2010-03-01 15:44:17

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը

Երկուշաբթի` մէկ Մարտ 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց

Ուկունտայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ` եկած կատարելու՝ հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Ս. Պետրոսի յաջորդին, ապա Նորին Սրբութիւնը ընդունեց գերապայծառ Ժիւլեան Պառիօ-ն՝ առաջնորդը Սպանիայի Սանդիակօ տէ Գոմբոսդելա թեմին։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին շնորհաւորական պատգամը Կ.Պոլսոյ պատրիարքի ծննդեան 70 ամեակին առթիւ։



Սրբազան Քահանայապետը անգլերէն լեզւով ուղղած իր շնորհաւաորական պատգամին մէջ Բարդողոմիոս Ա պատրիարքին ծննդեան 70 ամեակին առթիւ կը գրէ թէ ՜՜Աստուծոյ Հոգին կը շարունակէ լուսաբանել եւ ցոյց տալ ճանապարհը յառաջանալու Եկեղեցւոյ միութեան կատարեալ հաստատման, որ Քրիստոս ուզած է իր բոլոր աշակերտներուն համար՝՝։

Բարդողոմիոս պատրիարքը ծնած է 29 փետրուար 1940ին Թուրքիոյ Իմբրոս կղզին։

Նորին Սրբութիւնը իր ջերմագին մաղթանքները կը յայտնէ Բարդողոմիոս Ա պատրիարքին եւ կը վերակոչէ իրենց հաճելի ու գեղեցիկ հանդիպումները, մասնաւորապէս Նորին Սրբութիւնը կ'անդրադառնայ ֆանար կատարած այցելութեան, 30 նոյեմբեր 2006ին.

Նոյնպէս կարտինալ Քասբեր` նախագահը եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին, անցեալ փետրուար 23ին շնորհաւորական հեռագիր մը յղած է Բարդողոմիոս Ա պատրիարքին։

Յայտնենք թէ Բարդողոմիոս պատրիարքը պատւոյ գահերէցն է շուրջ 300 միլիոն օրթոտոքս հաւատացեալներու։ Կաթողիկէ եւ օրթոտոքս եկեղեցիներու միջեւ բաժանումը տեղի ունեցաւ 1504ին։



Սրբազան Քահանայապետին կոչը Չիլիի երկրաշարժի աղէտեալներուն։

Չիլիի մէջ երկիրը կը շարունակէ ցնցուիլ մահաբեր երկրաշարժի հետեւանքով։ Զոհերու թիւը ներկայիս կը հասնի 700ի։ Կիրակի օրը, Մարեմեան Հրեշտակ Տեառն աղօթքին ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու՝ Չիլիի զոհերուն համար եւ խնդրեց միջազգային հասարակութենէն որ օգնութեան հասնին աղէտեալներուն։ Աստուծմէ կը հայցեմ , ըսաւ Սրբազան Հայրը, որ ամոքէ աղէտեալներու տառապանքը եւ քաջութիւն տայ դիմագրաւելու դժուարութիւնները։

Նոյնպէս Նորին Սրբութիւնը իր ցաւը յայտնեց Իրաքի Մուսուլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած քրիստոնեաներուն սպաննութեան համար ։ ՜՜Մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւիմ Իրաքի այլ վայրերու մէջ քրիստոնեաներու դէմ տեղի ունեցող բռնարարքներուն ՝՝ ըսաւ սրբազան Հայրը աւելցնելով՝ իմ աղօթքս կը բարձրացնեմ Աստուծոյ, զոհերուն համար. նաեւ մօտիկութիւնս ու զօրակցութիւնս կը յայտնեմ Իրաքի քրիստոնեաներուն։ Մի յոգնիք ըլլալու խմորը ընկերութեան եւ աշխատեցէք անոր բարիքին ու բարգաւաճումին համար. դուք Իրաքի քրիստոնեաները՝ դարաւոր բնակիչները այդ հայրենիքին։ Միաժամանակ կոչ կ'ուղղեմ Իրաքի իշխանութեան որպէսզի իր կարելին ընէ պաշտպանելու՝ երկրի փոքրամասնութիւնները։

Նորին Սրբութիւնը միջազգային հասարակութենէն խնդրեց որ օգնէ որպէսզի Իրաքի կառավարութիւնը կարենայ հաշտութիւնը ու արդարութիւնը հաստատել երկրին մէջ։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը օրհնեց Ս. Պետրոս հրապարակը հաւաքուած իրաքցիները։








All the contents on this site are copyrighted ©.