2010-02-15 13:08:46

Ծիսական Ժամանակացոյց


Կիրակի 14 Փետրուարէն Շաբաթ 20 Փետրուար

Կիրակի 14 Փետրուար 2010 Բուն Բարեկենդան է Ադամի մուտքը դրախտին մէջ

Երկուշաբթի 15 Փետրուար հայ տօնացոյցին համաձայն սկիզբ կ՝առնէ Մեծ Պահքը Բակլախորան է եւ Օր Մոխրոց .

Օր Մոխրոցի նշանակութիւնը հին Կտակարանին մէջ

Ընթերցուած Յովնանու Մարգարէէ

Յովնան սկսաւ քաղաք մտնել մէկ օրուայ ճամբայ կտրեց, քարոզեց եւ ըսաւ. ՙԵրեք օրէնª Նինուէ քաղաքը պիտի կործանի՚: Նինուէացիները հաւատացին Աստուծոյ, պահք ու ծոմ պահեցին, քուրձ հագանª իրենց մեծամեծներէն մինչեւ ամենափոքրերը: Յովնանի խօսքը հասաւ մինչեւ Նինուէացիներու թագաւորին ականջը: Ինքն ալ իր գահէն ելաւ եւ հանեց իր պատմուճանը ու քուրձ հագնելովª մոխիրի վրայ նստաւ: Բոլոր մարդիկը եւ անասունները քուրձ հագան եւ ամբողջ սրտով աղաղակեցին առ Աստուած, եւ իրենց չար ճանապարհներէն դարձան: Աստուած տեսնելով որ անոնք դարձան իրենց չար ճանապարհներէն, գթաց անոնց վրայ ու զիրենք չպատժեց ինչպէս որ խոստացած էր ընել, եթէ անոնք իրենց ճանապարհներէն չդառնային:



Հայ եկեղեցւոյ աղօթքը օր մոխրոցին –

Տէր ողորմեա, Տէր ողորմեա, Տէր ողորմեա:

Ով ամենակալ Աստուած յաւիտենական, քաւէ եւ ներէ մեր մեղքերը, օրհնութիւնդ ղրկէ այս մոխիրին վրայ եւ զայն մաքրէ, որպէսզի ըլլայ փրկութեան դեղ անոնց որ երկիւղով քու սուրբ անունդ կ’արտասանեն, եւ խոնարհելով քու անոխակալ Տէրութեանդ առջեւª կը զղջան իրենց մեղքերուն վրայ: Ով մարդասէր Տէր, ըրէ որª անոնց վրայ որ այս մոխիրը ցանուիª ընդունին մեղքերու թողութիւն եւ հոգիի եւ մարմնի առողջութիւն. շնորհքներովը մեր Տիրոջª Յիսուս Քրիստոի, որուն կը վայելէ փառք, իշխանութիւն եւ պատիւ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն:

Աւագերէցը խունկ կը դնէ բուրվառին մէջ մինչ կ՝աղօթէ

Մոխիրը հացի պէս կերայ, եւ ըմպելիս արցունքներովս խառնեցի:

Ով Տէր, մտիկ ըրէ աղօթքիս, աղաղակս դէպի Քեզ թող բարձրանայ, երեսդ մի դարձներ ինձմէ:Օրերս ծուխի նման սպառեցան, եւ ոսկորներս խոտի պէս չորցան: Դուն կանգնելով պիտի գթաս Սիոնի վրայ, հասած է ժամանակը անոր վրայ գթալու:

Սարկաւագը կ՝աղօթէ

Ալէլուիա, ալէլուիա, ալէլուիա: Անօրէնութիւնք իմ բարձրացան քան զգլուխ իմ, եւ որպէս ծանր բեռն ծանրացան ի վերայ իմ:

Ով Տէր անոխակալ եւ երկայնամիտ, Դուն որ գթալով Նինուէացիներուն վրայ անոնց թողութիւն շնորհեցիր որովհետեւ խորգով եւ մոխիրով ապաշխարեցին, մեզի ալ շնորհէ, որ անոնց ապաշխարութիւնը կատարել յանձն առինք, մեր մեղքերու թողութեամբ անոնց հանդիպիլ քու ամենասուրբ Երրորդութեանդ փառքին մէջ, որուն կը վայելէ փառք, իշխանութիւն եւ պատիւ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն:Ապա քահանան օրհնեալ ջուր կը սրսկէ մոխիրին վրայ եւ ապա կը խնկարկէ: Որմէ ետք ալ այդ մոխիրէն կը ցանէ հաւատացեալներուն գլխուն վրայ ըսելով.

ՙՅիշէ, ով մարդ, որ հող էիր եւ հող պիտի դառնաս՚:

Օրուան աւետարանը Սուրբ Մատթէոսի գլուխ 11 ( 20-22)

Այն ատեն սկսաւ թշնամանել այն քաղաքներըª ուր տեղի ունեցան իր հրաշքներէն շատերը եւ որոնք սակայն չէին ապաշխարած: ՙՎա¯յ քեզի, Քորազի, վա¯յ քեզի, Բեդսայիդա: Եթէ Սիդոն եւ Տիւրոս կատարուած ըլլային այն հրաշքները, որոնք ձեր մէջ կատարուեցան, մինչեւ հիմա շատոնց ապաշխարած կ’ըլլային քուրձի եւ մոխիրի վրայ: Կ’ըսեմ ձեզի, դատաստանի օրը, Տիւրոս եւ Սիդոն նուազ խստութեամբ պիտի դատուին քան դուք՚:

Շաբաթ 20 Փետրուարին տօնն է Ս. Թէոդոս զինուորին։

Թէոդոս Ամսիոյ Սաբու գիւղէն՝ բարեպաշտ ծնողքի զաւակ. Մաքսիմիանոսի օրով կը պատկանէր զինուորներու այն կարգին որ կը կոչուէր դիռօն այսինքն ՜՜նորամուտ՝՝։ Օր մը իր ճամբորդութեան ընթացքին հանդիպեցաւ հսկայ վիշապի մը, զոր սպաննեց նիզակով եւ հաւատքով։ Յետոյ երբ յայտնուեցաւ քրիստոնէութիւնը քննութեան կանչուեցաւ, ան մեծ յանդգնութեամբ խոստովանեցաւ ստուգութիւնը, եւ բաց աստի գիշեր ատեն կրակի տուաւ մեծագոյն աստուածուհի Ռէայի մեհեանը։ Այս պատճառաւ սաստիկ գանակոծուելէ վեր բանտ նետուեցաւ, ուր երկնային տեսիլքի մխիթարութիւն ունեցաւ. կրկին հարցաքննութենէն վերջ այրեցին սուրբը 306-ին։ Եւսեբի անունով տիկին մը ամփոփեց անոր նշխարները իր տան մէջ որը յետոյ եկեղեցիի վերածուեցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.