2010-03-05 14:02:30

Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏԱՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՆԻՍՏԻՆ՝ 23 ԹԵՐ - 22 ԴԷՄ ՔՈՒԷՆԵՐՈՎ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՒ ԹԻՒ 252 ԲԱՆԱՁԵԸ։
Երէկ (Իտալիոյ ժամով) երեկոյան տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի քննարկումները՝ յատկացուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծին։ Հակառակ վերջին օրերուն ընթացքին թրքական կողմին կատարած իրերայաջորդ զուշացումներուն եւ սպառնալիքներուն, ինչպէս նաեւ Սպիտակ Տան մետասաներորդ պահու բացասական միջամտութեան, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը 23 թեր եւ 22 դէմ քուէներով վաւերացուց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման թիւ 252 բանաձեւը։ Նիստին կը մասնակցէին շուրջ 50 քոնկրեսականներ, ինչպէս նաեւ ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ թուրք պատգամաւորներ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան այս բանաձեւի որդեգրման առիթով հրապարակեց մամլոյ հաղորդագրութիւն մը՝ յայտնելով, որ մենք ՝՝բարձր ենք գնահատում Միացեալ Նահանգների Ներկայացուցիչների Պալատի արտաքին գործերի յանձնաժողովի կողմից Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչող թիւ 252 բանաձեւի ընդունումը։ Այն համամարդկային արժէքներին ամերիկեան ժողովրդի նուիրուածութեան եւս մէկ վկայութիւն է եւ կարեւոր քայլ է մարդկութեան դէմ ոճիրների կանխարգիլման ճանապարհին՝՝ ։ Նիստին սկսելէն անմիջապէս ետք յստակ դարձաւ, որ Սպիտակ Տունը կոչ ուղղած է յանձնախումբին յետաձգելու բանաձեւին քուէարկութիւնը։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յանձնախումբի նախագահ Հաուըրտ Պըրմընին հեռաձայնելով անոր կոչ ուղղած է յետաձգելու Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին շուրջ քուէարկութիւնը։ Քոնկրեսականներու խօսքերուն աւարտէն ետք յանձնախումբը սկսաւ քուէարկել։ Քուէարկութեան ընթացքին բանաձեւին դէմ քուէները առաւելութիւն ունէին։ Քուէարկութիւնը պահ մը կանգ առաւ 20 թեր եւ 22 դէմ արդիւնքով՝ սպասելով քանի մը քոնկրեսականներու, որոնք քոնկրեսական այլ յանձնախումբերու մէջ քուէարկութիւն կը կատարէին։ Որոշ դադարէ մը ետք, երեք քոնկրեսականները ի վերջոյ վերադարձան եւ քուէարկեցին ի նպաստ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին։ Այդպիսով քուէարկութեան պատկերը շրջուեցաւ՝ 23 թեր, 22 դէմ։ Քոնկրեսական Պըրմըն յայտարարեց, որ բանաձեւը որդերուած է, ապա փակեց նիստը։ Քուէրակութեան արդիւնքէն անմիջապէս ետք Թուրքիա ետ կանչեց Վաշինկթընի իր դեսպանը։
ՉԵԽ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան այսօր տեսակցեցաւ Չեխ Հանրապետութեան խորհրդարանի Պատգամաւորներու պալատի փոխնախագահ Վոյցեկ Ֆիլիպի հետ: Հայաստանի ԱԳ նախարար ըսաւ թէ Չեխիայի հետ յարաբերութիւնները վերջին շրջանին յատկապէս զարգացած են , եւ անոնք առաւել խորացնելու նպատակով որոշուած է Բրակայի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւն հիմնելու մասին:Զրուցակիցները անդրադարձած են հայ-չեխ յարաբերութիւններու յետագայ ամրապնդման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք համատեղ քայլերուն ։Երկուստեք ընդգծած են են յառաջիկային Չեխ Հանրապետութեան վարչապետի Հայաստան կատարելիք այցելութիւնը ։
ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ LE MONDE ԹԵՐԹԸ ԿԸԳՐԷ ԱՄՆ-Ի ՔՈՆԿՐԵՍԻ ՈՐՈՇՈՒՄԻ ՄԱՍԻՆ։
՝՝Երէկ՝ մարտ 4ին,, ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու Յանձնաժողովը, չնայած Պարաք Օպամայի եւ Անգարայի ճնշումներուն , 20-րդ դարու Օսմանեան Թուրքիայի մէջ տեղի ունեցած հայերու սպանութիւնները Ցեղասպանութիւն որակող բանաձեւը ընդունեց(գրած է Le Monde ֆրանսական թերթը)։Ինչպես կը գրէ նոյն թերթը, Հայաստանի իշխանութիւնները ողջունած են բանաձեւի ընդունումը, մինչ Անգարայ Վաշինկթընէն ետ կանչեց իր դեսպանը ։







All the contents on this site are copyrighted ©.