2010-02-26 13:46:26

Ակնարկ Մը Ազգային եւ Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային եւ Միջազգային Դէպքերուն։
ՄԱԿ-Ի ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ՝ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՋԱՐԴԵՐՈՒ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԻԹՈՎ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Սումկայիթի եւ Պաքուի մէջ հայ բնակչութեան դէմ իրագործուած ջարդերու տարելիցին առիթով ՄԱԿ-ի մէջ՝ իբրեւ այդ կազմակերպութեան պաշտօնական փաստաթուղթ, տարածուած է ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Կարէն Նազարեանի նամակը՝ ուղղուած ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին։ Նամակին մէջ ներկայացնելով միջազգային հանրութեան ապա-կողմնորոշելու նպատակով Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ շարունակաբար տարածուող աժան քարոզչութիւնն ու ստայօդ փաստերը՝ դեսպանը կը նշէ, որ Ազրպէյճան ինքզինք կը շարունակէ ներկայացնել իբրեւ ՝՝հայկական նախայարձակումի՝՝ զոհ՝ այդ նպատակով աղաւաղելով ոչ միայն աշխարհին յայտնի ողբերգական դէպքերը, այլեւ՝ ժամանակի ազրպէյճանական աղբիւրներուն վկայակոչումները։ Դեսպան Նազարեան, մասնաւորաբար, կը մէջբերէ Ազրպէյճանի նախկին նախագահ Այազ Մութալիպովի յայտնի հարցազրոյցը, որուն մէջ, անդրադառնալով Խոջալուի դէպքերուն, Մութալիպով կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս Ազրպէյճանի ընդդիմութիւնը եւ ոստիկանութիւնը խոչընդոտած են լեռնային միջանցքով քաղաքացիական բնակչութեան դուրսբերման՝ զինուորական գործողութիւններու շրջանէն։ Ազրպէյճանական ընդդիմութիւնը յոյս ունէր իր իսկ հայրենակիցներուն սպանդին միջոցով իշխանութեան հասնիլ։
ՔԻԵՒԻ ՄԷՋ ՍԱՐԳՍԵԱՆ-ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Քիեւի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ։ Տաւութօղլու հանդիպումէն ետք լրագրողներուն յայտնած է, որ նախագահ Սարգսեանի հետ խօսած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին եւ Կովկասի մէջ զարգացումներուն մասին։ Մենք բաց սրտով քննարկեցինք հայ-թրքական յարաբերութեանց բնականոնացման գործընթացը իր ամբողջութեան մէջ, ներառեալ մեր մտահոգութիւնները եւ մեր դիմագրաւած արգելքները։ Խօսեցանք Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն եւ Ղարաբաղի հարցին առնչութեամբ Մինսքի խմբակի գործունէութեան մասին։ Ես նաեւ առիթը ունեցայ Սարգսեանի հետ խօսելու շրջանին համար Թուրքիոյ տեսլականին մասին(նշած է Տաւութօղլու)։Տաւութօղլու ընդգծած է, որ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշումէն ետք ասիկա նախագահ Սարգսեանի հետ իր առաջին հանդիպումն է։Միւս կողմէ Ահմեթ Տաւութօղլու հանդիպումներ ունեցած է Քիեւ ժամանած Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարար Միշլին Քալմի-Ռէյի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյմս Ճոնզի հետ։ Տաւութօղլու իր անհանգստութիւնը յայտնած է նաեւ Զուիցերիոյ մէջ մինարէներու արգիլման խնդիրին շուրջ եւ նշած, որ Թուրքիոյ մէջ այս նիւթին նկատմամբ շատ զգայուն են։
ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԱՅ - ԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՖԻԼԻՓ ԿՈՐՏԸՆԻ ՀԵՏ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ֆիլիփ Կորտընի միջեւ Քիեւի մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուած են Հայաստան - Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերող հարցեր։Սերժ Սարգսեան անգամ մը եւս ներկայացուցած է պաշտօնական Երեւանի մօտեցումները գործընթացի ներկայ հանգրուանին վերաբերեալ եւ նշած է, որ Հայաստան հաւատարիմ է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները առանց նախապայմաններու կարգաւորելու սկզբունքին։ Ֆիլիփ Կորտըն վերահաստատած է Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը այս գործընթացին։ Բարձր գնահատելով Հայաստանի կառուցողական դիրքորոշումը յարաբերութիւններու կարգաւորման բոլոր հանգրուաններուն մէջ՝ ան ընդգծած է, որ երկու երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ արձանագրութիւններու վաւերացումը, առանց զանոնք այլ խնդիրներու հետ փոխ-կապակցելու, կարեւոր է յարաբերութիւններու կարգաւորման հասնելու համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.