2010-02-19 13:01:24

Քահանայական տարի,


Թէ ինչ է քահանան իր աստիճանով

Երկրիս ամէն ժողովուրդները կրօնք մ'ունեցած են, պաշտամունք մը եւ ընտրեալ պաշտօնեաներ` անոնց արարողութիւնները կատարելու համար։

Աշխարհիս ամէն ժողովուրդներն ըմբռնած են քահանայութիւնն իբրեւ գերագոյն աստիճան մը, որուն կրնայ մահկանացու մարդ մը բարձրանալ։

Բայց ի՞նչ էր հեթանոսական քահանայութիւնը, ի՞նչ էր նոյն իսկ մովսիսական քահանայութիւնը` քրիստոնէական քահանայութեան բաղդատմամբ։

Սուրբն Օգոստինոս կ'ըսէ. ''Արդարեւ պատուական է արժանաւորութիւն քահանայից, յորոց ի ձեռս` Որդին Աստուծոյ իբրեւ ի յարգանդի Սրբոյ Կուսին մարմնանայ։''

Իսկ Սուրբ Բեռնարդոս քահանաները կ'անուանէ ''Ազգական Քրսիտոսի''։

Եւ սուրբ Կեղմէս քահանայապետն մէկ խօսքով կ'ամփոփէ այդ ամէնը. ''Ատուծմէ ետք, հողեղէն Աստուած''։

Սուրբ Հայրերու ըսածը մեզ չափազանց պիտի չերեւի, եթէ ուշադրութեամբ խորհրդածելու ըլլանք քահանային առանձնաշնորհութիւններն եւ այն վսեմ դիրքը զոր աշխարհիս մէջ բռնած է։

Քահանաները Աստուծոյ պատգամաւորներն են մարդոց քով, եւ մարդկանց բարեխօսներն են Աստուծոյ քով, եւ այս կրկին պաշտօնի բերմամբ միջնորդ հաստատուած են Արարչին եւ արարածներուն միջեւ։ Իրենք Աստուծոյ կամքը կը ծանուցանեն մարդուն եւ մարդկանց իղձերը կը ներկայացնեն Աստուծոյ։

Այս կերպով քահանայութիւնը երկնքին կը պատկանի իր ծագմամբ եւ երկրին` իր պաշտօնով։ Անտարակոյս այս աստուածային հաղորդակցութեան օղակը միշտ մարդացեալ Աստուածն է. Ինքն է յաւիտենական քահանայապետ, գլխաւոր քահանայ իր ուխտին, միակ միջնորդ Աստուծոյ եւ մարկանց։







All the contents on this site are copyrighted ©.