2010-02-20 13:57:28

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԴԱՐՁԵԱԼ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՉՀԱՄԱՊԱՏԱՍԽԱՆՈՂ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ՏԱՐԱԾԷ։
Ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու, երէկ շփման գիծին վրայ հայկական կողմէ հրահրած լայնատարած հրացանաձգութեան իբրեւ արդիւնք ազրպէյճանական բանակի 3 զինուորներ զոհուած են։ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի մամլոյ քարտուղար Սենոր Հասրաթեան յայտարարեց, որ հայկական կողմը ոչ մէկ կրակոց արձակած է։ Ան վճրականապէս հերքեց նաեւ ազրպէյճանական կողմի այն պնդումները, թէ հայկական կողմէն ալ զոհեր կան՝ զանոնք նկատելով մեծ սուտ։Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը կը պահպանէ զինադադարի դրոյթը եւ խորհուրդ կու տամ ազրպէյճանցի զինուորներուն զոհուելու պատճառը փնտռել Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու բարոյա-հոգեբանական վիճակին մէջ, ըսաւ Սենոր Հասրաթեան՝ յայտարարելով, որ Ազրպէյճանի տարածած տեղեկութիւնը անգամ մը եւս իրականութեան չի համապատասխաներ։ Հասրաթեան նաեւ նշեց, որ դատելով զոհուած զինուորներու մականուններէն, որոնք հրապարակուած են ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն կողմէ, յստակ կը դառնայ, որ անոնցմէ մէկը թալիշ է, միւսը՝ լեզկի, երրորդն ալ՝ աւար։
Ասիկա Ազրպէյճանի մէջ գոյութիւն ունեցող ազգային փոքրամասնութիւններու դէմ քաղաքականութեան ապացոյցն է(եզրափակեց Հասրաթեան)։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ - ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԸ ՍԿՍԱՒ։
Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի երէկուան նիստին ընթացքին պատգամաւորները քննարկեցին Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացման ընթացակարգը։ Յանձնախումբի նախագահ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան յանձնախումբի անունով կը պատրաստուի դիմել Ազգային ժողովի նախագահին՝ առաջարկելով առանց յանձնախումբի եզրակացութեան արձանագրութիւնները չներկայացնել խորհրդարանի լիագումար նիստի քննարկման։ Համաձայն Ազգային ժողովի կանոնակարգին, խորհրդարանի նախագահը որեւէ պահու հարցը կրնայ քննարկման դնել, ինչ որ յանձնախումբին եզրակացութիւնը ոչ պարտադիր կը դարձնէ։ Յանձնախումբի անդամները թեր քուէարկեցին Ա. Ռուստամեանի առաջարկին։ Իսկ յանձնախումբի անդամ, Ժառանգութեան ղեկավար Ստեփան Սաֆարեան առաջարկեց մինչեւ խորհրդարանական քննարկում կատարելը Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւններուն նուիրուած խորհրդարանական լսումներ կազմակերպել եւ միայն անկէ ետք ներկայացնել յանձնախումբի եզրակացութիւնը։Որոշուած է նաեւ ստեղծել աշխատանքային խումբ մը, որ պիտի մշակէ յանձնախումբին մէջ հարցի քննարկման ընթացակարգը։

ԸՍՏ ՈՒԻԼԻԸՄ ՊԸՐՆԶԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԿԸ ՁԳՏԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԿԱՅՈՒՆ ԵՒ ԵՐԿԱՐԱԺԱՄԿԷՏ ԼՈՒԾՄԱՆ։
Աշխատանքային այցելութեամբ Պաքու գտնուող Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ուիլիըմ Պըրնզ երէկ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի հետ կը ձգտին ղարաբաղեան տագնապի կայուն եւ երկարաժամկէտ լուծման՝ Հելսինքիի սկզբունքներուն հիման վրայ։ Իմ գործընկերս՝ դեսպան Ռոպըրթ Պրատքէ կը ղեկավարէ այդ ուղղութեամբ իրականացուող փորձերը։ Նախագահ Օպամա եւ արտաքին գործոց նախարար Քլինթըն մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւին անվտանգութեան եւ կայունութեան վերականգնման ուղղուած՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ջանքերուն(նշած է Պըրնզ) ։Ըստ անոր, միայն խաղաղութիւնը, կայունութիւնը եւ հանդուրժողականութիւնը կրնան օգնել Կովկասի բնակչութեան։

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՇԱՄԻԻ ։
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան երէկ այցելեց Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ալի Շամիի, որուն հետ քննարկեց Լիբանան-Հայաստան երկկողմանի յարաբերութիւնները, երկու պետութիւնները հետաքրքրող միացեալ հարցեր, ինչպէս նաեւ լիբանանեան - հայաստանեան գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները։

ԸՍՏ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱՐԱՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԹՈՒՐՔ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀԻՆ
ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԷՏՔ Է ՄԻՆՉԵՒ 24 ԱՊՐԻԼ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՆԵՐԱՌԷ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՎՐԱՅ։
Հայ-թրքական գործարար խորհուրդի թուրք համանախագահ Քաան Սոյաք ՝՝Աքսիոն՝՝ պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի մը մէջ ըսած է, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը խթանուած է, միեւնոյն ժամանակ յոյս յայտնած է, որ կարելի ըլլայ յաղթահարել յառաջ եկած խնդիրները։ Ըստ անոր այն բանէն ետք, որ Երեւանը Սահմանադրական դատարանի որոշումէն ետք, արձանագրութիւնները ուղարկեց խորհրդարան, ժամանակը սկսաւ ի վնաս Թուրքիոյ աշխատիլ։ Հայ-թրքական գործարար խորհուրդի թուրք համանախահահին համոզումով, Թուրքիա պէտք է մինչեւ 24 ապրիլ արձանագրութիւնները ներառէ խորհրդարանի օրակարգին վրայ, այլապէս կրնան լուրջ հարցեր յառաջանալ։







All the contents on this site are copyrighted ©.