2010-02-19 13:10:47

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը Այսօր։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը Այսօր։

Այսօր ուրբաթ 19 փետրուար Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը վատիկանի մէջ Կարտինալներու դասի հետ միասին քննեց կարգ մը Երանելիներու ապագայ Սրբադասումներու վկայաթուղթերը։ ՀՌՈՄ։ Այսօր Հռոմի մէջ Աղօթքի Հսկում տեղի կ՝ունենայ կրօնաւորական կոչումներու եւ քահանաներու համար,կազմակերպութեամբ Ընտանեկան Սէր Շարժումին՝գործակցութեամբը Հռոմի Առաջնորդարանի Կոչումներու Գրասենեակին։ Աղօթքի Հսկումը տեղի կ՜՝ունենայ Հռոմի ՝՝Երուսաղեմի Սուրբ Խաչ՝՝անուան Տաճարին մէջ,գլխաւորութեամբ Արքեպիսկոպոս Լուիճի Մորէթթի-ի։







All the contents on this site are copyrighted ©.