2010-02-15 13:08:32

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Երկուշաբթի 15 փետրուար 2010, Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Իրլանտայի եպիսկոպոսները։

Նախապէս առաւօտեան ժամը 8-ին , իրլանտայի եպիսկոպոսները համապատարագեցին Վատիկանի պետական քարտուղարի նախագահութեամբ, Ս. Պետրոսի գերեզմանի մատրան մէջ։



Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւնը Հռոմի գարիթաս բարեեսիրական մամնի մէկ կեդոնը – Եկեղեցին կը սիրէ աղքատները եւ բնաւ զանոնք առանձին չի թողուր ըսաւ Սրբազան Հայրը , նոյնպէս հրաւիրեց պետական հաստատութիւնները գործելու աւելի արդար ու զօրավիգ ընկերութեան մը համար։



Կիրակի 14 Փետրուար 2010-ի առաւօտեան, Նորին Սրբութիւնը այցելեց Հռոմի ՜՜Գարիթաս՝՝ բարեսիրական կեդրոնը որ կը գտնուի մայրաքաղաքի գլխաւոր կայարանի կից։

Իր այս այցելութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ աղքատներուն, փախստականներուն եւ անօճախներուն հետ։

Հանդիպումին ներկայ էին, կարօտեալներուն օգնութեան հասնող բժիշկներն ու կամաւորները, որոնք ամէն օր վկայութիւն կու տան Եկեղեցւոյ ցուցաբերած հոգատարութեան կարօտեալ եղբայրներուն։

Սրբազան հայրը յոյսի ու քաջալերանքի խօսք մը ուղղեց անոնց։Պենետիկտոս ԺԶ. այս այցելութիւնը ՜՜Գարիթասի կեդրոն՝՝ կատարեց Եւրոպայի աղքատութեան դէմ պայքարի տարւոյն առթիւ։ Իր խօսքը ուղղելով պետական իշխանութիւններու, Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց զանոնք աշխատելու ՜՜կերտելու համար ընկերութիւն մը միշտ աւելի արդար ու միշտ աւելի զօրավիգ հանդէպ տկարներուն՝՝։

Եկեղեցին կը սիրէ աղքատները եւ զանոնք բնաւ առանձին պիտի չթողու։ Ան կը սիրէ զանոնք այնպէս ինչպէս որ են, ըսաւ Սրբազան Հայրը , ամէնուն յիշեցնելով թէ Աստուած շատ կը սիրէ աղքատները։








All the contents on this site are copyrighted ©.