2010-03-04 14:59:10

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը։
Հինգշաբթի 4 մարտ 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց.
Ուկանտայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ, եկած կատարելու հնգամեայ կանոնական այցը Ս. Պետրոսի յաջորդին։
Ապա Նորին Սրբութիւնը ընդունեց տիար ֆրանսիսքօ Սոլեր դեսպանը` Էլ Սալվատորի (հրաժեշտի այցելութիւն)։
Նոյեմբեր ամսոյն մէջ Սրբազան Հայրը ուխտագնացութիւն կը կատարէ Սպանիոյ Ս. Յակոբի սրբավայրը։
Սրբազան Հայրը Սպանիա պիտի այցելէ յառաջիկայ նոյեմբեր ամսոյն սկիզբները։ Իր Ս. Պետրոսի յաջորդը ընտրուելէն ի վեր երկրորդ անգամն ըլլալով որ ուխտագնացութեան կ՝երթայ Ս. Յակոբի Սրբավայրը , այցելութիւն կատարելով Պարսելոնա թեմին։Իսկ 2011 տարւոյն օգոստոսին, նախատեսուած է Նորին Սրբութեան այցելութիւնը Մատրիտ, գլխաւորելու՝ ՜՜երիտասարդութեան համաշխարհային օրը՝՝։ Նշենք որ Սրբազան Հայրը առաջին անգամ Սպանիա այցելեց 2006ին, Վալանս քաղաքին մէջ գլխաւորելու ընտանիքի համաշխարհային հանդիպումը։
Յայտնենք թէ Սանդիակօ Տէ Գոմբոսթելա թեմի առաջնորդը 2010 տարին հռչակած է Յակոբեան Սուրբ Տարին։
Պարսելոնա թեմին մէջ, Նորին Սրբութիւնը օծումը պիտի կատարէ ՜՜Ս. Ընտանիքին՝՝ նուիրուած տաճարին։ Այդ տաճարը արդէն իսկ մաս կը կազմէ ՜՜մարդկութեան համաշխարհային ժառանգութեան՝՝։ Անոր շինարարութիւնը սկսած էր 1883ին ճարտարապետ Կոտիի գլխաւորութեամբ։
Սպանիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութենէն առաջ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պիտի շրջի Եւրոպայի չորս վայրեր. այսպէս յաջորդաբար կ'այցելէ Մալթան` ապրիլ 17-18, Փորթուկալ մայիս 11-14, ապա Կիպրոս յունիսին սկիզբը եւ հուսկ՝ Անգլիա սեպտեմբեր 16-19։

Վատիկանեան տեղեկութիւններ։
Քահանայապետական անուանում – Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը անուանեց գերապայծառ Անդրէ Եոզիչ որպէս իր ներկայացուցիչը Չինաստանի մօտ։ Վատիկանի դիւանագէտը որպէս խորհրդատու կը պաշտօնավարէ Դաշնակցային Ռուսիոյ առաքելական դեսպանատան մէջ։ Յայտնենք թէ 1951-ին դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզուած են Չինաստանի եւ Վատիկանի միջեւ։
Նոյնպէս Սրբազան Քահանայապետը նոր առաքելական դեսպան անուանած է Մատակասքարի մօտ, յանձին գերապայծառ Նիւկէնթի։

Ս. Աթոռը կը խնդրէ որ ՄԱԿը ունենայ յատուկ զօրք մը օգնութեան հասնելու բնական աղէտներու ընթացքին։
Արդարեւ Հայիթիի եւ Չիլիի մահաբեր երկրաշարժէն ետք, Վատիկանը բաղձանք յայտնած է որ ՄԱԿը ունենայ իր յատուկ ոյժը օգնութեան հասնելու համար բնական աղէտներու ընթացքին, լաւագոյնս համադրելու՝ միջազգային օգնութիւնները։ Վատիկանի կիսապաշտօն օրաթերթը կը խնդրէ միջազգային հասարակութենէն ունենալ քաղաքական կամքը, ստեղծելու՝ օգնութեան հասնող շտապ մարմին մը։ Վատիկանի խմբագիրը դիտել կու տայ թէ բարի կամքը ինքնին բաւարար չէ ամոքելու ցաւը աղէտեալ ժողովուրդներուն։ Միջազգային հասարակութիւնը, ներկայիս ունի բաւարար թեխնիքական միջոցներ դիմագրաւելու աղէտները եւ նոյնիսկ զանոնք նախատեսելու։







All the contents on this site are copyrighted ©.