2010-03-07 17:38:07

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքի բացման խօսք Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսի Հռոմ, 23 Փետրուար 2010


Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքի բացման խօսք Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսի Հռոմ, 23 Փետրուար 2010





Սիրեցեալ Սիւնհոդոսական Հայրեր եւ պատուարժան հիւրեր



Հայցելէ ետք սուրբ Հոգիին եօթնարփեայ տուրքերը, Ձեզ կ'ողջունեմ եղբայրական սիրով եւ բաց կը հռչակեմ այս բացառիկ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը։

Ինչպէս ծանօթ է ձեզի, 19 Սեպտեմբեր 2009ին, Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան Քահանայապետը յայտարարեց յատուկ Սիւնհոդոս մը կազմել Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներուն համար, որ պիտի ումարուի Վատիկան, 10էն 24 Հոկտեմբեր 2010ին։

Առ այդ, Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսներու Ընդհանուր Քարտուղարութիւնը ժողովներ ումարեց մասնակցութեամբ Միջին Արեւելքի Պատրիարքներուն եւ Պարսկաստանի ու Թուրքիոյ համահաւաք Եպիսկոպոսաց դասի ատենապետներուն, ինչպէս նաեւ սուրբ Աթոռի քանի մը Ժողովներու նախաահներու եւ այլ պաշտօնեաներու, պատրաստելու համար սոյն Սիւնհոդոսի ուսումնասիրուելիք նիւթերը եւ որոշելու յարակից կազմակերպչական հարցերը։

Ասոր վրայ, երկու ժողով տեղի ունեցան Սեպտեմբեր եւ Նոյեմբեր ամիսներուն ընթացքին եւ հրատարակուեցաւ Լինէամենթա ուսումնասիրութիւնը, որ մանրամասնօրէն Սիւնհոդոսի հայող նիւթերը երեք լուխներուն մէջ բաժնեց, առաւել նախաբան մը եւ վերջնաբան մը։ Ամէն բաժանմունքի վերջաւորութեան հարցարան մը դրուեցաւ։ Խնդրուեցաւ որ Արեւելեան Եկեղեցիներու Սիւնհոդոսներու եւ Երուսաղէմի Լատին Պատրիարքութեան Եպիսկոպոսները ուսումնասիրեն ներկայացուած նիւթերը եւ հարցումներուն պատշաճ պատասխաններ տան, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ, պատասխաններու լոյսի տակ, պատրաստել Ինսթրումենթում լապորիս աշխատասիրութիւնը, որ ուղեցոյցը պիտի դառնայ սիւնհոդոսական նիստերու աշխատանքներուն։ Խնդրուեցաւ նաեւ հետաքրքրել թեմերուն բոլոր աշխատող ուժերը՝ կղերը, վանքերը, կրօնական հաստատութիւնները եւ հովուական բոլոր ուժերը, որպէսզի Կաթողիկէ եկեղեցիներուն բոլոր հատուածները իրենց մասնակցութիւնը բերեն։

Նախորդ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսներուն նման, այս անամ եւս Սիւնհոդոսին պիտի մասնակցին սուրբ Աթոռի բոլոր Ժողովներու նախաահները։ Պիտի հրաւիրուին ոչ Կաթողիկէ եղբայրներ եւ ոչ քրիստոնեայ ներկայացուցիչներ՝ մանաւանդ իսլամ եւ հրեայ կրօնքներէ, ինչպէս նաեւ մասնաէտներ եւ դէտեր։

Անցեալ Հոկտեմբերին մեր Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին ժամանակ, որոշում առած էինք ներկայ Սիւնհոդոսը ումարել, ուսումնասիրելու համար Հռոմի Սիւնհոդոսի առաջարկուած նիւթերը եւ մեր մասնակցութիւնը բերել՝ պատասխանելով տրուած հարցումներուն եւ ի յայտ բերելով մեր Եկեղեցւոյ հրատապ հարցերն ու կարիքները։ Առ այդ, ձեզմէ ամէն մէկուն առաքեցի Լինէամենթաի օրինակը։ Տեղեակ եմ որ կար մը թեմեր սկսած են կատարել նոյն աշխատանքը թեմական մակարդակով։

Հարցարանին պատասխանները պէտք է հասնին Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսի Ընդհանուր Քարտուղարութեան Զատկի տօնէն առաջ, որպէսզի ժամանակը ունենայ պատրաստելու Ինսթրումենթում լապորիսի աշխատասիրութիւնը, որ սրբազան Քահանայապետը պիտի յանձնէ Պատրիարքներուն, Յունիսին սկիզբը, իր հովուական այցելութեան ընթացքին՝ Կիպրոս։

Ինչպէս արդէն տեղեակ էք, սրբազան Հայրը ընդունեցաւ Արհիապատիւ Տէր Նշան Արքեպ. Գարաքէհէեանի ներկայացուած հրաժարականը եւ միաժամանակ անուանեց Գերապատիւ Հայր Վահան Վրդ. Օհանեան, Մխիթարեան Ուխտէ, որպէս Առաքելական Կառավարիչ sede vacante ad nutum Sanctae Sedis հանամանքով, Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէներու Առաջնորդութեան։ Առիթն է որ մեր շնորհաւորութիւնները յայտնենք նորընտրեալ Առաջնորդին, մաղթելով իրեն հովուական բեղուն առաքելութիւն։ Կուզեմ նաեւ ջերմ նահատանքս արտայայտել Արհիապատիւ Հայր Նշան Արքեպ. Գերապայծառին, որ անձնուրացութեամբ եւ անձնուիրումով երկար տարիներ հովուեց Արեւելեան Եւրոպայի Առաջնորդութիւնը, նախ իբր եպիսկոպոսական փոխանորդ եւ 2005էն սկսեալ՝ իբր Առաջնորդ։ Եթէ այսօր թեմական կառոյցներ կան Հայաստան, Վրաստան եւ Ռուսաստան, անոնք Գարաքէհէեան Գերապայծառին ջանքերուն կը պարտինք։ Յոյսս է որ ներկայ Առաջնորդը դեռ աւելի ճոխացնէ հովուական ործը անծայրածիր Արեւելեան Եւրոպայի Առաջնորդութեան տարածքին մէջ։

Ուրախութեամբ կաւետեմ ձեզի, որ անցեալ ամիսներուն Պատրիարքական Թեմը նորօծեալ երեք քահանաներով օժտուեցաւ՝ յանձին Տէր Ռաֆֆի քհնյ. Օհաննէսեան՝ 19 Դեկտեմբեր 2009ին, որ անուանուեցաւ փոխ ժողովրդապետ Ս. Գրիոր Լուսաւորիչ Ս. Եղիա Աթոռանիստ եկեղեցիին, Հ. Սեպուհ Վրդ. Կարապետեան՝ 10 Յունուար 2010ին, որ անուանուեցաւ փոխ ժողովրդապետ Ս. Փրկիչ Եկեղեցիին եւ Տէր Աւետիք Յովհաննէսեան՝ 6 Փետրուար 2010ին, որ իր մասնաիտական ուսումները պիտի շարունակէ, կատարելով հանդերձ կար մը հովուական ործեր։ Օրացոյցի վրայ կան տակաւին ուրիշ երկու քահանայական ձեռնադրութիւններ՝ մին Գամիշլի, ալ Մարտ ամսոյն ընթացքին, յանձին Տէր Գէոր Պահէի եւ միւսը Ամման ալ Յուլիսին, յանձին Տէր Ռաֆֆի Պէրպէրեանի, երկուքն ալ Զմմառեան միաբան։ Աստուծոյ հազար փա՜րք կու տամ, որ մեր աղօթքները լսեց եւ իր Եկեղեցին միշտ կը հոայ յարուցանելով նորանոր առաքեալներ։ Սակայն, պէտք չէ աղօթելէ դադրինք հայցելով նոր կոչումներ, նկատի առած մեր բազմաթիւ հովուական կարիքները ոհացնելու նպատակով, մանաւանդ Հայաստան եւ Ռուսաստան։

8 Յունուար 2010 թուակիր եկակոչի նամակով Ձեզ հրաւիրեցի 23էն-26 Փետրուար՝ Հռոմ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին, որուն օրակարին լխաւոր նիւթը պիտի ըլլայ Հռոմի Սիւնհոդոսին պատրաստութիւնը։ Եթէ ժամանակը ներէ, պիտի փափաքէի վերջի օրը յատկացնել դռնփակ նիստերուն, կար մը հրատապ հարցեր ուսումնասիրելու համար, որուն թուք ալ կրնաք ձեր առաջարկները ներկայացնել։

Սուրբ Կոյս Մարիամ, որուն պաշտպանութեան երջանկայիշատակ Կարդինալ Աղաճանեանը յանձնած է մեր համայնքը, թո՛ղ մեզ առաջնորդէ մեր ործերուն մէջ եւ մեզ հովանաւորէ ներկայ կարեւոր հանրուանին ընթացքին։ Բարի աշխատանք բոլորին։








All the contents on this site are copyrighted ©.