2010-03-02 16:44:35

Lուրեր հայ եկեղեցիէն


Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդը ընտրուած է Իրաքի քրիստոնեայ համայնքներու հոգևոր առաջնորդներու խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար



Իրաքի քրիստոնեայ համայնքներու հոգևոր առաջնորդներու ժողով , Իրաքի հայոց թեմին մէջ։

Վերջերս Պաղտատի Ս Կարապետ հայկական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Իրաքի քրիստոնեայ համայնքներու հոգևոր առաջնորդներու ժողովը, որուն արդիւնքներէն մէկը եղաւ Իրաքի քրիստոնեայ համայնքներու հոգևոր առաջնորդներու խորհուրդի ստեղծումը ։

Խորհուրդին մաս կը կազմեն 2 պատրիարքներ, 26 արքեպիսկոպոսներ և եպիսկոպոսներ՝` ներկայացնելով Իրաքի մէջ առկայ 30 քրիստոնէական-եկեղեցական համայնքերը։

Միաձայն քուէարկութեամբ ՜՜Խորհուրդի գլխավոր քարտուղար՝՝ ընտրուած է Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդը՝ Աւագ արքեպիսկոպոս Ասատուրեան։

Նորաստեղծ Խորհուրդի նպատակն է համատեղել ՜՜Եկեղեցիներու և Պետութեան՝՝ վերաբերող խնդիրները, Իրաքի Եկեղեցիներու կարծիքները, դիրքորոշումները և որոշումները ՜՜ պահպանելու և զօրացնելու համար քրիստոնէական ներկայութիւնը և խթանելու համագործակցութիւնը, ինչպէս նաև աշխուժացնելու միջկրօնական երկխօսութիւնն ու յարաբերութիւնները։

Ս Թովմաս առաքեալի բարձրագոյն կարգի շքանշան Արամ Ա կաթողիկոսին

Ընդառաջելով Հնդկաստանի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ՝ Պասիլիոս Մարթոմա Տիտիմոս Ա. կաթողիկոսի հրաւէրին, Արամ Ա կաթողիկոս, Երեքշաբթի, 23 փետրուար 2010-ին հնգօրեայ այց կատարեց Հնդկաստան։ Հնդկաստան կեցութեան ընթացքին Վեհափառը այցելեց զանազան շրջաններ, հանդիպումներ ունեցաւ հոգեւոր պետերուն հետ, ինչպէս նաեւ դասախօսութիւններ տուաւ։ Արամ Ա կաթողիկոս եւ իր շքախումբի անդամներ՝ Սեպուհ արք Սարգիսեան եւ Նարեկ եպս Ալեէմէզեան մասնակցեցան Ս Դիոնիսիոսի տօնին առիթով մատուցուած սուրբ պատարագին, որուն ընթացքին խուռներամ հաւատացեալներուն իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց վեհափառը եւ անդրադարձաւ հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ քրիստոնէական առաքինութիւններուն։ Վեհափառին ձեռամբ կատարուեցաւ հիմնօրհնէքը Հնդիկ ուղղափառ եկեղեցւոյ դպրեվանքի մատուռին եւ հանդիսասրահին, Ս Թովմաս Մայր տաճարին

Ի պատիւ Վեհափառին տեղի ունեցաւ ժողովրդային պաշտօնական հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին Փաուլոս Մար Միլիթիոս կաթողիկոսը, Հնդկաստանի ուղղափառ եկեղեցւոյ Ս Թովմաս առաքեալի բարձրագոյն կարգի շքանշանով պարգեւատրեց Արամ Ա կաթողիկոսը։ Քէյվի Թոմաս պետական նախարարը յատկապէս ժամանած Նիւ Տելհիէն ողջունեց վեհափառը՝ իբրեւ պետական հիւր, եւ փոխանցեց Հնդկաստանի պետութեան բարեմաղթութիւնները։ Շնորհաւորական խօսքերով հանդէս եկան նաեւ զանազան Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ եւ անդրադարձան վեհափառի միջեկեղեցական վաստակին։ Իր խօսքին մէջ, Արամ Ա կաթողիկոս ընդգծեց աւանդութեան կարեւորութիւնը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ եւ լուսարձակի տակ բերաւ Հայկական ջարդը։








All the contents on this site are copyrighted ©.