ ժողովուրդներ կը զանազանուին միայն իրենց յատուկ ոճով եւ ըմբռնումով ուսուցիչը պատուելու ձեւին մէջ։
Հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը կասկածի տեղ չեն թողուր ուսուցիչին նկատմամբ հայ ազգին ցուցաբերած յարգանքին եւ գնահատանքին մէջ։ Մանաւանդ հայ ազգը, որուն համար նոր սերունդներու ազգային կրթութիւնը կայուն եւ ամուր ապաւէնը եղած է բարօր թէ քաղաքական վերիվայրումներով լի ժամանակաշրջաններուն մէջ։
Հայ ծնողքը հեռաւոր անցեալի մեր նախնեաց ժամանակներէն ու Տէր Թոդիկի օրերէն ցայսօր միշտ ալ ափ առած է հայ ուսուցիչին դուռը, իր սիրասուն փոքրերը Ֆիզիքապէս յանձնելով, վստահելով ուսուցիչին ամբողջական վստահութեամբ՝ յուսալով, որ ուսուցիչը զանոնք իրեն վերադարձնէ ողջ առողջ եւ ամբողջ։ Ամբողջ՝ մարմնով, մտքով ու նկարագիրով։
Ու այսօր ալ, պարտաճանաչ հայ ծնողքը, իր ազգային սերնդակերտ առաքելութեան ընդառաջ, ափ կառնէ մեր ժողովուրդի կրթութեան տաճարներուն՝ հայկական վարժարաններուն դռները, ակն ունենալով, որ հայ ուսուցիչը հայկական վարժարանի նոյն դարպասէն իրեն վերադարձնէ իր սիրասուն փոքր զաւակները՝ մարմնով, մտքով ու նկարագիրով հսկայ դարձած։
Ուսուցչաց միջազգային օրուան առիթով, երբ ուսուցիչը, մասնաւորաբար հայ ուսուցիչը պատուի եւ յարգանքի արժանի է, հայ ազգը ամբողջ կը մնայ հայ ուսուցիչին ակնդէտ, տեսնելու զայն անայլայլ՝ նոր սերունդներու նկարագիրը կերտող, անոնց հոգիներուն մէջ հայկական ինքնութիւնը կոթողացնող հայ կրթութեան տաճարին ծառայութեան նուիրեալը։ Հայկական նկարագիրը եւ ինքնութեան գիտակցութիւնը հայ ազգին գոյատեւման գրաւականն են, եւ հայ ուսուցիչը՝ այդ գրաւականը արդարացնողը։
Պատիւ եւ յարգանք ուսուցիչին, հայ ուսուցիչին։







All the contents on this site are copyrighted ©.