2010-02-26 14:37:59

Սումկայիթի եւ Պաքուի ջարդերու նախօրեակին...


Սումկայիթի եւ Պաքուի ջարդերու նախօրեակին...

1988էն ի վեր, ամէն տարի Փետրուար 28ին ամբողջ հայութիւնը կը յիշէ ատրպէյճանական Սումկայիթ քաղաքի խաղաղ հայ բնակչութեան դէմ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու եւ քրէական տարրերու կողմէ կազմակերպուած եւ իրագործուած արիւնալի ոճիրը։ Սումկայիթի դէպքերը ազդարարեցին Ատրպէյճանի մէջ հակահայկական հալածքներու ու բռնութիւններու աննախադէպ նոր ցեղասպան ալիքի սկիզբը։ Այդ ալիքի զոհը դարձաւ Կիրովապատի, Ղազախի, Խանլարի, Դաշկեսանի, Մինգեչաուրի եւ Պաքուի ու այլ բնակավայրերու հայութիւնը։ Փախստական դարձաւ Ատրպէյճանի մէջ ապրող հայութիւնը ու իր օրինական իրաւունքներն ու շահերը մոռացութեան մատնուեցան։

Ներկայիս կը գտնուինք Սումկայիթի եւ Պաքուի ջարդերու օրուան նշումի նախօրեակին, յայտնենք թէ Ազրպէյճանը, Խոջալուի ընդհարումներու ներկայացումը աղաւաղելով, եւ քանիերորդ տարին ըլլալով, կը փորձէ միջազգային հանրութեան կարծիքը ապակողմնորոշել եւ Խոջալուով Սումկայիթը շուքի մէջ ձգել, շրջանցել, ու մոռացութեան տալ։ Ասիկա ՜՜Ժխտողականութեան՝՝ տարբերակ մըն է։ Ազրպէյճանական տարբերակ, որ ընդհարումները իբրեւ ջարդ ներկայացնելով, կը միտի անուշադրութեան մատնել բո՛ւն ոճրագործութիւնը՝ Սումկայիթը։

Պետական-հասարակական գերզգօն վիճակ պէտք է այս օրերուն։ Հայկական կողմը, իր կարգին, տեղեկատուական պարտադրուած այս պատերազմին մէջ նախաձեռնողականութիւն ցուցաբերելու բոլոր պատճառները ունի։ Նախ, ի հարկէ, Սումկայիթի եւ Պաքուի ոճրագործութիւնները ի յայտ բերելու բերելու, միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելու ճիշդ ու առարկայական կողմնորոշման, եւ ապա նախապատրաստուելու՝ դէպքերու ներկայացման ձեւախեղման հակազդելու, հերքելու, ապատեղեկատուութիւնը չէզոքացնելու։

Ի տարբերութիւն թրքական դիւանագիտական ներկայացուցչութեան (որ կը նախընտրէ լուռ մնալ հայկական կողմի յայտարարութիւններուն դիմաց) ազրպէյճանական դիւանագիտութիւնը շրջանին մէջ յայտնուած է աշխուժ ապատեղեկատուութիւն տարածելու ընթացքին մէջ։ Պարզ էր, որ Սումկայիթի ջարդերուն նախօրեակին աւելի պիտի զգացուէր այս աշխուժութիւնը։ Ճիշդ այստեղ է եւ այս հանգրուանին, որ պիտի երեւի հայկական նախաձեռնողականութիւնը։ Սումկայիթի ոճրագործութիւնները ի յայտ բերելու եւ Խոջալուի ընդհարումներուն ճիշդ պատկերը ներկայացնելու։ Առանց սպասելու ազրպէյճանական յաւելեալ սուտ եւ սխալ յարձակումներու։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.