2010-02-17 13:06:40

Էջ մը հայ գրականութենէն –Նարպէյ


Խորէն Արք. Գալֆայեան (Նարպէյ, 18321892). Հայ հոգեւորականութեան իւրայատուկ ներկայացուցիչ մը

4 Նոյեմբեր 1892ին, վաթսուն տարեկան հասակին, Պոլսոյ ոստիկանական կեդրոնի մը մէջ թունաւոր սուրճի միջոցաւ սպաննուելով՝ վախճանեցաւ հայ հոգեւորականութեան իւրայատուկ ներկայացուցիչ մը, որ ինչպէս իր ժամանակակիցներուն, նոյնպէս եւ հետագայ սերունդներու յիշողութեան մէջ, Խորէն Նարպէյ գրչանունով, մնայուն տեղ գրաւեց իբրեւ հայ ժողովուրդի արժէքաւոր, այլեւ վիճայարոյց ծնունդներէն մէկը։ 11 Հոկտեմբեր 1832ին Կ. Պոլիս ծնած Գալֆայեան Խորէնը, ծննդավայրին մէջ տարրական կրթութիւն ստանալէ ետք, ղրկուեցաւ Վենետիկ, ուր Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանի ուսումնական շրջանը աւարտելէ ետք, միացաւ Մխիթարեան Միաբանութեան եւ դարձաւ անոր ամէնէն աշխոյժ մտաւորական գործիչներէն մէկը։ Եւրոպական լեզուներուն հմուտ, հայ հոգեմըտաւոր ժառանգութեան տիրապետած եւ եւրոպական մշակոյթին սերտօրէն կապուած երիտասարդ վարդապետը շուտով ուշադրութիւն գրաւեց՝ Բազմավէպի էջերուն լոյս ընծայած իր ինքնուրոյն եւ թարգմանական երկերով։ Նարպէյ գրչանունը հոմանիշ դարձաւ գեղարուեստական որակով խոստմնալից բանաստեղծի մը, որ գրաբարի եւ աշխարհաբարի կամրջման մէջ իր ուրոյն ներդրումը ունեցաւ՝ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի ազգայինհայրենասիրական շունչով առաջնորդուելով եւ Շէյքսփիրի, Լամարթինի ու Հիւկոյի տարողութեամբ մեծութիւններու լաւագոյն գործերուն հայերէն թարգմանը հանդիսանալով։ Անհանդարտ խառնուածքի տէր անհատականութիւն էր Խորէն Նարպէյ, որ երկար չդիմացաւ Մխիթարեան միջավայրին մէջ։ 1854ին, Գաբրիէլ Եպս. Այվազովսքիի (որ Բազմավէպի հիմնադիր խմբագիրներէն եղած էր) գլխաւորած երիտասարդ միաբաններու Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ վերադառնալու շարժման միանալով, Նարպէյ հրաժարեցաւ Մխիթարեաններէն եւ, ընդհանրապէս, Կաթողիկէ եկեղեցիէն ու անցաւ Փարիզ, ուր ոգեւորութեամբ փարեցաւ Այվազովսքիի նախաձեռնած Մասեաց Աղաւնի հանդէսի հրատարակութեան գործին, միաժամանակ շարունակելով Մխիթարեաններու կողմէ իրեն վստահուած ուսուցչական պաշտօնը Փարիզի Մուրատեան վարժարանին մէջ։ Փարիզեան իր գործունէութեան շրջանին Նարպէյ մօտէն ծանօթացաւ ու մտերմացաւ ֆրանսացի գրողներու եւ մտաւորականներու, ինչպէս նաեւ քաղաքական երիտասարդ գործիչներու հետ, որոնց հետ կապ պահպանեց մինչեւ վերջ։ Յատկապէս Լամարթինի մտերիմն էր, որուն Դաշնակք գործը հայերէն թարգմանութեամբ լոյս ընծայեց 1859ին։ 1860ականներուն սկիզբը հեռացաւ Փարիզէն եւ գործեց, յաջորդաբար, Թէոդոսիայի, Էջմիածնի ու Երուսաղէմի մէջ, ուր Եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ 1867ին։ Իբրեւ թեմակալ առաջնորդ կարճատեւ շրջան մը Ռումանիա ապրելէ ետք՝ 1870ին փոխադրուեցաւ Պոլիս, ուր ծաւալեց ազգայինհոգեւորական եւ գրականհասարակական բեղուն գործունէութիւն։ Նարպէյ 1863ին լոյս ընծայեց իր բանաստեղծական երեխայրիքը՝ Վարդենիքը ։ Իսկ յաջորդաբար 1868ին եւ 1874ին լոյս տեսած իր միւս գործերուն՝ Քնար պանդուխտի եւ Ստուերք Հայկականք հաւաքածոներուն մէջ, Նարպէյ հիմնովին շրջադարձ կատարեց դէպի հայ իրականութեան ազգայինհասարակական վէրքերն ու ցաւերը։ Իբրեւ այդպիսին, 1870ականներուն, Նարպէյի քերթուածները լայն ժողովրդականութիւն գտան յատկապէս նորահաս սերունդին մօտ։ Նարպէյ ծաւալեց նաեւ քաղաքական աշխոյժ գործունէութիւն, յատկապէս 18771878ի ՌուսԹրքական պատերազմի ժամանակ։ Բայց թէ՛ հայ եկեղեցականութեան շարքերուն մէջ իր մրցակիցներուն չարախօսութիւնները եւ թէ ցարական իշխանութեանց կողմէ իրեն հանդէպ ցուցաբերուած մեծարանքները պատճառ դարձան, որ Ապտիւլ Համիտ կասկածելի հռչակէ Նարպէյին։ Սուլթանական վերապահութիւնը այնքան խորացաւ, որ Պատրիարքը ստիպուեցաւ կարգալոյծ հռչակել եկեղեցականին։ Բայց Նարպէյ շարունակեց իր գործունէութիւնը մինչեւ հոն, ուր ֆրանսացի իր մտերիմներուն միջոցաւ հայանպաստ քարոզչութեան ձեռնարկեց եւրոպական տարաողութեամբ, ինչ որ սուլթանի աչքին... բաժակը յորդեցուց։ Եւ 4 Նոյեմբեր 1892ին, լուսաբանական տեսակցութեան մը համար Պոլսոյ ոստիկանութեան կեդրոններէն մէկը հրաւիրուելով ու թունաւոր սուրճով հիւրասիրուելով՝ կտրուեցաւ կեանքի թելը Խորէն Գալֆայեան Նարպէյի, որ իբրեւ հոգեւորական եւ բանաստեղծ, մանկավարժ ու հասարակական գործիչ, իր ուրոյն պատուանդանը գրաւած էր հայ իրականութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.