2010-03-03 13:29:31

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՍՊԱՆԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՄԻԿԵԼ ԱՆԽԵԼ ՄՈՐԱԹԻՆՈՍ ԵՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ։

Եւրոպական Միութեան նախագահող երկրի՝ Սպանիոյ արտաքին գործոց եւ համագործակցութեան նախարար Միկել Անխել Մորաթինոս ,Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը կրնայ լուծուիլ միայն խաղաղ, դիւանագիտական միջոցներով։ Ան նաեւ նշած է, որ ուժի կիրարկումը կամ ուժի կիրարկման սպառնալիքը միջոց չէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման համար։ Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ Հայաստան - Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին, շրջանային անվտանգութեան խնդիրներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացին։Սերժ Սարգսեան ներկայացուցած է պաշտօնական Երեւանի մօտեցումները քննարկուած խնդիրներուն վերաբերեալ։ Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատած է Հայաստան - Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան ու քաղաքական երկխօսութեան ներկայ մակարդակը եւ կարեւոր նկատած է անոր հետագայ խորացումը։ Հայաստանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ Եւրոպական Միութեան կողմէ Հայաստանին ցուցաբերուող տնտեսական օժանդակութեան եւ խորհրդատուական աջակցութեան համար։ Նախագահ Սարգսեան եւ Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Մորաթինոս անդրադարձած են Հայաստան - Եւրոպական Միութիւն համաործակցութեան օրակարգի առաջնահերթութիւններուն, քննարկած են ազատ առեւտուրի մասին համաձայնագիրի կնքման, մուտքի արտօնագիրներու տրամադրման դրութեան դիւրացման բանակցութիւններուն վերաբերող հարցեր։ Նշենք որ Սպանիոյ արտաքին գործոց եւ համագործակցութեան նախարար Միկել Անխել Մորաթինոս Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան երեւանեան կեդրոնին մէջ առանձին հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Հայաստանի ընդդիմադիր քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։

ՌՈՒՍԻԱ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱ ՄՏԱԴԻՐ ԵՆ ՍԵՐՏՕՐԷՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑԻԼ
՝՝ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ԳԾՈՎ՝՝ ԿԸՍԷ ՆԻՔՈԼԱ ՍԱՐՔՈԶԻ։
Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի՝ Ռուսիոյ նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիա եւ Ֆրանսա մտադիր են սերտօրէն համաործակցիլ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման գծով։ ՝՝Ռուսիա եւ Ֆրանսա պիտի համագործակցին որպէսզի օգնեն թէ՛ Հայաստանին, թէ՛ Ազրպէյճանին՝ միասին աշխատելու եւ զիրար հասկնալու՝՝ ըսած է Սարքոզի։

ՀԱՅ- ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ ԿԸ ՍՊԱՆՆՈՒԻ։

1 մարտին Հայաստանի Տաւուշի մարզի սահմանային դիրքերուն վրայ արձանագրուած է ազրպէյճանցիներուն կողմէ զինադադարի խախտումի հերթական դէպքը ։ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ եւ հասարակութեան հետ կապերու ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այս դէպքին պատճառով սպաննուած է Հայաստանի զինեալ ուժերու թիւ 21127 զօրամասի գնդացրային ջոկի հրամանատար Սարգիս Ոսկանեան (ծնեալ՝ 1981-ին)։Ռատիօ Վատիկանի անձնակազմի ցաւակցութիւնները հրամանատար Ոսկանեանի ծնողքին ու ազգականներուն։


ԿՈՐՊԱՉՈՎ Կ՝ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԻ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԱՍԻՆ ։
Ղարաբաղի խնդիրը շատ հին է եւ շատ բարդ։ Ադրբեջանը ու Հայաստանը այն ժամանակ զիս մեղադրած էին անոր համար որ ՝՝ես կը պաշտպանէի կողմերէն մին բայց այդ այդպէս չէր՝՝՝։ «Կոմերսանտ» թերթի հետ կայքէջային հարցազրույցի ժամանակ այսպէս յայտարարած է Սովետական Միութեան նախկին նախագահ Միխայիլ Կորբաչովը։ «Չեմ գիտեր թէ ինչ կարելի է ընել։ Յեղաշրջման ժամանակ եւ անկէ յետոյ որոշուեցան ներքին եւ արտաքին սահմանները, կիսուեցան հողերը։ Որու համաձայն , այնպէս մը կիսուեցան որ դրացիները մէկը միւսէն,իրարմէ կախում ունենան , որպէսզի առճակատումը միշտ ներկայ ըլլայ , եւ ապա Մոսկուան հանդէս գայ իբրեւ դատաւոր։ Խնդիրներ ծագեցան բոլոր ժամանականերու երկայնքին ՝ պատերազմէն առաջ, եւ պատերազմէ յետոյ»,- յայտարարած է Կորբաչովը։







All the contents on this site are copyrighted ©.