2010-02-26 14:36:52

Էջ մը հայ երաժշտութենէն


Արուեստի եւ յատկապէս երաժշտութեան անժխտելի ազդեցութիւնը մարդկային հոգիին վրայ

Մարդկային դարաւոր փորձը կը վկայէ, որ երեւոյթները կարժեւորուին ոչ այլ կերպ, քան՝ մեր վրայ անոնց ձգած ազդեցութեան չափով։ Այդպէս է կեանքի իւրաքանչիւր ասպարէզի համար՝ ըլլայ նիւթական, ըլլայ հոգեւոր ոլորտի (հոգեւոր՝ ոչ անպայմանօրէն կրօնական իմաստով)։

Երբ այդ ազդեցութիւնները ժխտական են, բնական հակազդեցութիւնը պաշտպանական հնարաւոր քայլերու մղումն է, իսկ երբ ազդեցութիւնները դրական են, մարդկային միտքը պատրաստ է դարձեալ անդին անցնիլ կրաւորական կեցուածքէ եւ այդ դրական ազդեցութիւնը ծառայեցնել իր նպատակներուն։

Ահա այս դիտանկիւնէն կուզէինք նայիլ այսօր արուեստի բոլոր տեսակներուն, որոնք որպէս հոգեւոր ստեղծագործութիւններ՝ ունին իրենց անժխտելի ազդեցութիւնը մարդկային հոգիին վրայ։ Բայց խնդիրն այն է, թէ այդ հոգեւոր ազդեցութիւնը որքանո՞վ կրնայ փոխանցուիլ նիւթական մարդուն, նաեւ (ինչո՞ւ չէ) ոչ միայն նիւթական մարդուն, այլ ուղղակի նիւթին՝` ծառին ու ծաղիկին, ջուրին ու քարին, եթէ նկատի ունենանք, որ թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ հոգեւոր ոլորտներու համար ոչինչ առանց պատճառի է եւ ոչինչ կրնայ մնալ առանց հետեւանքի, ընդ որում՝ երկու ոլորտներն ալ փոխազդելի են։ Սակայն երաժշտութիւնը, ի տարբերութիւն տարածական բնոյթ ունեցող արուեստներու, ժամանակային բնոյթ ունի ան թէեւ նիւթական է ձայնային իր հիմքով, բայց անշօշափելի ու անմերձենալի՝ իր կենսակերպով ու կենսատու հոգեկանութեամբ՝ մարդու հոգիին պէս։ Այդ նմանութեամբ պայմանաւորուած է երաժշտութեան ամենահասանելիութիւնը իւրաքանչիւրիս հոգիին։








All the contents on this site are copyrighted ©.