2010-03-03 14:31:32

Հ Հ Դեսպան՝ Ռուբէն Կարապետեանի Եւ Իտալահայ Կազմակերպութիւններու Ղեկավարներու Համահայկական Հաւաքը։


Հ Հ Դեսպան՝ Ռուբէն Կարապետեանի Եւ Իտալահայ Կազմակերպութիւններու Ղեկավարներու Համահայկական Հաւաքը -Հռոմ ։



Իտալիոյ մէջ Հ Հ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ՝ Շաբաթ 27 Փետրուար 2010-ին Հռոմի մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ իտալահայ կազմակերպութիւններու ղեկավարներու, ինչպէս նաեւ հայ եկեղեցական հաստատութիւններու ու միաբանութիւններու պատասխանատուներու ու ներկայացուցիչներու հաւաքը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի դեսպանութեան և իտալահայ համայնքային կառոյցներու համագործակցութեան հարցեր, մասնաւորապէս` հայ-իտալական երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացում, Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման գործընթացքի սատարում եւ Հայոց ցեղասպանութեան 95-րդ տարելիցի յիշատակման միջոցառումներու կազմակերպում: Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Սումգայիթեան ջարդերու 22-րդ տարելիցը։

Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Կարապետեան բացումը կատարեց հաւաքին ներկայացնելով սոյն հաւաքի մասնակցողներուն ՜՜դեսպանութեան 2010-ի ծրագիրները եւ այն ուղղութիւնները, ուր անհրաժեշտ է իտալահայութեան աջակցութիւնն ու գործօն մասնակցութիւնը՝՝: Դեսպան Ռուբէն Կարապետեան, որպէս առաջնային՝ ընդգծեց Լեռնային Ղարաբաղի հետ կապերու աշխուժացման կարեւորութիւնը, Հայաստանի մէջ ներդրումային ծրագիրներու խթանումը և Իտալիոյ մէջ բազմաթիւ գիտամշակութային միջոցառումներու կազմակերպման հարցերը։

Այնուհետև ելոյթ ունեցան հաւաքի մասնակիցները, դեսպանին ներկայացնելով իրենց առաջարկները ՜՜դեսպանություն-իտալահայ համայնք՝՝ համագործակցութեան սերտացման ուղղութեամբ: Ելոյթ ունեցողները յատկապէս գոհունակութեամբ նշեցին որ նման ներկայացուցչական հաւաք իտալահայ բոլոր կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ ու դեսպանութեան հովանաւորութեամբ՝ առաջին անգամ տեղի կ՝ունենար։ Հաւաքի մասնակիցները համաձայն էին որ նախապատրաստուի նամակ մը իտալահայ բոլոր կազմակերպութիւններու անունով ուղղուած՝ Իտալիոյ խորհրդարանի բոլոր անդամներուն` Հայոց Ցեղասպանութեան 95-ամեակի առընչութեամբ: Ներկաները նաև համաձայնեցան նման հաւաք կազմակերպել իւրաքանչիււր տարի:

Հանդիպումէն ետք Հայաստանի դեսպանութեան մէջ կազմակերպուած էր ընդունելութիւն, որու ընթացքին տեղի ունեցաւ դեսպանութեան նոր գրասենեակի օծման արարողութիւնը:



 








All the contents on this site are copyrighted ©.