2010-02-23 13:38:42

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՆՈՐ ՌՈՒՍ ՀԱՄԱՆԱԽԳԱՀԸ։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրներ "News.am" կայքէջին յայտնած են, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նոր ռուս համանախագահը պիտի ըլլայ Իկոր Փոփովը։ Իկոր Փոփով 2005 թուականին նշանակուած է Մոզամբիկի մօտ Ռուսաստանի դեսպան։ Իսկ ըստ "postimees.ee" կայքէջին, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահ Եուրի Մերզլիաքով կրնայ Էսթոնիայի մէջ Ռուսիոյ դեսպան նշանակուի։
ԵԱՀԿ-Ի ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄ՝ ՂԱՐԱԲԱՂ - ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ՃԱԿԱՏԻՆ ՎՐԱՅ։
Այսօր պիտի կատարուի ԵԱՀԿ-ի հերթական դիտարկումը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ՝ Աղտամի շրջանին մէջ։ Ազրպէյճանական կողմէն դիտարկումը պիտի կատարեն ԵԱՀԿ-ի նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք, ինչպէս անոր դաշտային օգնականները՝ Վլատիմիր Չոնթուլով եւ Փիթըր Քին, իսկ ղարաբաղեան կողմէն՝ նախագահի անձնական ներկայացուցիչի օգնականներ Իմրէ Փալաթինուս, Ժասլան Նուրթազին եւ Իրժի Էպերլէ։
ԹՐՔԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵՆ ՎԱՆԻ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒՈՂ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ։
Թրքական ՝՝Անատոլու՝՝ լրատու ործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թրքական իշխանութիւնները որոշած են վերականգնել Վանի հայկական եկեղեցիները։ Լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Վանի փոխ-նահանգապետ Հալիլ Պրեք յայտարարած է, որ նահանգապետարանին կողմէ պատրաստուած է նախագիծ մը, որուն համաձայն, կը նախատեսուի վերականգնել Վանայ լիճի Աղթամար կղզիէն զատ այլ երկու կղզիներէն մէկուն վրայ գտնուող վանք մը, ինչպէս նաեւ Վարագ լերան լանջին գտնուող Վարագավանքը։
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆ ԴԻՄՈՂՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՄԵԾ ՏԵՂ ԿԸ ԳՐԱՒԵՆ ՌՈՒՍԻԱՅԷՆ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐ (Կ՝ԸՍԷ ՉԱՒՈՒՇՕՂԼՈՒ )։
Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի թուրք նախագահ Մեւլութ Չաւուշօղլու մասնակցած է Զուիցերիոյ մէջ կազմակերպուած Մարդու Իրաւունքներու պաշտպանութեան եւրոպական դատարանի ապագան խորհրդաժողովին, ուր համարձակ խօսք մը արտասանած է։ Չաւուշօղլու նշած է, որ տարուէ տարի կ՝աւելնայ Եւրոպական դատարան դիմողներուն քանակը, որուն մէջ մեծ տեղ կը գրաւեն Ռուսիայէն եւ Թուրքիայէն քաղաքացիներ։ Դիմողներուն քանակը հասած է 120 հազարի։ Միայն Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ բաժին կիյնայ դիմումներուն քառասուն առ հարիւրը։ Այս թիւերը խիստ անհանգստացնող են, եւ այդ երկիրները պէտք է արդարադատութեան ոլորտին մէջ քայլերու ձեռնարկեն(նշած է Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան հիմնադիրներէն Մեւլութ Չաւուշօղլու), որ վերջերս ընտրուեցաւ Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ։
ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ ՉՔՆՆԱՐԿԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆ - ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԱՒԵՐԱՑՄԱՆ ՀԱՐՑԸ ՀԱՐԿԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԸ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՒ ԱՌԱՋԻՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՈՎ։
Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ սկսաւ հերթական քառօրեայ նիստը։ Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան յայտարարեց, որ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արմէն Ռուստամեան առաջարկած է, որ Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացման հարցը քննարկման դրուի միայն այդ յանձնախումբի եզրակացութեան հրապարակումէն ետք։ Այս քառօրեայի օրակարգին վրայ կը գտնուի նաեւ կառավարութեան ներկայացուցած Միջազգային համաձայնագիրներու մասին օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին օրինագիծը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կարելիութիւն կու տայ իր ստորագրութիւնը չեղեալ նկատելու միջազգային որեւէ համաձայնագիրի տակէն, կամ կասեցնելու զայն, քանի տակաւին անիկա ուժի մէջ չէ մտած։ ։
ԻՆԸ ՀԱՅԵՐ ՌՈՒՍԻՈՅ ԱՄԵՆԷՆ ՀԱՐՈՒՍՏՆԵՏՈՒ ՑԱՆԿԻՆ ՎՐԱՅ։
Ռուսական «Ֆինանս» ամսագիրը հրապարակեց Ռուսիոյ 2010ի՝ 500 մեծահարուստ միլիառատէրերու վարկանշային ցանկը, որուն համաձայն, Ռուսիոյ ամենահարուստ մարդն է՝ Նովոլիպէցք քաղաքի երկաթի գործարանի տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Վլատիմիր Լիսին՝ 18.8 միլիառ տոլարով։ Այս ցանկը կ՛ընդգրկէ նաեւ հայազգի գործարարներ։ Ընդհանուր առմամբ, վարկանշային ցանկին վրայ կան 500 գործարարներ, որոնց նիւթական կարողութիւնը՝՝ֆինանս՝՝ամսագիրին գնահատումով, կը գերազանցէ 3.3 միլիառ ռուպլին։ Այսպէս, 91րդ տեղը կը գրաւէ «Ռոսկոսսթրախ» ապահովագրական ընկերութեան համա-սեփականատէր Դանիէլ Խաչատուրովը (ծնեալ 1971ին), որուն նիւթական կարողութիւնը գնահատուած է 790 միլիոն տոլարով (այսինքն՝23.9 միլիառ ռուպլի)։ Իր եղբայրը ու գործընկերը Սերկէյ Խաչատուրովը, կը գրաւէ 92րդ տեղը։ Վերջինին կարողութիւնը նոյնպէս գնահատուած է 790 միլիոն տոլարով։
 93րդ եւ 94րդ տեղերը նոյնպէս կը գրաւեն հայազգի գործարարներ՝ ռուսական «Ռէսսօ կարանթի» մեծ ապահովագրական ընկերութեան գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ Նիքոլայ Սարգիսովը (ծնեալ 1966) եւ իր եղբայրը Սերկէյ Սարգիսովը (ծնեալ 1959ին), որոնցմէ իւրաքանչիւրին կարողութիւնը գնահատուած է 780ական միլիոն տոլարով։
 «Տաշիր» խումբի նախագահ եւ հիմնական բաժնետէր Սամուէլ Կարապետեան (ծնեալ 1965ին) կը գրաւէ 139րդ տեղը. իր հարստութիւնը կը կազմէ 580 միլիոն տոլար։
 «Թրոյկա տիալոկ» ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի նախագահ եւ հիմնական բաժնետէր Ռուբէն Վարդանեան (ծնեալ 1968ին), կը հանդիսանայ 209րդը՝ 390 միլիոն տոլարով։Վերջապէս, 479րդ դիրքին վրայ է «Սան Ինվէսթմընթս Փարթնըրզ» ընկերութեան համա-սեփականատէր Ատոմ Խաչատրեանը (ծնեալ 1975ին), որուն հարստութիւնը կը կազմէ 110 միլիոն տոլար (այսինքն՝3.3 միլիառ ռուպլի







All the contents on this site are copyrighted ©.