2010-03-04 13:41:02

 Կրօնաբարոյական հարցեր։ ՝՝Հայր Մեր Որ Երկինքն ես, մեր ամէնօրեայ հացը տուր մեզ այսօր՝՝։


 Կրօնաբարոյական հարցեր։ ՝՝Հայր Մեր Որ Երկինքն ես, մեր ամէնօրեայ հացը տուր մեզ այսօր՝՝։

Անօթի փորով մարդը ոչ կրնայ աղօթել ոչ ալ իր հոգիին փրկութեան մտածել,ինչպէս կ՝ըսեն աստուածաբանները։ Այս պատճառով Սուրբ Յակոբ կը յանդիմանէր այն քրիստոնեաները որոնք անօթի մարդուն նիւթապէս ալ օգնելու տեղ, կը բաւարարուէին միայն Աստուծոյ օրհնութիւնը հայցելով չքաւորին վրայ։ Մարդուս համար նիւթական սնունդին կարեւորութիւնը քաջ գիտնալով է որ Յիսուս ՝՝ՀԱՅՐ ՄԵՐ՝՝ աղօթքը մեզի սորվեցնելու ատեն,մեր ամէն օրուայ հացն ալ խնդրեց Երկնաւոր Հայրէն,ըսելով ՝՝հայր մեր որ երկինքն ես,….մեր ամէնօրեայ հացը տուր մեզի այսօր՝՝։
Քրիստոնեաներս որքան ալ աշխարհի լաւագոյն կրօնին պատկանինք չենք դադրիր հացի կարօտ էակներ ըլլալէ,քանի որ միսէ ոսկորէ կազմուած արարածներ ենք։ Այս պատճառով Յիսուս իրեն հետեւող բազմութիւնները հոգեւոր սնունդով յագեցնելէ զատ քանի մը անգամ հրաշքով հաց բազմապատկեց եւ զանոնք կշտացուց։ Մարդուն ֆիզիքական անօթութիւնը գոհացնելով Յիսուս ուզեց անոր սիրտն ու միտքը հոգեկան աւելի բարձր սնունդին տրամադրել։ Բայց զգոյշ ըլլանք. Մարդը այո առանց հացի չի կրնար ապրիլ սակայն ասիկա չի նշանակեր թէ մարդը մի միայն կերակուր ուտելու համար աշխարհ եկած է։ Մարդուն համար ուտելը անհրաժեշտ է,սակայն կերակուրը կեանքի միակ նպատակ չէ,այլ միջոց՝իբր մարդ ապրելու։
Յիշենք Յիսուսի խօսքը ՝՝Մարդս միայն հացով չ՝ապրիր,այլ նաեւ Աստուծոյ բերնէն ելլող խօսքով (Մթ.4,4)։ Այսպէս պատասխանեց Յիսուս սատանային որ զինք անապատի մէջ անօթեցած տեսնելով կը փորձէր զինք իր Հօր կամքէն շեղացնել անոր հաց ու պատիւ խոստանալով։ Իր այս պատասխանով Յիսուս յայտնի կ՝ընէ թէ մարդուն մէջ մարմինի անօթութենէն աւելի կարեւորը կայ անօթութիւն մը՝որուն յագուրդը ոչ հացը կրնայ տալ ոչ ալ սատանան,այլ միայն Աստուծոյ խօսքը։ Յիսուսին համար Պահքը կարեւոր էր։ Ան մեզմէ առաջ քառասուն օր պահք բռնեց։ Պահքը կը ծառայէ քաւելու մեր գործած մեղքերը այս պատճառով Յիսուս յիշեցուց ՝՝Երկինքի դուռը նեղ է։Միայն ապաշխարողները հոն պիտի մտնեն՝՝ ։
Սակայն Յիսուսի համար Պահքը նպատակ չէ,այլ միջոց։ Յիսուսի համար ֆիզիքական անօթութենէն աւելի ծանրակշիռը կայ,անիկա մարդու հոգիին անօթութիւնն է,Աստուծոյ ծարաւն է,Աստուծոյ Խօսքն է։ Հոգիին անօթութիւնը շատ աւելի ծանրակշիռ է քան մարմինինը։ Հացին եւ ձուկին բազմապատկումին հրաշքին մէջ հացն ու ձուկը չեն կարեւորը այլ Յիսուսին մտադրած նպատակը. Որ է մարդը հացով ոտքի պահել որպէսզի անոր մէջ ֆիզիքական անօթութիւնը չիշխէ հոգիի անօթութեան վրայ մարմինը չտիրէ հոգիին վրայ ու հոգին զոհ չերթայ մարմինին ախորժակներուն։
Այսօր ֆիզիքապէս կուշտ ու յառաջդիմած ժողովուրդներն են որ յաճախ հոգեպէս սնանկացած ու ապերջանիկ են ու իբր հետեւանք ՝անոնց շարքերէն ներս անձնասպանութիւններ կը գործուին։ Ափրիկէի անօթի ժողովուրդները հացով յագեցնելը շատ աւելի հեշտ է քան հոգեկան անօթութենէն տառապող արդի մարդը կշտացնելը։ Աւելին կայ. Մինչ ֆիզիքական անօթութիւնը գիտենք ինչպէս գոհացնել(չինացին ափ մը բրինձով,ու ափրիկեցին՝ափ մը կորեկով ) հոգիին անօթութիւնը տակաւին չենք գիտցած յագեցնել։ Մարդկութիւնը այսօր հացէն աւելի կարիքն ունի արդարութեան,եղբայրսիրութեան,փոխադարձ յարգանքի,արժանապատուութեան, Աստուծոյ։ Հիմայ որ կը գտնուինք Պահքի շտջանին մէջ,ուր Եկեղեցին մեզի կը հրահանգէ սակաւապէտ ըլլալ, գիտնանք որ Պահքի շրջանը հոգիի եւ մարմինի միջեւ հաւասարակշռութիւն մը հաստատելու շրջանն է,ոչ ուտել յղփանալու աստիճան եւ ոչ ալ ծոմ պահել հիւանդանալու չափ։ Պահքի շրջանը մարդուն մէջ նիւթական ու հոգեկան արժէքները իրենց ճիշդ չափին վերադարձնելու առիթն է,մարդը անասունէն տարբերելու եւ Քրիստոսի աշակերտ ըլլալու միջոց է։ Այս պատճառաւ Պահքը ստամոքսը զսպելէ աւելի հոգին ազնուացնելու շրջան է բարի գործերով։
Պահպանենք Պահքի օրէնքը,օգնենք մարդոց իրենց օրուայ հացը ճարելու մէջ,բայց գիտնանք նաեւ թէ մարդը միայն հացով չէ որ կ՝ապրի։







All the contents on this site are copyrighted ©.