2010-02-23 13:07:18

ՀՈԳԵՒՈՐ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ։


ՀՈԳԵՒՈՐ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի մասնակցութեամբ Վատիկանի մէջ տեղի կ՝ունենայ հոգեւոր կրթութիւնը որ պիտի տեւէ մինչեւ յառաջիկայ 27 փետրուար շաբաթ օրը։ Քահանայապետական Տան հոգեւոր կրթութիւնը սկիզբ առաւ 21 փետրուարին յետ միջօրէին, վատիկանի Ռետեմփթորիս Մաթեր(Փրկչին Մայրը) մատրան մէջ։ Քահանայապետական Տան այս տարուայ քարոզիչն է Հայր Էնրիքօ Տալ Քովոլօ։ Հոգեւոր կրթութիւնը Սրբազան Քահանայապետի մասնակցութեամբ ամէն օր սկիզբ կ՝առնէ առաւօտեան ժամը 9-ին։







All the contents on this site are copyrighted ©.