2010-02-24 12:29:27

ՊԵՆԵՏԻԿՏՈՍ ԺԶ ՍՐԲԱԶԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԸ ՀՈԳԵՒՈՐ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ։


ՊԵՆԵՏԻԿՏՈՍ ԺԶ ՍՐԲԱԶԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԸ ՀՈԳԵՒՈՐ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ։

Պենետիկտոս ժԶ Սրբազան Հօր մասնակցութեամբ կիրակի 21 փետրուարի յետ միջօրէին սկիզբ առած Քահանայապետական Տան հոգեւոր կրթութիւնը պիտի աւարտի յառաջիկայ շաբաթ օրը։ Հոգեւոր կրթութեան ներկայ շաբթուայ ընթացքին տեղի չեն ունենար ունկնդրութիւնները ,ինչպէս(օրինակի համար) չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութիւնը այսօր 24 փետրուար տեղի չունենար։ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կ՝ըսէ Քառասնորդացի մասին ՝՝ Պէտք ունինք լռութեան պահերու որպէսզի մեր աչքերը խճողուած չըլլան այլեւայլ պատկերներով։ Լռութիւնը անհրաժեշտ է որպէսզի մեր սիրտը եւ մեր միտքը ընդունակ ըլլան՝Աստուծոյ Խօսքին՝՝։ Յիսուս պէտք է մնայ միշտ մեր բարի օրինակը։ Սուրբ Պօղոս կը գրէր Կորինթացիներուն ՝՝ Դուք գիտէք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը.ինք որ հարուստ էր, ձեզի համար աղքատացաւ որպէսզի դուք հարստանանք՝ անոր աղքատութեամբ։







All the contents on this site are copyrighted ©.