2010-02-16 12:54:44

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւնը Մալթա, ապրիլ 17ին եւ 18ին, Պօղոս առաքեալի նաւաբեկութեան 1950րդ տարեդարձին առթիւ։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւնը Մալթա, ապրիլ 17ին եւ 18ին, Պօղոս առաքեալի նաւաբեկութեան 1950րդ տարեդարձին առթիւ։

Առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը կը նախատեսէ աւելի քան 24 ժամ կեցութիւն։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ Մալթա ապրիլ ամսուան մէջ։ Սրբազան Հօր առաքելական ճամբորդութեան նպատակն է Պօղոս առաքեալի նաւաբեկութեան 1950-րդ տարեդարձը Մալթա կղզեխոմբին մէջ, այսպէս կը հաղորդագրէ Մալթայի արքեպիսկոպոսական թեմը։

Քաղաքացիական իշխանութիւններու հետ տեսսակցութիւն ունենալէ ետք, Նորին Սրբութիւնը շաբաթ 17 ապրիլին , պիտի այցելէ Պօղոս առաքեալի քառայրը Ռաբաթի մէջ։ Կիրակի 18 ապրիլին, առաւօտուն, Նորին Սրբութիւնը բացօդեայ պատարագ պիտի մատուցէ ֆլորիանա քաղաքը, իսկ յետմիջօրէին Լա Վալեթթայի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ երիտասարդութեան հետ եւ որուն աւարտին` Հռոմ կը վերադառնայ։

Մալթայի այցելութեամբ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 14-րդ միջազգային ճամբորդութիւնը կատարած կ'ըլլայ։

Յայտագիրը այսպէս կը նախատեսուի

Սրբզ. քահանայապետը Շաբաթ 17 ապրիլի ժամը 15.25ին իտալական օդանաւով կը մեկնի Մալթա։ Մէկ ու կէս ժամուայ թռիչքէն ետք Սրբազան Հայրը ժամը 17ին իր առաջին ճառը կ՝արտասանէ Մալթայի հողին վրայ։ Ապա այցելութիւն կը կատարէ հանրապետութեան նախագահին։ Ժամը 19.45ին Նորին Սրբութիւնը կ՝այցելէ Ս. Պօղոսի Ռապաթ քառայրը։ Պահ մը աղօթելէ ետք Նորին Սրբութիւնը ճառ մը կ՝արտասանէ։

Կիրակի 18 ապրիլ, իր քահանայապետ ընտրութեան 5րդ տարեդարձի նախօրեակը, Նորին Սրբութիւնը ֆլորիանա քաղաքին մէջ բացօդեայ պատարագ կը մատուցէ։ Նշենք թէ ֆլորիանա քաղաքընկատուած է սուրբ Փուլիուսի քաղաքը, որ գործ Առաքելոց գիրքին համաձայն հիւրընկալած է Պօղոս առաքեալը նաւաբեկութենէն ետք ու անոր հետ բարեկամութիւն հաստատած էր։ Ապա կէսօրին Սրբազան Հայրը կիրակնօրեայ Ողջ լեր Թագուհի մարեմեան աղօթքը կռարտասանէ։

Կէսօրին Նորին Սրբութիւնը առաքելական դեսպանութեան մէջ կը ճաշէ Մալթայի եպիսկոպոսներու հետ։ ժամը 16.45ին նաւով շրջապտոյտ կը կատարէ Քալքարայէն դէպի Լա Վալեթի մեծ նաւահանգիստը, ուր հանդիպում կ՝ունենայ կղզիի երիտասարդութեան հետ եւ որուն ընթացքին անոնց ճառ մը կ՝ ուղղէ։

Ողջերթի արարողութիւնը նախատեսուած է ժամը 18.40ին Լուքա օդակայանին մէջ։ ժամը 19.10ին Նորին Սրբութիւնը կը մեկնի Մալթայէն դէպի Հռոմի Չամբինօ օդակայանը։

Յայտնենք թէ Մալթան Եւրոպական Միութեան ամենափոքր պետութիւնն է, կամուրջ մը կը հանդիսանայ Եւրոպայի ու Ափրիկէի միջեւ։ Մալթայի բնակչութեան 98 տոկոսը կաթողիկէ է, իսկ 2 տոկոսը օրթոտոքս կամ մահմետական է։








All the contents on this site are copyrighted ©.