2010-02-24 13:24:39

Էջ մը հայ գրականութենէն

Սմբատ Շահազիզ


Սմբատ Շահազիզ (18411908). Հայ մտքի եւ գրականութեան հիւսիսափայլ ձայնը

2010 Յունուար 5ին լրացաւ 102րդ տարելիցը արդի հայ գրականութեան ինքնատիպ երախտաւորներէն Սմբատ Շահազիզի մահուան։

Եւ Յուշատետրի էջը մեր առջեւ կը բանայ տաքուկ աշխարհը Երազ խորագրով Շահազիզի բանաստեղծութեան, որ ամբողջութեամբ արտագրուած է ստորեւ.



Ես լսեցի մի անոյշ ձայն,

Իմ ծերացած մօր մօտ էր

Փայլեց նըշոյլ ուրախութեան,

Բայց ափսոս որ երազ էր։



Կարկաչահոս աղբիւրն այնտեղ

Թաւալում էր մարգարիտ

Նա յստակ էր որպէս բիւրեղ,

Այն երա՜զ էր ցնորամիտ։



Եւ մեղեդին տխուր, մայրենի

Յիշեց մանկութեան օրեր.

Մօրըս համբոյրն ես ըզգացի

Ա՜խ, ափսո՜ս, որ երազ էր։



Կուրծքին սեղմեց կարօտագին,

Աչքերս սրբեց շատ թաց էր,

Բայց արտասուքս գընում էին...

Ա՜խ, այդ ինչո՛ւ երազ էր։



Հայ գրականութիւնը ունի քանի մը անուանի գրողներ, որոնք մէկ հատիկ բանաստեղծութեամբ արժանացած են սերունդներու գնահատանքին եւ տիրացած անմահութեան։

Իսկ Սմբատ Շահազիզ անպայման մաս կը կազմէ այդ փոքրաթիւ փաղանգին՝ իր հանրածանօթ Երազ բանաստեղծութեամբ, որ կը շարունակէ ոչ միայն զարդարել նորաբաց շրթները հայութեան իրերայաջորդ սերունդներուն, այլեւ՝ մինչեւ այսօր յուզել ներաշխարհը հայ մարդոց, աշխարհի չորս ծագերուն, իբրեւ սրտէ բխող եւ հոգիներ հմայող հարազատ երգ։

Երազը գրուած է 1860ականներու սկիզբը, երբ քսանամեայ Սմբատ Շահազիզ արդէն ուսուցիչ էր Մոսկուայի սերնդակերտ Լազարեան Ճեմարանի մէջ։ Սրտայոյզ այս քերթուածը մաս կը կազմէ Լեւոնի վիշտը խորագրով Շահազիզի երկարաշունչ բանաստեղծութիւնը՝ պոէմը պարունակող քերթուածներու հատորին, որ 1865ին լոյս տեսաւ Մոսկուա, նոյնինքն Լազարեան Ճեմարանի տպարանէն։

Թէեւ քննադատները ընդհանրապէս վերապահութեամբ կ'արտայայտուին Սմբատ Շահազիզի բանաստեղծական կրակին ու տաղանդին մասին, այսուհանդերձ՝ պատահական երեւոյթ չէր, որ Երազը եւ ամբողջ հատորը՝ Լեւոնի վիշտը օրին այդքան լայն ժողովրդականութիւն գտան եւ անմիջապէս սիրուեցան ժողովուրդին կողմէ։ Յատկապէս Երազը, արեւելահայ աշխարհաբարին առաջին վճիտ առուներէն մէկը ըլլալու իր արժանիքով, ինչպէս նաեւ պանդուխտ հայուն խոր կարօտը շնչաւորելու իր հաղորդականութեամբ, անբաժան ընկերակիցը դարձաւ հայ ընթերցողներուն։

Մէկէ աւելի առումներով՝ Սմբատ Շահազիզ եղաւ իր ժամանակի հայ իրականութեան ամէնէն յառաջադէմ մտաւորականներէն մէկը, մաս կազմեց Մւսկուայի մէջ Ստեփանոս Նազարեանցի եւ Միքայէլ Նալբանդեանի գլխաւորած Հիւսիսափայլ թերթի գրականգաղափարական շարժումին, աշխարհաբարի գեղարուեստական մշակման ու բիւրեղացման մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունեցաւ, ինչպէս եւ հողմացրիւ հայութեան ազգայինհայրենասիրական զարթօնքին անխոնջ դրօշակիրներէն մէկը դարձաւ։

Այդ բոլորը բաւարար ու հիմնաւոր տուեալներ էին, որպէսզի Խաչատուր Աբովեանի եւ Գամառ Քաթիպայի (Ռափայէլ Պատկանեան) այս արժանաւոր շառաւիղը խօսի մեր ժողովուրդի սրտին ու մտքին՝ թարգմանը դառնալով իր ժամանակաշրջանի հայոց յուզաշխարհին։

Աշտարակի ծնունդ էր Սմբատ Շահազիզ, քահանայի զաւակ եւ վեց եղբայրներու կրտսերը։ Տեղական պայմաններու մէջ նախնական կրթութիւն հազիւ ստացած՝ 10 տարեկանին ուղարկուեցաւ Մոսկուայի Լազարեան Ճեմարանը, որուն ամէնէն փայլուն աշակերտներէն մէկը դարձաւ։ Եւ երբ Ճեմարանը աւարտեց 1862ին, հաստատութեան հոգաբարձուները ուզեցին շնորհալի իրենց սանը պահել Ճեմարանի մէջ՝ իբրեւ նախակրթական բաժնի հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ։ Շահազիզ չբաւարարուեցաւ ճեմարանական իր ուսումով։ Հեռակայ կարգով հետեւեցաւ Փեթերսպուրկի համալսարանի արեւելագիտութեան բաժնի դասընթացքներուն եւ 1867ին տիրացաւ բարձրագոյն ուսման վկայականին, որուն շնորհիւ դասախօս դարձաւ Ճեմարանի բարձրագոյն դասարաններու ուսանողութեան։ Ամբողջ 35 տարի, մինչեւ 1897ին իր հանգստեան կոչուիլը, Սմբատ Շահազիզ շարունակեց Լազարեան Ճեմարանի մէջ մնալ եւ սերունդ հասցնել՝ միաժամանակ ստեղծագործելով, Հիւսիսափայլին աշխատակցելով եւ ազգայինհասարակական գործունէութիւն ծաւալելով։ 1892ին հիմնեց ԱբովեանՆազարեան հիմնադրամը, որուն նպատակն էր օգնել կարիքաւոր գրողներուն։ Իսկ 1898ին, երբ արդէն հանգստեան կոչուած էր, Շահազիզ հիմնեց եւ նախագահը եղաւ Մոսկուայի հայոց Որբախնամ Ընկերութեան, որուն նպատակն էր պատսպարել եւ խնամատարութիւնը ստանձնել 18951896ի համիտեան կոտորածներուն հետեւանքով ծնողք կորսնցուցած եւ գաղթականի վիճակով Անդրկովկաս ապաստանած արեւմտահայ որբերուն։



Սմբատ Շահազիզի ազգայինգաղափարական պատգամը խտացած է Լեւոնի վիշտը երկարաշունչ բանաստեղծութեան մէջ, որ վիպասք մըն է Մոսկուա բնակող հայ երիտասարդի մը՝ Լեւոնի ազգային ապրումներու վերիվայրումներուն մասին։ Լեւոն զգօն եւ հայու իր արմատներուն կառչած երիտասարդ մըն է, որ չի բաժներ իր սերնդակից ու բախտակից Մոսկուաբնակ հայ ընկերներուն օտարացումն ու խորթացումը։ Ընդհակառակն՝ աստիճանաբար Լեւոնի մէջ կը շեշտուին հայու պատկանելութեան հպարտութիւնը, ազգային իր ժառանգութեան եւ արժէքներուն տէր կանգնելու գիտակցութիւնը եւ ան կորոշէ վերադառնալ իր ծննդավայրը եւ գործօն մասնակցութիւն ունենալ հայրենաբնակ հայութեան ազգայինհասարակական զարթօնքին մէջ։ Լեւոնի ծննդավայր դարձը Շահազիզին կընծայէ առիթը, որպէսզի սուր քննադատութեան ենթարկէ ոչ միայն պանդուխտ հայերուն ազգային ձեռնթափութիւնը, այլեւ՝ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին քաղաքակրթական զարթօնքն ու յառաջխաղացքը արգելակող յետադիմականութիւնը։ Հայ կղերին խաւարամտութիւնը, հայկական դպրոցներու մէջ տիրող կամայականութիւններն ու նեղմտութիւնները եւ, ընդհանրապէս, հայոց ազգայինհասարակական կեանքի կազմակերպման հնամաշ եղանակները բուռն դատապարտանքի կարժանան Շահազիզի վիպասքով՝ արմատական բարեկարգումներու եւ բազմակողմանի յառաջդիմութեան հրամայականը շեշտելով։

Հիւսիսափայլ թերթի գրականգաղափարական շարժումին եւ սերունդին պատգամն է, անշո՛ւշտ, որ հանդարտաբարոյ եւ լրջախոհ իր արտայայտութիւնը գտաւ Շահազիզի Լեւոնի վիշտը գործին մէջ։ Սմբատ Շահազիզ բնաւ չունեցաւ Միքայէլ Նալբանդեանի յեղափոխական շունչը, բայց իր սերնդակիցներէն եւ գաղափարակիցներէն ոչ մէկուն զիջեցաւ՝ յստակատեսութեան եւ հետեւողականութեան առումով։ Յատկապէս ՌուսԹրքական պատերազմէն եւ Պերլինի դաշնագրին խայտառակութենէն ետք, Շահազիզ հանդէս եկաւ հրապարակագրական նիւթերով, որոնք հայ քաղաքական մտքի հետագայ զարգացումը հունաւորեցին։ Մերկացուցին եւրոպական դիւանագիտութեան կեղծիքը, որ իբր հայանպաստ իր կեցուածքներով ու դրսեւորումներով՝ պարզապէս գաղթատիրական իր սեփական հաշիւներուն հետամուտ էր։ Ձաղկեց Ցարական քաղաքականութիւնը՝ Հայկական Հարցի նկատմամբ իր որդեգրած Հայաստան առանց հայու ուղղութեան համար։ Իսկ Համիտեան հայաջնջումի քաղաքականութեան վերաբերեալ, Շահազիզ եղաւ առաջին արմատական խարանողներէն մէկը։

Սմբատ Շահազիզ իր Երազով կրցաւ յաւերժութեան յանձնել հայու հոգիին ամէնէն ջերմ բաբախումներէն մէկը՝ կարօտը մօր եւ մայրական սրբութեան հետ եկող հայրենի աշխարհի ամբողջ հարազատութեան եւ մեծագոյն սրբութեան պաշտամունքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.