2010-02-22 14:43:05

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. իրեն ընկերակցող շքախումբին հետ Հռոմ ժամանեց ։


Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Հռոմ ժամանեց ։

Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու Սիւնոդոսը Հռոմի մէջ։

Երէկ Կիրակի 21 Փետրուար 2010ին Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս Պատրիարքը Հռոմ ժամանեց, Ամեն. հոգեւոր Տիրոջ գլխաւորութեամբ Հռոմի մէջ պիտի կայանայ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնոդոսը որուն աշխատանքները սկիզբ պիտի առնեն Երեքշաբթի 23 Փետրուար 2010-ին։

Իսկ այսօր Երկուշաբթի 22 Փետրուարին նախագահութեամբ՝ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ տեղի կ՝ունենայ ՜՜Մնայուն Սիւնոդոսական ժողովը ՝՝ որուն անդամներն են Արհի. Պետրոս Արք Միրիաթեան՝ Բերիոյ թեմի կաթողիկէ Հայոց առաջնորդը, Արհի. Յովհաննէս Եպ. Թէյրուզեան՝ Պատրիարքական փոխանորդը. Արհի. Վարդան Եպ. Պօղոսեան՝ առաջնորդը Լատին Ամերիկայի կաթողիկէ Հայոց, եւ Գրիգոր եպ. Գուսան՝ Եգիպտոսի Կաթողիկէ Հայոց առաջնորդը։

Իսկ վաղը երեքշաբթի 23 Փետրուարին Հայածէս Սուրբ Պատարագով սկիզբ կ՝առնէ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ՝ Եպիկոպոսաց Սիւնոդոսը, նախագահութեամբ՝ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ։



Աւարտեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի այցելութիւնը Երուսաղէմ

Փետրուարի 17-ին աւարտեցաւ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հովուապետական այցելութիւնը Երուսաղէմ։ Այցելութեան ծիրէն ներս, Գարեգին Բ մասնակցեցաւ Երուսաղէմի պատրիարք, եպիսկոպոս Թորգոմ Մանուկեանի գահակալութեան 20-ամեայ, քահանայութեան 70-ամեայ եւ ծննդեան 91-ամեայ նշումներուն նուիրուած ձեռնարկին։ Հանդիսութեանը ներկայ գտնուեցան ղպտի, լատին, յոյն ուղղափառ եւ այլ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։ Հանդիսութեան ընթացքին ընթերցուեցաւ հայ ժողովուրդին բազմամեայ նուիրուած եւ արգասաբեր ծառայութեան համար Թորգոմ պատրիարքին Հայաստանի հանրապետութեան բարձրագոյն՝ Ս Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանով պարգեւատրելու մասին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրը։

Օտար հիւրերը ողջունեցին հայոց պատրիարքի երկարամեայ ծառայութիւնը եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ներկայութիւնը։

Գարեգին Բ կաթողիկոսի նախագահութեամբ կայացաւ պատրիարքարանի միաբանական ժողովը, որու ընթացքին քննարկուեցան Սուրբ երկրէն ներս հայ եկեղեցւոյ ունեցուածքի պահպանման ու տնօրինման, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան առջեւ ծառացած բազմակողմանի այլ խնդիրներ ( կը հաղորդէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մամլոյ կեդրոնը) ։

Ամենայն Հայոց հայրապետը եւ իրեն ուղեկցող պատուիրակութեան անդամները այցելեցին ՍՅարութեան տաճար՝ խոնարհելու եւ իրենց ուխտը նորոգելու Տիրոջ գերեզմանին առջեւ։

Նշենք, որ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանը, որ յանձնուեցաւ Թորգոմ եպիսկոպոսին, կը շնորհուի տնտեսութեան, բնական եւ հասարակական գիտութիւններու, յայտնագործութիւններու, մշակոյթի, կրթութեան, առողջապահութեան, հասարակական գործունէութեան զարգացման բնագաւառներէն ներս ականաւոր գործունէութեան ծաւալման համար, ինչպէս նաեւ արտասահմանեան երկիրներու հետ Հայաստանի Հանրապետութեան գիտատեխնիկական, տնտեսական եւ մշակութային համագործակցութեան զարգացման նպաստող քայլերու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.