2010-03-02 16:35:15

Քահանայական տարի – Ժան Մարի Վիաննէ – Թողուցէք երթամ…


Քահանայական տարի – Ժան Մարի Վիաննէ – Թողուցէք երթամ…



Հակառակ արտաքնապէս հաստատուն որոշողութեան Արս մնալու, 1843ին Տէր Վիաննէ միշտ սրտին մէջ ունէր փափաքը աշխարհէն քաշուելու եւ կեանքին վերջին օրերը աղօթքով եւ ապաշխարութեամբ անցնելու:

Իր օգնական վարդապետին հետ ապրելու դժուարութիւնները դարձեալ արթնցուցին այս փափաքները: Իրեն համաձայն իր բոլոր անյաջողութիւններուն պատճառը իր անկարողութիւնն էր եւ չէր կրնար հարկ եղածին պէս կատարել իր պաշտօնը… 1847ին կը գրէ իր եպիսկոպոսին.

-Եթէ կ’ուզես փրկել իմ հաւատացեալներուս հոգիներ, պէտք է անպայման թողուս որ ես մեկնիմ ասկէ:

Իմանալով որ 1850ին պիտի հրաժարի Գերպ. Տեվի, Ժան Մարի յարմար առիթ կը նկատէ իր մեկնումը հաստատել.

-Քանի որ այնքան երջանիկ էք հրաժարելով եւ միայն ձեր հոգիով զբաղելով, կը խորհիմ որ ինծի ալ այդ երջանկութիւնը պարգեւէք:

Բայց իբր պատասխան կ’ընդունի համբերութեան յորդորը:

Տէր Թոգանիէ՝ ժողովրդապետի նոր օգնականը, կը հասնի Արս 1853ին: Միեւնոյն ատեն հոն կը ժամանեն թեմական առաքեալները: Ժողովուրդը եւ բարեկամները շատ կ’ուրախանան, որովհետեւ կը խորհին թէ այսպէսով Տէր Վիաննէ ինքզինքը ուժով պիտի զգայ եւ մեկնելու պատճառ պիտի չունենայ:

Աւա՜ղ, ճիշտ հակառակը կը պատահի: Տէր Վիաննէ տեսնելով որ իր հօտը լաւ ձեռքերու մէջ է, ինքզինքը ազատ կը զգայ մեկնելու:

Կ’ըսէ Գաթերին Լազանի.

-Ծրագիրս է Լիոն քաշուիլ՝ քեռայրիս մօտերը: Անկէ ետք հաստատուիլ փեր Մարիստներու մէկ տունը, ուր իմ մէկ դասընկերը՝ Հայր Գոլէն պատրաստ է զիս ընդունելու:

Այս ուղղութեամբ նամակ մը կը գրէ Գերպ. Շալանտոնի եւ կը յանձնէ Գաթերինի որպէսզի ամէն ինչ օրինաւոր ըլլայ:

Իրականին մէջ ինք պայմանագրութիւն մը կնքած կը նկատէ, մինչ եպիսկոպոսը շատ հեռու է ստորագրելէ: Չ’ուզեր որ Վիաննէ թողու իր գիւղը:

Եւ արդարեւ այդ նամակը չի մեկնիր: Գաթերին խոհեմութեամբ կը պահէ զայն սպասելով յաջորդ դէպքերուն: Եւ հակառակ իր խոստումին չի կրնար ինքզինքը զսպել եւ Կիրակի իրիկուն ժամը իննի մօտերը ձայն կու տայ ֆրերներուն: Անոնք կ’իմացնեն Տէր Թոգանիէին:

Կէս գիշերի մօտերը ժողովրդապետը կ’ուզէ դուրս ելլել ու մեկնիլ, բայց կը հանդիպի պզտիկ խումբի մը որ արգելք կ’ըլլայ: Տէր Թոգանիէ կը ջանայ համոզել զինքը, բայց անօգուտ: Մութիւն մէջ կը սկսի քալել. միւսներն ալ իրեն կը հետեւին: Այն ատեն Տէր Թոգանիէ ճարպիկութիւն մը կ’ընէ: Վարդապետին օգնելու պատրուակով, մէկը ձեռքէն առած է ժամագիրքը. տէր Թոգանիէ կ’առնէ այդ աղօթագիրքը եւ ծածուկէն քահանայատուն կը ղրկէ: Յետոյ կ’ըսէ Վիաննէի թէ չի կրնար մեկնիլ առանց իր ժամագիրքին: Խեղճ սուրբը կը խռովի եւ ընելիքը չի գիտեր: Այդ վայրկեանին Եղբ. Աթանաս իբր ահազանգ, եկեղեցւոյ զանգը կը հնչեցնէ: Ժողովուրդը կը վազէ: Հասկնալով խնդիրը, կը պաշարեն առաջնորդարանը: Կիները տուն կը ճամբեն, իսկ այրերը ամուր պարիսպ մը կը կազմեն վճռած՝ չթողուլ որ մեկնի իրենց հովիւը:

Տէր Թոգանիէ միշտ կը ջանայ համոզել զինքը: Գաթերին կը վկայէ.

-Վարդապետը ուրիշ բան չէր ըսեր եթէ ոչ. ‘Թողուցէք որ երթամ’ եւ ինծի այնպէս կը թուէր որ կու լար:

Խորապէս յուզուած ու խռոված այնքան աղաչանքներէն, հուսկ տեղի տուաւ եւ ըսաւ.

-Բացէ՛ք դռները. կ’ուզեմ եկեղեցի երթալ:

Հոն ծունկի եկաւ Ս. Հաղորդութեան առջեւ եւ երկա՜ր աղօթեց: Յետոյ, օրօրուն քայլերով ուղղուեցաւ դէպի իր սովորական խոստովանարանը…:








All the contents on this site are copyrighted ©.