2010-03-01 15:49:15

Լուրեր հայ աշխարհէն


Մայրենի լեզուի օրուան առիթով՝ Կարօ Առաքելեան պարգեւատրած է Մովսէս Խորենացի մետալով։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 22 փետրուարին հրապարակուած հրամանագիրով մը Մովսէս Խորենացի մետալով պարգեւատրած է Հայկազեան համալսարանի երկարամեայ դասախօս Կարօ Առաքելեանը, Մայրենի լեզուի օրուան առիթով՝ հայ ինքնութեան պահպանման եւ սփիւռքահայ գաղթօճախներուն մէջ հայոց լեզուի զարգացման իմաստով իր ունեցած մեծ աւանդին համար։ Նոյն առիթով՝ Մովսէս Խորենացի մետալներու արժանացած են Վրաստանէն Ռոզա Զոհրապեան , Արժանթինէն Պետրոս Հաճեան , Սուրիայէն Կարապետ Ճուհարեան եւ Իրանէն՝Նորիկ Միքայէլեան։



Հայ-Սուրիական Գործարար Համաժողով Հալէպի Մէջ։

Սուրիոյ հայաշատ քաղաք Հալէպի մէջ 22-23 Մարտ տեղի պիտի ունենայ հայ-սուրիական գործարար համաժողով մը: Նոյն օրերուն, ըստ համաժողովի կազմակերպիչ Հայաստանի հանրապետութեան առեւտրա-արդիւնաբերական պալատի լրատուական ծառայութեան ղեկավար Վրէժ Սարուխանեանին, պիտի կայանայ նաեւ Հայ-սուրիական գործարար խորհուրդին նիստը: Համաժողովի եւ նիստի ընթացքին պիտի քննարկուին երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր՝ սննդարդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, դեղագործութեան, բժշկութեան, զբօսաշրջութեան, կրթութեան եւ գրահրատարակչութեան, ոսկերչութեան ու արհեստագործութեան բնագաւառներուն վերաբերեալ: Կը նախատեսուի Հալէպի մէջ կազմակերպել նաեւ հայկական արտադրութիւններու՝ ցուցահանդէս:

Սուրիական կողմէն համաժողովին պիտի մասնակցին համապատասխան ոլորտներու առաջատար ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք շահագրգռուած են Հայաստանի գործարարներու հետ տնտեսական նոր կապերու ստեղծումով:

Համաժողովի կազմակերպչական աշխատանքներով կը զբաղի նաեւ Հալէպի առեւտուրի պալատը:



Պերլինի Հայ Համայնքին Երգչախումբի Մասնակցութիւնը «Մշակոյթներու Երկխօսութիւն» նախագիծին

Պերլինի երաժշտական սրահին մէջ Մարտ 1ին, կը կայանայ տեղւոյն Հայ եկեղեցական եւ մշակութային համայնքի նորաստեղծ երգչախումբին համերգը:

«Մենք Պերլինի եշաժշտական սրահէն «Մշակոյթներու երկխօսութիւն» նախագիծին մասնակցելու հրաւէր ստացանք եւ ընդունեցինք զայն, որովհետեւ անիկա այլ երկիրներու եւ ժողովուրդներու մշակոյթին ծանօթանալու լաւ ձեւ է», այսպէս նշած է Պերլինի եւ հիւսիսային Գերմանիոյ Հայ եկեղեցական ու մշակութային համայնքի հոգեւոր առաջնորդ, վարդապետ Եղիշէ Աւետիսեանը, ըստ որուն, համերգին պիտի մասնակցին Գերմանիոյ քրտական եւ ասորական համայնքներու երգչախումբերը եւս:

Երգչախումբի ղեկավարը՝ Սեդա Պեշիկթաշլեան յայտնած է «Մենք կը կատարենք Կոմիտասին երգերը եւ յոյս ունինք, որ կ՛ընդլայնի մեր երգացանկը: Բացի ասկէ, հնարաւոր է համերգին «Armenian Navy Band» խումբի ղեկավար Արդօ Թունչպոյաճեանի մասնակցութիւնը. մենք միասին պիտի կատարենք քանի մը երգ, բայց տակաւին յայտնի չէ, թէ՝ ո՛ր լեզուով»։



«Հայ Մանկավարժ» ուսումնագիտական պարբերաթերթի շնորհանդէսը Պէյրութ, Լիբանան

«Հայ Մանկավարժ» ի նախաձեռնողն է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Ս. Գր. Նարեկացի Կեդրոնի Դպրոցական Հայագիտութեան Զարգացման Գրասենեակը:

«Հայ Մանկավարժ»ին, շնորահանդէսը տեղի ունեցաւ Պէյրութի Էշրէֆիէի ՀԿՄ-ի «Արարատեան» սրահին մէջ 19 Փետրուար 2010-ին հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին ։Հանդիսութիւնը կազմակերպած էր նշեալ պարբերաթերթի հրատարակիչ մարմնի տնօրէնութիւնը: Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ կողքին, ներկայ եղան Արհ. Հայր Վարդան եպս. Աշգարեան, Գեր. Հ. Միքայէլ Թ. Ծ.Վ.Մուրատեան` Մեծաւոր Զմմառու վանքին, Վերապատուելի Քիլաղպեան, Վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեան` նախագահը Հայկազեան Համալսարանի, Գերյ. Հայր Անդրանիկ Ծ.Վ. Կռանեան` գլխաւոր խմբագիր Մասիս շաբաթաթերթին, Հայ կաթողիկէ հոգեւորականներ, Անարատ Յղութեան Միաբանութեան հայ քոյրեր, լիբանանահայ կրթական մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, վարժարաններու տնօրէններ եւ ուսուցիչներ, մամուլի աշխատակիցներ եւ բարեկամներ: Այս նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ դպրոցական հայագիտութեան զարգացման նպատակով Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին կողմէ նոր հիմնադրուած յատուկ գրասենեակի տարած աշխատանքներուն ըսած է պարբերաթերթին տնօրէնը Վարդան Թաշճեան. նորահաստատ հանդէսը, կը միտի մանկավարժական եւ ուսումնագիտական պիտանի նիւթեր ներկայացնել հայկական կրթական հաստատութիւններու պատասխանատուներուն եւ ուսուցիչներուն, նաեւ հայ ծնողներուն, առ ի աջակցութիւն` հայկական դպրոցներու մէջ մանկավարժական գործի զարգացման ուղղուող ջանքերուն։ Ան յայտնեց, որ պարբերաթերթը կոչուած է նաեւ ըլլալու հանդիպման եւ քննարկումներու միջավայր մը` հայ ուսուցիչներու, հայոց լեզուի եւ հայագիտական այլ նիւթեր դասաւանդող մասնագէտներու, սփիւռքի մէջ դպրոցական հայագիտութեան խնդիրներով հետաքրքրուած գիտական եւ մտաւորական հանրութեան ներկայացուցիչներուն համար: «Հայ Մանկավարժ»ը շփումներ հաստատած է սփիւռքեան տարբեր համայնքներու մէջ ապրող մասնագէտներու հետ` ապահովելու համար անոնց ներդրումը այս ծրագրին, ինչպէս նաեւ ցանկութիւն ունի համագործակցութեան հորիզոններ բանալու Հայաստանի համապատասխան կառոյցներուն հետ, որոնք այս իմաստով արդէն իսկ գործակցութեան պատրաստակամութիւն արտայայտած են։

«Հայ Մանկավարժ»ի պատասխանատու խմբագիրն է Գեր. Հ Վարդան վրդ. Գազանճեան։ Նորաստեղծ հանդէսը, Հայր Գազանճեանի համաձայն, կը միտի սատարել հայ մանկավարժին՝ անոր տալով իր մարզին վերաբերող գիտական, մանկավարժական տեղեկութիւններ, խորանալու առիթներ, որպէսզի ան իր կարգին սերունդներուն փոխանցելու եւ զանոնք դաստիարակելու կարողականութեամբ զինուած ըլլայ։ Հայր Վարդան հրաւէր ուղղեց մանկավարժներուն եւ ուսուցիչներուն՝ գաղափարներով, առաջարկներով, գրութիւններով կամ այլապէս` համագործակցելու եւ իրենց ներդրումը ունենալու «Հայ Մանկավարժ»ի կայացման մէջ, հաւաստիացնելով, որ սոյն հրատարակութիւնը` ուղղուած ըլլալով ընդհանրական նպատակներու, կարիք ունի ընդհանրական ջանքերու եւ մասնակցութեան:




 

Օրուան գլխաւոր բանախօսը, վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, նախագահը՝ Հայկազեան համալսարանին իր խօսքի սկիզբին այս հանդէսը նկատեց «վերածնունդի մը շնորհաւորելի խոստում մը» ան ծանրացաւ հինգ հիմնական կէտերու վրայ, որոնք հարցադրումներ եւ նոյն ատեն մարտահրաւէրներ են` ուղղուած «Հայ Մանկավարժ»ին ։ Ան մանկավարժութեան հիմնական հինգ հարցերը նկատեց մանկավարժին ինքնութիւնը (լեզուն, լեզուական հարցերը, երեւակայութեան սահմանները, ինքնագիտակցութիւնը), կոչումն ու հոգենպաստ առաքելութիւնը (հոգեկան նուիրումը, հաւասարակշռութիւնը), պատրաստուածութիւնը (մթնոլորտը), աշխատանքի դաշտը (ներքին եւ արտաքին իմաստով, ծառայութիւնը, մարզը) եւ ընթացքը (աճն ու զարգացումը, կենցաղն ու մանկավարժին արժեչափերը)։ եւ իր խօսքը աւարտեց յաջողութիւն մաղթելով «Հայ Մանկավարժ»ին` հայ մանկավարժներու զարգացման ուղղուած աշխատանքին մէջ։ Իր Սրտի խօսքը խօսքը փոխանցելու համար բեմ հրաւիրուեցաւ, ինչպէս ներկայացման ընթացքին որակուեցաւ` «Սփիւռքահայ մամուլի նահապետը եւ մեծաւորը»` Հայր Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեան: Հայր Կռանեան «Հայ Մանկավարժ»ի հրատարակութեան լծուած անձնակազմը նկատեց ռահվիրաներ, որոնք ճամբայ կը բանան ու կը լուսաւորեն։ Ան աւելցուց, որ այդուամենայնիւ սկսուած աշխատանքը կիսատ պիտի մնայ, եթէ անոր հետեւողներ եւ անով զօրակցողներ գոյութիւն չունենան։ Ան ըսաւ, թէ զինուորը ունի իր զօրանոցը՝ հարց տալով, որ դաստիարակն ալ ունի՞ իր զօրանոցը։ Այս հարցումը հայր Անդրանիկ Կռանեան մարտահրաւէր նկատեց «Հայ Մանկավարժ»ին, որովհետեւ, ըստ անոր, այսօր մեծ են դժուարութիւնները, սերունդներու մտայնութիւն փոխելու խնդիր կայ, պէտք է պայքարը այնպէս մը ծաւալել, որ այսօրուան ցանածները վաղը հնձելու կարելիութիւն ու մարդուժ ստեղծուի։ Ան յոյս յայտնեց, որ մանկավարժական եւ ուսուցչական ասպարէզին մէջ գործողները ոչ միայն կարդան «Հայ Մանկավարժ»ին նիւթերը, այլ իրենց առօրեային մէջ գործնականացնեն զանոնք, որպէսզի հանդէսը իր նպատակին ծառայած ըլլայ։ Հանդիսութեան մասնակիցները սրահէն մեկնեցան իրենց հետ տանելով օրինակներ «Հայ Մանկավարժ»ի առաջին համարէն` տրամադրուած հրատարակիչ մարմնին կողմէ, որուն համար այսուհետեւ խիստ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ կապը հայ մանկավարժական հանրութեան ներկայացուցիչներուն հետ` ի խնդիր պարբերաթերթի կայացման եւ անոր հետապնդած նպատակներուն իրականացման:








All the contents on this site are copyrighted ©.