2010-02-20 13:54:11

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։

Այսօր շաբաթ 20 փետրուար,այս առաւօտ Պենետիկտոս ժԶ Սրբազան Քահանապետին ներկայացուեցաւ 2010-ի Քահանայապետական Տարեգիրքը՝Պետական քարտուղար Կարտինալ ԹարչիզիօՊերթոնէ-ի կողմէ։ Աւելի ուշ Նորին Սրբութիւնր ընդունեց Լիբանանի Վարչապետ Սաատ Ռաֆիք հարիրի-ն իր կողակիցի ու շքախումբի ընկերակցութեամբ։ Միշտ այսօր Սրբազան հայրը ընդունեց Գանատայի մօտ Սուրբ Աթոռի Դեսպանը Գերապայծառ Փետրօ Լոբէզ Գուինթանա,իսկ աւելի ուշ Սուրբ Աթոռի մօտ Պելկիոյ Դեսպանը Տիար ֆրանք Տէ Գոնինք եկած կատարելու իր հրաժեշտի այցելութիւնը,ու նաեւ Սուրբ Աթոռի մօտ Գոլոմպիայի Դեսպանը Տիար Խուան Մարթինէզ նոյնպէս եկած կատարելու համար իր հրաժեշտի այցելութիւնը։ Սրբազան Քահանայապետը ապա ընդունեց Օգնութիւն Տառապող Եկեղեցցին կոչուած բարեգործական մարմնի միջազգային նախագահ Հայր Ժօագուին Այյէնտէ-ն։ Իսկ Վատիկանի Պողոս Զ.ի անուան մեծ սրահին մէջ,միշտ այսօր, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալիոյ ազգային օդանաւորդութեան եւ օդանաւի ճամբորդներուն սպասարկող անձնակազմը եւ օդանաւորդութեան պատասխանատուները,ընդ ամէնը վեզ հազար հոգի։







All the contents on this site are copyrighted ©.