2010-02-16 13:08:09

2010 - Հայ կնոջ տարի


Հայ կինը որպէս դաստիարակ

Դաստիարակութիւնը, բառին լայն հասկացողութեամբ, հայ կնոջ կոչումին ա՛յլապէս կենսական տարածքներէն մէկը եղած է։ Եղիշէ Պատմիչ կը յիշէ թէ հինգերորդ դարուն Վարդանանց պատերազմի յաջորդող շրջանին, երբ Հայաստանի մէջ կը տիրէր վախ ու անորոշութիւն, Տիկնայք փափկասունք հայոց աշխարհի նուիրուեցան որբերու դաստիարակութեան վեհ գործին։ Անոնք հաւատացին թէ՝ հաւատքի ու հայրենիքին համար մղուած Վարդանանց պատերազմը շարունակելու համար անհրաժեշտ էր նո՛յն ոգիով ու տեսիլքով դաստիարակել նոր սերունդներ։ Հայ ժողովուրդի պատմութեան բոլո՛ր ժամանակներուն հայ կինը եղաւ ու մնաց նոր սերունդներու ամենէ՛ն յանձնառու դաստիարակը։ Արդարեւ, Կիլիկեան Թագաւորութեան անկումէն յետոյ մեր պատմութեան խաւար դարերուն, ո՞վ հայու ինքնութիւնը պահեց բիւրեղ մեր զաւակներուն կեանքին մէջ։ Տէր Զօրի աւազներուն վրայ ո՞վ Ա.Բ.Գ.ը սորվեցուց բազմահազար որբերուն։ Սփիւռքի տժգոյն պայմաններուն մէջ ո՞վ մարդակերտումի ու հայակերտումի հաւատարիմ առաքեալը դարձաւ, եթէ ոչ հայ կինը։








All the contents on this site are copyrighted ©.