2010-02-20 14:19:10

Լուրեր հայկական կեանքէն


Լատին նախկին պատրիարք Սապպահ այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Պէյրութ, Լիբանան

Չորեքշաբթի, 17 Փետրուար 2010-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը հանդիպում ունեցաւ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ, Պէյրութ , Երուսաղէմի լատին նախկին պատրիարք Միշէլ Սապպահին հետ, որուն կ՛ընկերականար Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի բարձրաստիճան պատասխանատուներէն դոկտ. Միշել Նսէյր։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ գեր. Հ. Վարդան վրդ. Գազանճեան։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եւ պատրիարք Սապպահ անդրադարձան Երուսաղէմի եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներուն կողմէ պատրաստուած այն յայտարարութեան, որուն միջոցաւ Երուսաղէմի եկեղեցիները կարող են միջազգային հասարակութեան պատժամիջոցներ հաստատելու Իսրայէլի դէմ, երկրին մէջ քրիստոնեաներուն դէմ ստեղծուած անընդունելի վերաբերումներուն համար։

Նկարիչ կրաֆիք Արա Պաղտասարեանի գործերուն ցուցահանդէս Երեւանի մէջ

Նկարիչ, կրաֆիք, Զանգակ-97 հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիր Արա Պաղտասարեանի անհատական երկրորդ ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ ։ Նախապէս, հայազգի արուեստագէտը, իր աշխատանքները ցուցադրած էր հաւաքական ցուցահանդէսներու ժամանակ։ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան առընթեր գիրքի հրատարակման գործակալութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան, բացման հանդիսութեան ընթացքին ըսած է. ՜՜Մենք մեր երիտասարդ նկարիչներուն կը մաղթենք շարունակել գիրքերու նկարազարդման վարպետներու աւանդութիւնները՝՝ ։ Բոլոր ուսանողներուն անունով անոր շրջանաւարտներէն, կրաֆիք, արուեստաբանութեան դոկտոր Անուշ Եղիազարեան երախտագիտութիւն յայտնած է Արա Պաղտասարեանին ։ Նշենք, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած էին նկարիչին աւելի քան հարիւր կրաֆիքական աշխատանքներ եւ գծանկարներ։ Արա Պաղտասարեանի աշխատանքները, որոնք ստեղծուած են Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարանին մէջ ուսանողութեան տարիներուն՝ 1958-ին, շատ բարձր կը գնահատուին։ Պաղտասարեան 1964-1966 ուսումը շարունակած է Երեւանի գեղարուեստաթատերական եւ Մոսկուայի փոլիկրաֆիայի հիմնարկներուն մէջ։ 1987-ին ան վերադարձած է Երեւան եւ հայրենիքի մէջ շարունակած է իր ստեղծագործական գործունէութիւնը։ Պաղտասարեան նկարիչներու միութեան անդամ է, փրոֆեսէօր եւ Հայաստանի Պետական գեղարուեստի ակադեմիայի կրաֆիքայի ամպիոնի վարիչ։ Ան աշխատած է նաեւ Զանգակ-97 հրատարակչութեան մէջ՝ իբրեւ գլխաւոր գեղարուեստական խմբագիր։

Հայաստանի շաքարի արտադրութիւնը

Հայաստան կրնայ սեփական արտադրութեամբ շաքար արտահանել Ռուսիա եւ եւրոպական այլ երկիրներ։ Այսպէս յայտնած է Ախուրեանի մէջ կառուցուող շաքարի արտադրութեան գործարանի տնօրէն Էդուարդ Սարգսեան։ Ան խօսելով արտադրութեան ծաւալներու մասին՝ ըսած է որ Հայաստանի մէջ արտադրուող շաքարին 45 առ հարիւրին համար պիտի օգտագործուի Հայաստանի մէջ մշակուող շաքարի ճակնդեղ, իսկ հումքին միւս մասը պիտի կազմէ Պրազիլէն ներածուածը։ Էդուարդ Սարգսեան հաւաստիացուցած է, որ տեղական արտադրութեան շեշտը պիտի դրուի ո՛չ միայն որակին, այլ նաեւ գինին վրայ։ Այսպէս, արտադրուող շաքարը պիտի համապատասխանէ եւրոպական չափանիշներուն, իսկ գինը՝ տեղական արտադրութեամբ շաքարին 1 թոնը պիտի ըլլայ 30-40 տոլար աւելի աժան, քան՝ շուկայի գիները։ Տնօրէնը նաեւ տեղեկացուցած է, որ գործարանը ամէն տարի կրնայ արտադրել մօտաւորապէս 220 հազար թոն շաքար, ինչը 25 անգամ կը գերազանցէ նուազագոյն սպառողական ծաւալը։ Բացի տեղական շուկան մատակարարելէ, գործարանը պիտի աշխատի նաեւ արտահանման վրայ։ Այսպէս, կը ծրագրուի, որ հայկական արտադրութեամբ շաքարը արտածուի դէպի Վրաստան եւ հիւսիսային Իրան։ Տեղեկացնենք, որ գործարանի սեփականատէրն է Ազգային ժողովի երեսփոխան Սամուէլ Ալեքսանեան։ Շինարարութիւնը սկսած է 2006 թուականի ամրան եւ մինչեւ օրս կատարուած է մօտաւորապէս 92 միլիոն տոլարի ներդրում։ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Շիրակի մարզ իր այցելութեան ընթացքին ծանօթացած է Ախուրեանի մէջ կառուցուող շաքարի գործարանի կառուցման աշխատանքներուն։ Ըստ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Գերասիմ Ալավերդեանի, գործարանը պիտի աշխատի ե՛ւ դուրսի հումքի ե՛ւ տեղական ճակնդեղի հաշուոյն, եւ անոր շնորհիւ աշխատանքով պիտի ապահովուի ո՛չ միայն հազար մարդ, այլեւ 20 հազար աշխատատեղ պիտի ստեղծուի գիւղացիական տնտեսութիւններուն մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.