Քահանայական տարի – Ժան Մարի Վիաննէ – Ի՜նչ երջանկութիւն է Աստուած սիրելը (1853-1859)
Գերպ.
Շալանտոն 1853ին Արս կու գայ եւ կը խօսակցի Տէր Վիաննէի հետ: Կը բացատրէ իրեն թէ չի կրնար
հաւանիլ իր մեկնումին:
-Քեզի տուի ամէն օգնութիւն, Տէր Թոգանիէէն մինչեւ թեամական
առաքեալներ, որով դուն պէտք է ընդունիս մինչեւ վերջ հոս մնալ քու հօտիդ հետ:
Տէր
Յովսէփ Թոգանիէ յիսուն տարեկանի վրայ է Արս հասնելուն: Ժպտուն եւ ուրախ մարդ մըն է եւ
իր զուարթութեամբ շուտով վարդագոյն մթնոլորտ մը կը ստեղծէ գիւղին մէջ: Նոր օգնականին
սէրը ամէնուն հանդէպ, յարգանքը Տէր Վիաննէի անձին, եւ պատիւի հանդէպ անտարբերութիւնը,
շուտով յայտնուեցաւ: Սուրբ Ընտանիքի ֆրերները, նախախնամութեան տան քոյրերը, Գաթերին Լազան
եւ քահանայատան ընտանիքը եւ ամէնքը հանգիստ շունչ մը քաշեցին:
Իսկ Ժան Մարի այժմ
չափազան լաւ կը զգայ: Ժպտելով կը յանդիմանէ Առաքելութեան մեծաւորը թէ.
-Դուք ինծի
բան չէք ըսեր, չէք յանդիմաներ եւ սակայն ես առաջուընէ աւելի լաւ չեմ: Ես չէի գիտեր թէ
ինչ է եղբայրսիրութիւնը, մինչեւ որ այս բարի անձերը շրջապատեցին զիս:
Տէր
Վիաննէ կը լսէ Ս. Ծնունդի օրերուն որ Ֆրանսուա եղբայրը ծանր հիւանդ է Տարտիլիի մէջ: Յունուարի
վերջերը կ’ելլէ Տէր Թոգանիէի հետ այցելութեան: Բայց ինքն ալ տկար է: Կառք նստելու անվարժ,
չի կրնար դիմանալ երկար ճամբորդութեան: Ճամբու կեսին կ’ըսէ.
-Աւելի հեռու չեմ
կրնար երթալ, ինքզինքս շատ վատուժ կը զգամ:
Եւ ետ կը վերադառանայ առանց եղբայրը
տեսնելու: Վիաննէ չի կրնար եղբորը թաղմանն ալ երթալ եւ ասոր վրայ չափազանց կը խղճահարի
ու կը ցաւի, որովհետեւ կապուած էր ընտանիքին: