2010-02-19 13:01:37

Էջ մը հայ երաժշտութենէն


Երաժշտութիւնը բուժիչ յատկութիւններ ունի

Արուեստի իւրաքանչիւր տեսակ մարդու ներաշխարհին վրայ անուրանալի ներգործութիւն ունի, եւ այդ ներգործութեան համաձայն է, որ մարդ իր գնահատականը կու տայ արուեստի այս կամ այն նմուշին, սակայն արուեստի նմուշներու արժեւորումները գիտական-թուաբանական արտայայտման չեն ենթարկուիր, եւ տարտամ է գնահատանքի մեր ընդհանուր արժեչափը։ Արուեստի որեւէ տեսակ ներկայացնող նմուշի գնահատումը ընդհանրապէս, իսկ երաժշտութեան մասնաւորապէս կը պատկանի մարդկային խիստ ենթակայական մօտեցումներու ոլորտին։ Այդ մօտեցումները ենթակայական կը մնան՝ հակառակ գեղագիտական որոշակի սկզբունքներու վրայ զանոնք կառուցելու մեր ջանքերուն, հակառակ աւանդական, ազգային, բիւրեղացած չափանիշներու կամ արմատացած կարծրատիպերու հետ մեր կատարած զուգահեռներուն։ Մինչդեռ իրականն ու անշրջանցելին դարձեալ կը մնայ տուեալ նմուշի ներգործական ստոյգ ուժը՝` տարածաժամանակային տուեալ կէտին մէջ։ Յայտնի են շատ օրինակներ, երբ իր ժամանակին մեծամասնութեան կողմէ անտեսուած ստեղծագործութիւններ ապագային դարձած են չափանշային արժէքներ եւ՝ հակառակը, երբ մեծամասնութեան կողմէ անկեղծօրէն ծափահարուած երկեր մատնուած են մոռացումի։ երաժշտութեան նուիրուած մեր հաղորդաշարին մէջ պիտի անդրադառնանք անոր դրական ազդեցութեան եւ անոր կերպով մը բուժիչ յատկութիւններուն (գիտականօրէն փաստուած)։

Երաժշտութեան հումքը ձայնն է՝ հնչիւնը, աւելի ստոյգ ՜՜ երաժշտական հնչիւնը՝՝։ Երաժշտական ձայն կը կոչուի այն հնչիւնը, որ ունի յստակ բարձրութիւն (թոն), տեւողութիւն, ձայներանգ (թեմպր) եւ ուժգնութիւն, իսկ մարդկային ձայնի պարագային՝ յաւելեալ նաեւ ձայնաւորային կերպարանք։ Նուագարանէն արտաբերուող հնչիւնը չունի ձայնաւորով դրսեւորուելու գերազանցապէս մարդկային ձայնին յատուկ կարելիութիւնը։ Խօսքը ոչ թէ ելեկտրոնային, այլ պարզ մեքենական նուագարաններու մասին է (լարային, փողային ու հարուածային), իսկ ելեկտրոնային գործիքը կամ նուագարանը մարդկային (եւ ոչ միայն մարդկային) ձայներ կապկելու կարելիութիւնը ունի։ Երաժշտութեան ծնունդը արուեստական է։ Չենք կրնար բնութեան ձայները երաժշտութիւն կոչել, որքան ալ որ անոնք հաճելի ըլլան կամ բնականօրէն կամ պատահականութեան բերումով գեղագիտօրէն տրամաբանական թուին։ Ուրեմն, երաժշտութիւն ըսելով՝ կը հասկնանք երաժշտական այդ հնչիւններուն գեղագիտօրէն կազմակերպուած ու ամբողջացած խումբը, իսկ ամբողջացած ըսելով՝ ՜՜ սկիզբ եւ աւարտ ունեցող երաժշտական մէկ յստակ միտք արտայայտող հնչիւններու խումբը՝՝։ Անշուշտ երաժշտաբուժութեան մասին խորհրդածութիւններով չենք յաւակնիր կարողանալ երաժշտութեան բուժիչ յատկութիւններուն վերաբերեալ թերահաւատներուն կասկածները ցրել եւ ոչ ալ հիմնաւորել դրականօրէն համոզուածներուն կռուանները, բայց գոնէ կը յուսանք շօշափած ըլլալ կարգ մը շրջանակներու համար նուազ ուշադրութեան արժանացած այս նիւթին էութեան եւ կիրարկութեան վերաբերող որոշ հարցեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.