2010-02-27 13:25:39

 Վերջ գտաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին քառասնորդացի հոգեւոր կրթութիւնը


Վերջ գտաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին քառասնորդացի հոգեւոր կրթութիւնը
Մէկ շաբաթուայ հոգեւոր կրթութենէ ետք, շաբաթ առաւօտ, Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութեան խօսք մը ուղղեց քարոզիչ վարդապետին, առաւօտեան ժամասացութեան աւարտին։
Հոգեւոր կրթութեան նիւթը եղաւ. ''Առաջին սարկաւագներու կոչը'' ներշնչուած՝ Գործ Առաքեալներու Գիրքէն։
Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ ըսաւ. Հոգեւոր կրթութեան մասնակցող՝ բոլոր հայրերուն անունով կ'ուզեմ շնորհակալութեան խօսք մը ուղղել սիրելի Հայր Էնրիքոյին, որ իր ջերմ ու լիիմաստ խորհրդածութիւններով առաջնորդեցին մեզի դէպի Քրիստոս, ընդգծելով անհրաժեշտութիւնը պատրաստ ըլլալու անսալու Աստուծոյ խօսքը։ Ղուկաս առաքեալը իր աւետարանին մէջ կը գրէ. Ս. Կոյս Մարիամ Աստուծոյ խօսքը կ'անսար ու իր սրտին մէջ կը պահէր։ Հայր Էնրիքօն իր խորհրդածութիւններու մէջ մեզի ցոյց տուաւ եկեղեցւոյ հինգ Հայրեր, որպէս օրինակ ճշմարիտ քահանայութեան, սկսելով՝ Անտիոքի Ս. Ինքնատիոսէն մինչեւ բոլորիս սիրելի Աստուծոյ ծառայ՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը։ Այսպէսով, ըսաւ Սրբազան Հայրը, ըմբռնեցինք թէ ի՞նչ կը նշանակէ քահանայ ըլլալ եւ քահանայ մնալ, ընդգծելով թէ ձեռնադրութեամբ կանչուած ենք Աստուծոյ Աւետարանը քարոզելու։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, այս օրերուն Աստուծոյ օգնութեամբ խորացուցինք իմաստը մեր ձեռնադրութեան եւ նոր քաջութեամբ կ'ուզենք դիմագրաւել մեր առաքելութիւնը։ Թող Տէրը օգնական ըլլայ մեզի եւ շնորհակալ եմ հայր Էնրիքօյի սատարին։







All the contents on this site are copyrighted ©.