2010-03-02 16:46:00

Լուրեր հայկական կեանքէն


Ուինտոուզ 7ի հայերէն տարբերակը

Հայաստանի մէջ Մայքրոսոֆթ ընկերութեան ներկայացուցիչ Կրեկորի Բարսեղեան Փանարմինիըննեթ լրատուական կայքէջի լրագրողին յայտնած է, թէ Մայքրոսոֆթ ուինտոուզ 7ի հայերէն տարբերակի աշխատանքները կը մօտենան իրենց աւարտին։ Ըստ անոր, ընկերութիւնը ներդրումներ կը կատարէ Windows XP, Windows Vista եւ MS Office 2007-ի տեղայնացման համար։ Արդէն սկսած են MS Office 2007 եւ MS Office 2010-ի հայացման աշխատանքները։ Ծրագիրներու ծրարներու երկու տարբերակներուն մէջ ալ պիտի ներառուի հայերէն ուղղագրութիւնը 90 առ հարիւր ճշգրտութեամբ ստուգող ծրագիրը (Արմինիըն սփելչեքըր), ըսած է Բարսեղեան։

Վահան Տէրեանի ծննդեան 125-ամեակին նուիրված միջոցառումներ

Հայ մեծանուն բանաստեղծ Վահան Տէրեանի ծննդեան 125-ամեակին նուիրուած միջոցառումներու շարքին կը նախատեսուի հրատարակել ՜՜Տէրեան՝՝ 900 էջնոց հանրագիտարան՝ 57 մամուլ ծաւալով ուր ներառուած պիտի ըլլան մեծ բանաստեղծին մօտ 700 նկարները եւ ստեղծագործական, հասարակական-քայաքական ողջ կեանքը, սկսած իր նախնիներէն մինչեւ իր ապրած վերջին օրերը։ Ինչպէս ըսինք բազմաբնոյթ միջոցառումներ կը նախատեսուին ԵՊՀ-ի, Հայաստանի գրողներու միութեան, Չարենցի անուան գրականութեան հիմնարկի, գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի եւ Վահան Տէրեանի անուան դպրոցին մէջ։ Նաեւ պիտի սահմանուին Տէրեանի անուան կրթաթոշակներ բարձրագոյն ուսմանց աշակերտներուն համար։ Իսկ Հայաստանի դպրոցներուն մէջ տեղի պիտի ունենան Յոբելեարին նուիրուած շարադրութեան մրցոյթներ: Երեւանի մէջ կայանալիք միջոցառումներէն բացի, 24 Յուլիսին կը նախատեսուի նաեւ բանաստեղծի ծննդավայրին մէջ` Գանձայի մէջ,, նշել անոր Յոբելեանը, որմէ ետք ալ հանդիսաւոր նիստ:

Թիֆլիսի եւ Օրենբուրգի մէջ եւս կը յայտարարուի «Տէրեանական օր:

Կը նախատեսուի է նաեւ ստեղծել Տէրեանի թանգարան, ուր վերջապէս կ՝ամփոփուի Տէրեանի ողջ ժառանգութիւնը: Հիմնական միջոցառումները կեզրափակուին Ալ. Սպենդիարեանի անուան օՓերայի եւ Պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ, Յոբելինական նիստով եւ գեղարուեստական մասով, ներառուած Տէրեանի ստեղծագործութիւններու հիման վրայ գրուած երգերու կատարումներ, եւ բանաստեղծական մեկնաբանութիւններ: Նշենք, որ Հ Հ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորութեամբ կազմուած է Յոբելինական յանձնաժողով մը ՜՜Վահան Տէրեանի ծննդեան 125-ամեակի կապակցութեամբ՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.