2010-02-28 10:01:31

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՏԵՂԱԿԱԼԸ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁԱԳԷՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ


ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՏԵՂԱԿԱԼԸ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁԱԳԷՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Հայաստանի սփիւռքի նախարարին տեղակալը ընդունած է Եւրոպական միութեան գաղթականներու հարցերով յանձնախումբի փորձագէտները։Տեղակալ Ստեփան Պետրոսեան հիւրերը ողջունելէ ետք ներկայացուցած է սփիւռքի նախարարութեան դիրքորոշումը՝ գաղթականներու եւ հայրենադարձութեան վերաբերեալ։ Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է գաղթականներու ստեղծման պատճառներուն, հանգրուաններուն, գաղթականներու եւ հայրենադարձներու միջեւ եղած տարբերութիւններուն, աշխատանքի նպատակով գաղթածներուն եւ արտերկրի մէջ մնայուն բնակութիւն հաստատածներուն կարգավիճակի տարբերութեան։Տեղակալը նաեւ ընդգծած է, որ պէտք է նկատի առնուի հայ համայնքներու տարբերութիւնները, որպէսզի աւելի դիւրանայ յարաբերութիւն հաստատելը։ Անդրադառնալով 2008-ին Երկքաղաքացիութեան մասին Հանրապետութեան ընդունած օրէնքին՝ Ս Պետրոսեան դիտել տուած է, որ հազարաւոր սփիւռքահայեր Հայաստանի քաղաքացիութեան տիրացած են։








All the contents on this site are copyrighted ©.