2010-03-05 13:23:24

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը Եւ Վատիկանեան տեղեկութիւններ


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը

Ուրբաթ 5 մարտ 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 9ին Քահանայապետական տան պատասխանատուներուն հետ առաւօտեան ժամերգութիւն կատարեց եւ ապա լսեց քառասնորդացի քարոզը, զոր արտասանեց քահանայապետական տան մատրանապետը՝ հայր Գանդալամեսսա, ունենալով որպէս խորհրդածութեան նիւթ.

''Նոր ուխտի խորհրդակատրներ՝՝

Ապա Նորին սրբութիւնը ընդունեց Ուկանտայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի եպիսկոպոսները` եկած կատարելու կանոնական հնգամեայ այցը Ս. Պետրոսի յաջորդին։





Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հրաւիրուած է Կալլէս այցելել։

Կալլէսի վարչապետը Գրաուն Ճոնս, պաշտօնապէս հրաւիրած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը այցելելու իր երկիրը, Անգլիա եւ Սքովտիա, սեպտեմբեր ամսոյն մէջ, կատարելիք հովուական այցելութեան ընթացքին։ Վարչապետը առաքելական դեսպանին ուղղած նամակին մէջ կը յիշեցնէ ՜՜1982ին Քահանայապետին այցելութիւնը մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ եւ Կալլէսի ժողովուրդը յուսախաբ պիտի մնայ եթէ չիրականանայ Սրբազան Քահանայապետի այցը իրենց երկիրը ՝՝։



՜՜Կարտինալ Փոլ Բուբառ՝՝ հիմնարկութեան մրցանակի տուուչութիւն Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքին, որ նաեւ կը կոչուի ''Կանանչ Պատրիարք'' բնապահպանութեան ի խնդիր իր մղած պայքարին համար։

Չորեքշաբթի օրը Մոնաքոյի իշխանական դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ մրցանակին տուուչութիւնը ներկայութեամբ՝ Ալպեր Բ.Իշխանին եւ մրցանակի հիմնադրին՝կարտինալ Բուբառի եւ այլ քաղաքական ու եկեղեցական իշխանութիւններուն։

Հիմնարկութեան նպատակն է շարունակել կարտինալ Բուբառի գծած ուղին հայող բարոյականութեան ու միջմշակութային ու կրօնական երկխօսութեան։ Կ. Պատրիարքի մրցանակի տուութեան նպատական է ողջունել Կանանչ պատրիարքին ներգործութիւնը արարչագործութեան պահպանումի։



Պենետիկտոս Քահանայապետին ցաւակցական հեռագիրը ֆրանսայի փոթորիկի զոհերուն։



Ի լուր մահաբեր փոթորիկին, որ հարուածեց ֆրանսայի զանազան մարզերը եւ որուն հետեւանքով զոհ գացին աւելի քան 50 հոգի եւ որ նիւթական մեծ վնասներ պատճառեց, Վատիկանի Պետական Քարտուղարը` կարտինալ Պերթոնէ, յանուն Սրբազան Քահանայապետին ցաւակցական հեռագիր մը յղեց զօրակցութեան կոչ ընելով բարի կամք ունեցող բոլոր մարդոց, որպէսզի աղէտեալները կարողանան օգնութիւն եւ սփոփանք ընդունիլ։ Ռոշելլի թեմին մէջ մատուցուած հոգեհանգստեան պատարագին ընթացքին թեմին առաջնորդը՝ գերապայծառ Գասդել կարդաց Սրբազան Հօր հեռագիրը, որով Նորին Սրբութիւնը զոհերը կը յանձնարարէ Աստուծոյ ողորմութեան եւ երկնային առատ շնորհքներ կը հայցէ աղէտեալներուն համար։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.