2010-02-25 14:15:21

Լուրեր հայկական կեանքէն


Նոր հրատարակութիւններ -Զարեհ Մելքոնեանի «Ժխորին մէջ առանձնութեան» բանաստեղծութիւններու գիրքը,

Զարեհ Մելքոնեանի «Ժխորին մէջ առանձնութեան» բանաստեղծութիւններու 191 էջնոց գիրքը, լոյս տեսաւ 2009՝ Կլէնտէյլի Yerevan Printing էն մեկենասութեամբ եւ հրատարակութեամբ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Ֆոնտին:

 Հատորին «Փոխան Նախաբանի» բաժինը գրած է Զ. Մելքոնեանի աշակերտներէն՝  Պերճ Չոլաքեան, որ, ի միջի այլոց կ՛ըսէ. «Մելքոնեանի բանաստեղծութիւնները քնաբեր օրօր չեն, այլ քուն խանգարող ղօղանջ ու զօրակոչ…»: Ակնարկելով անոր գեղահիւս պատկերներուն մասին, կը մէջբերէ օրինակներ՝ «լռեցին լռութիւններն անգամ», «արեւը ոսկեգոյն սարդ՝ հորիզոնին վրայ կը քալէ», եւ կ՛աւելցնէ. «… երբ Զարեհ Մելքոնեան կը կարդաս, ու բանաստեղծութիւններուն պատգամը կը հասկնաս՝ «Մարդ» ըլլալու հաճոյքը կ՛ունենաս… եւ այս հրաշալի գիրքը՝ խորագրուած «Ժխորին մէջ առանձնութեան» մեծ հաճոյքով կարդացի՝ երջանկութեանը մէջ մինակութեանս…»:  Մելքոնեանի գիրքին առաջնորդող ուսումնասիրութեան մէջ, Օշին Քէշիշեան ի շարս այլ հաստատումներու, կ՛ըսէ . «Զարեհ Մելքոնեանի քերթողութիւնը ժամանակին ձայնն է, ժամանակակից մարդուն խօսքն է, եւ ժամանակակից ոճի լաւագոյն դրսեւորումն է անկասկած»: Իսկ Մելօ Էքիզեան, իր կարգին, «Խօսք Երախտագիտութեան» խորագրով գրութեան մէջ անդրադառնալով Մելքոնեանի գործի գեղեցկութեան, կ՛ըսէ. «…«գոհար»ներդ շռայլօրէն բաժնեցիր ընթերցողներուդ ու տակաւին կը շարունակես բաժնել…»: Բանաստեղծը «Ժխորին մէջ առանձնութեան» իր իսկ հատորին մասին այսպէս կը տաղերգէ,

 «Արդ այս գիրքիս մէջ մանաւանդ՝ վրաս պիտի

 Առնել չփորձեմ ա՛յն

 թիկնոցը կախարդական՝

 որ անցեալի

 Բանաստեղծները Աւանդապաշտ, ու նաեւ գեր-արդիակա՛ն՝

 իրենց ուսերուն շուրջ ունէին տեւապէս…

 Ու ես  Որպէս  Պա՛րզ  Տաղասաց

  (Ու հագուած  Աշխատանքի շրջազգեստ մը միայն)

 Անպաճոյճ ոճով ու բառերով սովորական՝  Պիտի սակայն

 Երգելով պատմեմ նաեւ ցաւերն այլազան՝

 Պարզ մարդոց, որոնք մերթ պարզ չեն այնքան»:

Երեւանի մէջ նշուեցաւ Հայրենիքի պաշտպանի օրը

Հայրենիքի պաշտպանի օրուայ կապակցութեամբ երէկ Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որ կազմակերպուած էր Հայաստանի մօտ Ռուսաստանի Դաշնութեան դեսպանատան կողմէ։ Միջոցառման ներկայ եղան ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Էդվարդ Նալբանդեանը, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը, Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Վյաչեսլավ Կովալենկոն, Հայրենական մեծ պատերազմի վեթերաններ, պաշտօնատար այլ անձեր։

Դեսպան Վ. Կովալենկոյի խօսքով, Հայրենիքի պաշտպանի տօնը մեծ նշանակութիւն ունի նախկին ԽՍՀՄ բոլոր հանրապետութիւններու ժողովուրդներուն համար։



Լոյս տեսած է ՜՜Իսլամացած հայերու հարցերուն շուրջ՝՝ խորագիրով հատորը

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան տրամադրած' դրամաշնորհով

հրատարակուած է թրքագէտ' Ռուբէն Մելքոնեանի ''Իսլամացած հայերու հարցերուն շուրջ '' խորագիրով նոր գիրքը, որուն մէջ, ներկայացուած են հիմնականօրէն Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն բռնի կերպով կրօնափոխուած հայերու պատմութեան առանձին դրուագները, ինչպէս նաեւ թրքական պետական եւ գիտական որոշ շրջանակներու մօտեցումը՝ այս հարցին։ Թուրքիոյ մէջ գտնուող իսլամացած հայերուն հարցին նուիրուած այս ուսումնասիրութեան մէջ անդրադարձ կատարուած է քողարկուած հայերու կրօնադարձութեան, ինչպէս նաեւ՝ Ցեղասպանութիւնը վերապրած Սասունի հայերուն արդի հարցերը եւ այլն։








All the contents on this site are copyrighted ©.