2010-03-09 12:58:27

ԵՒՐՈՊԱՑԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ


ԵՒՐՈՊԱՑԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ։

Եւրոպայի Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը եւ Եւրոպական Եկեղեցիներու Խորհուրդը որոնք միասնաբար Ժողովի կը մասնակցին Պոլսոյ մէջ,իրենց աղօթքը ու ցօրակցութիւնը արտայայտեցին Թուրքիոյ Հարաւ-արեւելքը գտնուող Էլազըղ քաղաքը հարուածած մահացու երկրաշարժի զոհերուն համար։ Եւրոպական Եկեղեցիներու Խորհուրդը՝ ուղղափառ ,բողոքական,անկլիգան 120 Եկեղեցիներէ բաղադրուած է մասնակցութեամբ նաեւ 40 կազմակերպութիւններու։ Այս միացեալ հանդիպումը որ տարին անգամ մը տեղի կ՝ունենայ պիտի տեւէ մինչեւ 11 Մարտ։ Այս տարուայ հանդիպման թէման է ՝՝գաղթականութիւնը՝՝ ։







All the contents on this site are copyrighted ©.