2010-03-03 13:59:53

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութիւնը

Չորեքշաբթի 3 մարտ 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Շարունակելով իր խորհրդածութիւնը Միջին Դարու հայրապետներու մասին, Սրբազան Քահանայապետը, այսօր խօսեցաւ սուրբ Պոնավենթուրայի մասին։



Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր



Սուրբ Պոնավենթուրան ապրեցաւ ԺԳ. դարուն։ Ան ունեցաւ գործունեայ եւ հայեցողական կեանք։

Խորապէս բարեպաշտ եւ խոհեմ մարդ մըն էր, որ կարողացաւ ներդաշնակութիւն հաստատել հաւատքի ու մշակոյթի միջեւ։

Փարիզ ուսումը ստացած՝ Պոնավենթուրա հիացումով կը դիտէր ֆրանչիսքեան կրօնաւորներու ապրումը Աւետարանի հիման վրայ եւ բաղձանք յայտնեց մաս կազմել անոնց միաբանութեան, լաւագոյնս ապրելու՝ Ս. ֆրանչիսկոսի հոգեւորութիւնը։

Շարունակելով իր ուսումը Փարիզի աստուածաբանական համալսարանի մէջ ան դարձաւ Եկեղեցւոյ պատմութեան մեծագոյն վարդապետներէն մէկը։

Պոնավենթուրայի մտածողութիւնը խորապէս քրիստոսաբան է։ ''Աւետարանական կատարելիութիւնը'' հատորին մէջ, ան ցոյց կու տայ թէ՝ Եկեղեցին աւելի գեղեցիկ կը դառնայ շնորհիւ իր հաւատացեալ այրերուն ու կիներուն ցուցբերած հաւատարմութեան ՜՜աւետարանական երանութիւններուն՝՝ եւ այսպէս անոնք վկայութիւն կու տան թէ Աւետարանը աղբիւր է ուրախութեան ու կատարելիութեան։

Երբ սուրբ Պոնավենթուրան ընտրուեցաւ ընդհանուր աբբահայրը ֆրանչիսքեան կրտսեր եղբայրներուն, Միաբանութիւնը կը հաշուէր 30 հազար կրօնաւոր, տարածուած ամբողջ Եւրոպայի մէջ։ Եղբայրներու միջեւ միութիւնը եւ հաղորդակցութիւնը հաստատելու համար, ան, հատոր մը շարադրեց ուր կը պարզէր Ս. ֆրանչիսկոսի ճշմարիտ խարիզմը ու անոր կենսագրութիւնը, եւ ուր կը գտնենք Ս. ֆրանչիսկոսի ճշմարիտ ուսուցումը։

Սուրբ Պոնավենթուրայի համար Ս. ֆրանչիսկոս եղաւ ՜՜մարդ մը որ ուզեց հաւատարմօրէն նմանիլ Քրիստոսի՝՝։

Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց մաղթելով որ սուրբ Պոնավենթուրայի գաղափարը դառնայ յայտագիրը ՜՜երրորդ հազարամեայի Եկեղեցւոյ ու ամէն հաւատացեալի՝՝։

Այս խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը, զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները, Տիրոջմէն հայցելով՝ որ առաջնորդէ զանոնք իրենց բոլոր կեանքին ընթացքին։ Քառասնորդացի այս շրջանը, ըսաւ Սրբազան Հայրը, թող ըլլայ առիթ փնտռտուքի ՜՜Քրիստոսի հարազատ դէմքին՝՝։ Թող Աստուած ամէնքդ օրհնէ։

Հուսկ՝ Նորին Սրբութիւնը քաջալերական խօսք մը ուղղեց երիտասարներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն, ան ըսաւ. ՜՜Թող Մարիամ` Անարատ Յղացեալը օգնէ ձեզի հաւատքի մէջ հաստատ մնալու՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.