2010-02-19 13:01:51

Լուրեր հայկական կեանքէն


Հայաստանի մէջ 21 Փետրուարին պիտի սկսին Մայրենի Լեզուի տարուան նուիրուած ձեռնարկները

Հայոց լեզուն հայ ինքնութեան պահպանման հիմնական գրաւականն է ուստի մենք ուշադրութիւն պիտի դարձնենք նաեւ մայրենի լեզուի պահպանման վրայ, մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտնած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան նախագահ Ժենիա Ազիզեանը։ Ան նշած է, որ մայրենի լեզուի տարուան ծիրին մէջ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը մշակած է մէկ տարուան ծրագիր, որ պիտի իրականացուի Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ։ Մենք դիմած ենք արտաքին գործոց նախարարութեան, որպէսզի միջնորդ դառնայ արտերկրի մէջ մեր ծրագիրին իրագործման։ Կը նախատեսենք իրականացնել երաժշտական եւ գրական երեկոներ, ինչպէս նաեւ ցուցահանդէսներ եւ գրական երեկոներ՝ Հայաստանն իմ հայրենիքն է, հայերէնն իմ մայրենին է խորագիրով, ինչպէս նաեւ տարբեր թեմաներով սեմինարներ՝ Հայոց լեզուն օտարներու տեսակէտով նիւթով։ Այս սեմինարին մենք մտադիր ենք ներգրաւել հայերէնի տիրապետող օտարներ, ինչպէս նաեւ՝ ցուցադրել ժապաւէններ Հայաստանի եւ յայտնի հայերու մասին։ Ըստ Ազիզեանի, այս տարի պիտի շարունակուի նաեւ Մեր ազգի մեծերը ծրագիրը։ Անցեալ տարի սփիւռքի նախարարութիւնը սկաւառակներ հրապարակած էր մեծանուն հայերու մասին։ Այս տարի նախարարութիւնը մտադիր է սկաւառակներ հրապարակել այն նշանաւոր հայերուն մասին, որոնց յոբելեանն է։ Հայկական դպրոցներուն եւ գրադարաններուն պիտի փոխանցուի Սովորիր մեծերէն առակներու, ասացուածքներու եւ թեւաւոր արտայայտութիւններու գիրքը, որ գրուած է արեւմտահայերէնով եւ արեւելահայերէնով, իսկ լոյս տեսած է 2009-ին։ Յիշեցնենք, որ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան 29 դեկտեմբեր 2009-ին մամլոյ ասուլիսով յայտարարած էր, թէ՝ 2010 թուականը Հայաստանի մէջ հռչակուած է մայրենի լեզուի տարի։ Այս առիթին նուիրուած ձեռնարկները պիտի սկսին 21 փետրուարին՝ Մայրենի լեզուի օրը, որ պիտի նշուի պետական մակարդակով։ Այս ծրագիրին նպատակն է՝ խթանել սփիւռքի ներկայացուցիչներուն մայրենին սորվելու եւ օգտագործելու ցանկութիւնը ու վերադարձնել մարդոց իրենց արմատներուն։ Նշենք, որ մշակութային Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ մեծ փառատօնը նոյնպէս պիտի նուիրուի մայրենի լեզուի տարուան, իսկ այս տարուան փառատօնի կազմակերպիչն է սփիւռքի նախարարութիւնը։

Երեւանի մէջ Չեխովի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս

Երեւանի մէջ Ռուսական մշակոյթի եւ գիտութեան կեդրոնին մէջ բացումը կատարուած է Չեխովի Ռուսիան՝ քաղաքներ, ճանապարհներ, ժամանակակիցներ, հերոսներ խորագիրը կրող լուսանկարներու ցուցահանդէսին, որ նուիրուած էր ռուս անուանի գրող Ա Չեխովի 150-ամեակին։ Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին 19-20-րդ դարերու նկարիչներու կրաֆիքական աշխատանքներուն վերատպուած գործերը, որոնք կը կազմեն Մոսկուայի անուանի Պելիքովի հաւաքածոյին մէկ մասը։ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ համագործակցութեան եւ բարեկամութեան ներկայացուցչութեան ղեկավարը՝ Վիքթոր Քրիվոփուսքով տեղեկացուցած է թէ Ռուսական համագործակցութեան կեդրոնը Երեւանի մէջ Չեխովի անուան դպրոցին հետ միասին ծրագրած է կատարել քանի մը ձեռնարկներ եւս՝ նուիրուած այս մեծ գրողին ծննդեան 150-ամեակին։








All the contents on this site are copyrighted ©.