2010-03-05 13:25:37

Լուրեր քրիստոնեայ եւ հայ աշխարհէն


Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց Չեխիայի Խորհրդարանի Պատագմաւորներու պալատի փոխնախագահը։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Մարտ 4-ին, Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց Չեխիոյ Հանրապետութեան Խորհրդարանի Պատգամաւորներու պալատի փոխնախագահը՝ Վոյցեկ Ֆիլիպի։

Հանդիպման ընթացքին խօսուեցաւ երկու երկիրների միջև համագործակցութեան և տարբեր ոլորտներու մէջ յարաբերութիւններու աշխուժացման մասին։

Մասնաւոր անդրադարձ կատարուեցաւ երկու երկիրներու հոգևոր կեանքին, Եկեղեցի-պետութիւն, Եկեղեցի-հասարակութիւն յարաբերություններուն և հասարակական կեանքի հոգևոր-բարոյական արժէքներու հաստատման գործին մէջ կրօնական հաստատութիւններու կարևոր դերակատարութեան։



Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ Եգիպտոսի մէջ ապրող քրիստոնեաներու կացութեան մասին։
Ղպտիները զոհ են խտրականութեան ու հարստահարումի։
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը, մարմին մըն է որ կը ներկայացնէ աւելի քան 560 միլիոն քրիստոնեաներ։ Խորհուրդը յայտարարած է թէ Եգիպտոսի քրիստոնեայ ղպտիները մշտատեւ հալածանք կը կրեն եւ իրենք զիրենք օտար կը զգան իրենց սեփական հողին վրայ իսկ։ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի գործադիր մարմինը պաշտօնական յայտարարութիւն մը կատարած է որով կ'ըսէ. ՜՜ցաւալի է որ ներկայ Եգիպտոսի մէջ, քրիստոնեաները դարձած են զոհեր, բռնարարքներու եւ ատելութեան, եւ անոնց անվտանգութիւնը երաշխաւորուած չէ։ Եկեղեցիներու Խորհրուրդը անվերապահօրէն կը յայտնէ իր զօրակցութիւնը Եգիպտոսի քրիստոնեաներուն, եւ արդարութիւն կը պահանջէ սպաննուած քրիստոնեաներուն համար։ Այս յայտարարութիւնը կու գայ մինչ հիւսիսային Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու դէմ հալածանքները յաճախակի են ։








 








All the contents on this site are copyrighted ©.